Ճամբաբաժանի Պահն է

Մարի Մերտխանեան
Հարցումս այս գրառումը կարդացող նիկոլասէր, ոչ-նիկոլասէր, բայց նախկինախտով տառապող, ինչպէս նաեւ ոչ-նիկոլասէր, բայց իբր թէ քաղաքականութեամբ չզբաղողներուն է. Շարլ Միշէլի յայտարարութեան ծանօթացա՞ք:
Հասկցա՞ք, որ եթէ այդ կէտերը իրագործուին (եւ եթէ այս թրքասէր գործակատարը մնայ՝ պիտի իրագործէ) ուրեմն.
– Արցախի անկախութիւնը պիտի փոխարինուի «… «Ղարաբաղում էթնիկ հայ բնակչութեան իրաւունքները և անվտանգութիւնը» «ապահովելու» ալիեւի խոստումով: Ա՞ս էր ձեր կուռքի «Արցախը Հայաստան է եւ վե՛րջ» յայտարարութեան բովանդակութիւնը: Ա՞յս է ձեր ընտրած ապագան: Դուք կը հասկնա՞ք, թէ նշաձողը որքա՜ն իջեցուց եւ գետին դրաւ… Դուք կը հասկնա՞ք, թէ Արցախը ինչպէ՛ս ձե՛ր համամտութեամբ պիտի յանձնէ թուրքի երախին:
Ո՛չ, չէք հասկնար, որովհետեւ դուք կա՛մ չէք գիտեր «Արցախ»ի արժէքը, կա՛մ «ղարաբաղցի»ի ախտով կը տառապիք, կա՛մ թուրքի հետ կ՛ուզէք ապրիլ:
– Ըստ նոյն յայտարարութեան՝ «երկու երկրների «առաջնորդները» համաձայնել են, որ անհրաժեշտ է ապաշրջափակել տրանսպորտային ենթակառուցուածքները, ինչպէս նաև համաձայնեցրել են սկզբունքներ, ըստ որոնց՝ կանոնակարգուելու է հաղորդակցութիւնը «արևմտեան ադրբեջանից» դէպի Նախիջևան, ապա Ադրբեջանի տարածքով՝ Հայաստանի տարբեր հատուածներ»։
«Ատրպէյճանի տարածքով՝ Հայաստանի տարբեր հատուածներ»-ը հասկցա՞ք: Այսինքն՝ Ատրպէյճանի պահանջած ութը գիւղերն ալ պիտի յանձնուին եւ քանի որ ատոնք Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին մէջն են, պիտի «կանոնագարգուի» Հայաստանի մէկ շրջանէն միւսը անցնող ճամբու եւ ուղեւորի ընթացքը: Հասկցա՞ք: Ո՛չ, չհասկցաք, քանի որ ո՛չ այդ գիւղերու (ՀԱՅՐԵՆԻ ՀՈՂԻ), ո՛չ ալ այդ գիւղերու բնակիչներու ճակատագիրը ձեզ կը մտահոգէ: Կարեւորը՝ դուք ձեր տաք անկիւններուն մէջ հանգիստ ապրիք:
Ձեր անտարբերութեան, լռութեան եւ համամտութեան պատճառով Արցախի Հանրապետութիւնը կը կործանուի:
Ձեր նախկինախտի պատճառով Հայաստանի Հանրապետութիւնը փաստացի շրջափակման մէջ կը յայտնուի:
Մարդոց հանդէպ ատելութեան պարտուող ձեր տեսակին պատճառով շուտով Հայաստանի բանակը տը ֆակտօ կրնայ կազմալուծուիլ:
Մէկ խօսքով. ձեր «չհայ»-ու տեսակին պատճառով մէկ հայկականպետութիւն գրեթէ կործանուեցաւ, երկրորդը՝ նոյն ճամբուն վրայ է:
Ձեր արդարացումները այնքա՜ն անհեթեթ եւ ճղճիմ կը հնչեն հիմա, որ նոյնիսկ չեմ ուզեր նշել…
Դուք նոյնիսկ բողոքի ձայն բարձրացնելու պատրաստ չէք, ալ ինչո՞ւ ձեր հետ կը զրուցեմ:
Աստուած ձեզի հետ:
Մենք մեր պայքարը պիտի շարունակենք…:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.