ՂԱԶԱԽՍՏԱՆԻ ԻՐԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆՆԵՐՆ ՈՒ ԱՆՈՆՑ ԱՐԴԻՒՆՔԸ

Ղազախստանի մէջ կազի գիներու անակնկալ աճէն ետք, 2 յունուար 2022-ին ընթացք առին զանգուածային ցոյցեր, որոնք շուտով վերածուեցան անկարգութիւններու։ 227 անձեր սպանուեցան եւ ձերբակալուեցան աւելի քան 9900 ուրիշներ, որոնց շարքին օտարազգիներ։ Ցուցարարները, որոնց շարքին զինեալներ, յարձակում գործեցին պետական ու ենթակառոյցներու տարբեր կեդրոններու վրայ եւ յաջողեցան գրաւել անոնց քանի մը հատը։

Ղազախստանի նախագահ Քասիմ-Ժոմարթ Թոքայեւ 9 յունուարին յայտնեց, որ իր երկիրը «արտասահմանի մէջ մարզուած ահաբեկիչներու» կողմէ «զինեալ ներխուժման» ենթարկուած է` նշելով, որ միայն Ալմաթիի մէջ 20 հազար ահաբեկիչներ նկատուած են: Ան թուիթըրեան իր իրերայաջորդ գրառումներէն մէկուն մէջ նաեւ նշեց. «Աւազակախումբերու անդամներն ու ահաբեկիչները մարզուած են եւ լաւապէս կազմակերպուած, եւ կը ղեկավարուին յատուկ կեդրոնէ մը: Անոնցմէ ոմանք խօսեցան ոչ ղազախերէն լեզուներով: Ալմաթիի մէջ առնուազն ահաբեկիչներու կողմէ յարձակումներու վեց ալիքներ տեղի ունեցան, եւ անոնց (ահաբեկիչներուն) թիւը 20 հազարի կը հասնի»: «Իմ հիմնական տեսակէտովս` ահաբեկիչներուն հետ բանակցութիւնները բացառուած են, պէտք է զանոնք սպաննել», ընդգծեց Ղազախստանի նախագահը:

6 յունուարին, Թոքայեւի խնդրանքին վրայ ՀԱՊԿ-ն որոշեց Հաւաքական անվտանգութեան ուխտի 4-րդ կէտին հիմամբ խաղաղապահ ուժեր ուղարկել. կազմակերպութեան անդամ երկիրներէն, ներառեալ Հայաստանէն ուժեր մեկնեցան Ղազախստան։ 11 Յունուարին, Թոքայեւ յայտնեց, որ կարգ ու կանոնը վերահաստատուած է եւ ՀԱՊԿ-ի ուժերը 13 Յունուարին պիտի մեկնին երկրէն։ 19 յունուարին, խաղաղապահները տեղափոխող վերջին օդանաւները Ղազախստանէն մեկնեցան Ռուսիա։

Այստեղ կարելի չէ փակագիծ մը չբանալ եւ չանդրադառնալ հետեւեալին. Հայաստանի Հանրապետութեան Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան՝ անդրադառնալով այն հարցին, թէ ՀԱՊԿ-ի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահութեան ծիրին մէջ ինչու որոշում տրուած է ՀԱՊԿ-ի խաղաղապահ ուժեր ուղարկել,  տուաւ իրենց իշխանութեան պահպանման հարցով Հայաստանի ներկայ իշխանութիւններուն մտավախութիւններն ու մտադրութիւնները շատ յստակ կերպով արտայայտող բացատրութիւն մը. «ՀԱՊԿ-ի մեքանիզմները թերեւս պատմութեան մէջ առաջին անգամ աշխատցուցած ենք, ցոյց տուած ենք՝ ինչպէս պէտք է աշխատին։ Յոյս ունինք, որ հետագային, եթէ Հայաստանը նման կացութեան մէջ յայտնուի, համապատասխան օգնութիւն պիտի ստանայ»։ Այսպիսով Հայաստանի իշխանութիւնները հրապարակաւ ճշդեցին Ղազախստանի հարցի լուծումը դիւրացած ըլլալնուն գինը. հարկ ըլլալու պարագային ՀԱՊԿ-ի ուժերը օգտագործել ընդդիմութեան ու իրենց դէմ ըմբոստացող ժողովուրդին դէմ։ Անոնք կը մոռնան, սակայն, որ քաղաքականութեան մէջ ոչ ոք կը վճարէ՝ արդէն իսկ մատուցուած ծառայութեան համար։ Ինքզինք այդ պարագային մէջ դնողին միակ «վարձատրութիւնը» յոյսն է միայն։

Վերադառնալով մեր նիւթին՝ յատկանշական էր, որ Ղազախստանի մէջ բողոքի ցոյցերը սկսան 2 յունուարին՝ Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահներուն ժընեւեան վեհաժողովէն 8 օր առաջ։ Ուստի զարմանալի չէր, որ ռուսական կողմը այդ ցոյցերը նկատեց «Նարնջագոյն յեղափոխութեան» փորձ մը։ Ռուսիոյ Տումայի փոխնախագահ Պորիս Չեռնիշով ըսաւ, որ այդ երկրին մէջ ամէն ինչ կ’ընթանայ «Նարնջագոյն յեղափոխութեան» բեմագրութեամբ։ «Նախ՝ մարդիկ տնտեսական նկատառումներով (այս պարագային կազի սուղ գինը) հրապարակ հանելու պատճառ կը գտնեն։ Մարդիկ փողոց դուրս կու գան, կ’անցնի մէկ-երկու ժամ, եւ արդէն առաջին գիծի վրայ քաղաքական կարգախօսեր ու կոչեր կ’երեւին», ըսաւ ան։

Ղազախստանը թէ՛ ՀԱՊԿ-ին անդամ է, թէ՛ ալ Թրքական պետութիւններու կազմակերպութեան։ Իշխանափոխութեան պարագային Ղազախստանը դուրս պիտի գար ՀԱՊԿ-էն՝ իմա Ռուսիոյ ազդեցութենէն եւ Թուրքիոյ ճամբով մուտք պիտի գործէր ՕԹԱՆ-ի ազդեցութեան ոլորտ։ Այլ խօսքով՝ կատարուածը Ղազախստանի բազմաբեւեռ քաղաքականութիւնը՝ «եւ-եւ»-ը «կամ-կամ»-ով փոխարինելու փորձ մըն էր, որ յաջողեցաւ, սակայն ոչ կազմակերպիչներուն մտադրութեան համաձայն։ Ղազախստան ընտրեց Ռուսիան, որովհետեւ Թոքայեւի դիմեց ՀԱՊԿ-ին օժանդակութեան, ծրագիրը գլխիվայր շրջեցաւ եւ հարցը փակուեցաւ։

Թուրքիոյ նախկին վարչապետ եւ նախկին արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու վշտացաւ, երբ Ղազախստանը Հայաստանի ՀԱՊԿ-ին դիմեց եւ ոչ թէ՝ Թրքական պետութիւններու կազմակերպութեան։ «Ես խորապէս վշտացած եմ բարեկամ եւ եղբայրական Ղազախստանի մէջ` թրքական աշխարհի կեդրոնական երկրին մէջ, տեղի ունեցած վերջին զարգացումներէն: Մտահոգիչ է նաեւ այն, որ Ղազախստանը օգնութեան համար դիմած է Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան, որուն կը նախագահէ Հայաստանը», «Թուիթըր»-ի վրայ գրեց Տաւութօղլու: Անոր սրտնեղութիւնը, սակայն, անտեղի էր, որովհետեւ Ղազախստանի նախագահը բնականաբար յեղաշրջումի փորձը ձախողցնելու համար զայն կազմակերպողին պիտի չդիմէր։

Ճիշդ է, որ Թուրքիան Թրքական պետութիւններու կազմակերպութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու արտակարգ ժողով հրաւիրեց, սակայն արդէն ուշ էր. Թոքայեւի դիմումին հիմամբ՝ Ռուսիոյ արագ, ուժեղ եւ վճռական միջամտութեան շնորհիւ թրքական կողմը յայտնուեցաւ կատարուած իրողութեան առջեւ։

Ղազախստանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսէյ Պորոտաւքին ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի ընթացքին խօսելով հանրապետութեան մէջ տիրող կացութեան, անոր պատճառներուն եւ ՀԱՊԿ-ի ուժերու արձագանգին մասին յայտնեց, որ «դաւադիրները» ի վերջոյ պիտի չկարենան իրագործել իրենց ծրագիրը եւ «տապալել» Ղազախստանը, որովհետեւ առանցքային դեր խաղցած են Ղազախստանի նախագահ Թոքայեւի վճռական քայլերը: «Արդիւնաւէտ, թէեւ որոշ ուշացումով, ուժայինները սկսան դաւադիրներն ու ահաբեկիչները ետ մղել: Վերջապէս ՀԱՊԿ-ն ժամանակին օգնութեան հասաւ: Խաղաղապահ ուժերու զօրակազմի տեղակայման ծիրին մէջ կ’ուզեմ յատկապէս նշել, որ ՀԱՊԿ-ի անդամ երկիրներու ղեկավարները եւ մեր կազմակերպութիւնը բացառիկ համախմբուածութիւն դրսեւորած են: Չի կրնար հպարտութիւն չյառաջացնել այն գործունէութիւնը եւ արդիւնաւէտութիւնը, որով ՀԱՊԿ-ն ձեռնամուխ եղած է Ղազախստանի մէջ սահմանադրական կարգը վերականգնելու համար հանրապետութեան քաղաքական ղեկավարութեան կողմէ առաջադրուած գործնական խնդիրներու լուծման: Նախագահ Թոքայեւի` ՀԱՊԿ-ին ուղղուած ուղերձին եւ Նուր Սուլթանի եւ Ալմաթիի մէջ խաղաղապահներու առաջին օդանաւներու էջքին միջեւ քանի մը ժամ անցած է: «Անգամ մը եւս շեշտեմ` մեր թշնամիները պէտք չէ փորձեն ճակատագիրը: Ռուսիան հիմա 90-ականներու Ռուսիան չէ: Անոնք, որոնք պիտի փորձեն մեզ եւ մեր ընկերները խածնել, առանց ակռաներու պիտի մնան», ըսաւ Ռուսիոյ դեսպանը:

Յեղափոխութեան յաջողութեան պարագային Արեւմուտքը Ռուսիոյ հետ Ուքրանիոյ քանի մը քիլոմեթր երկարութեամբ ճակատին կողքին ստեղծած պիտի ըլլար քանի մը հազար քիլոմեթրնոց փանթրքական ճակատ մը։ Հետագային անկարգութիւնները հաւանաբար պիտի տարածուէին Խըրխըզիստանի եւ Ուզպեքիստանի մէջ։ Յիշենք, որ ամերիկեան նոր վարչակարգը իշխանութիւնը ստանձնելէն անմիջապէս ետք յայտարարած էր, որ Միջին Արեւելքէն հեռանալով իր ուշադրութիւնը պիտի կեդրոնացնէ Ռուսիոյ, Չինաստանի, ուստի եւ Կեդրոնական Ասիոյ վրայ։

Ռուսիոյ Ազատական-ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար Վլատիմիր Ժիրինովսքի «Թելեկրամ»-ի վրայ գրառում մը կատարելով յայտարարեց, որ Ղազախստանի մէջ բողոքի ցոյցերու բռնկումին պատճառներէն մէկը արտաքին ազդեցութիւնն է: «Արտաքին ազդեցութիւն. նախ` յարակից իսլամական երկիրներուն կողմէ, երկրորդ` ամերիկացիներուն համար ձեռնտու պիտի ըլլայ նոքաութի ենթարկել Կեդրոնական Ասիոյ մէջ Ռուսիոյ դաշնակիցներէն մէկը եւ օգնել այնտեղ գոնէ չէզոք վարչակարգի հաստատման, ինչպէս Հայաստանի կամ Մոլտովայի մէջ: Եւ շրջանը պիտի փակէին Ռուսիոյ դիմաց: Միայն անհրաժեշտ պիտի ըլլար փոխել Ուզպեքիստանի մէջ վարչակարգը, որպէսզի Ռուսիոյ ազդեցութիւնը վերջնականապէս տկարանայ», գրեց Ժիրինովսքի:

Ղազախստանի մէջ հարցը աւարտեցաւ յօգուտ Ռուսիոյ եւ Թուրքիան այժմ չի կրնար այնտեղ մրցիլ Ռուսիոյ հետ։ Թուրքիան ու անոր հովանաւորները Ղազախստանի բազմաբեւեռ քաղաքականութիւնը «կամ-կամ»-ով փոխարինելու փորձ կատարելով հաւասարակշռութիւնը խախտեցին ու կշիռը թեքեցին ի նպաստ Ռուսիոյ։ Թոքայեւ, պարզ է, որ անհունօրէն երախտապարտ պիտի ըլլայ իր փրկիչ Մոսկուային. Իրողութիւն մը, որ իր արձագանգը պիտի ունենայ Ղազախստանի արտաքին ու ներքին քաղաքականութեան ոլորտներուն մէջ։

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով 12 յունուարին Թրքական պետութիւններու կազմակերպութեան արտաքին գործոց նախարարներու առցանց հանդիպումին ընթացքին ունեցաւ զաւեշտական, սակայն նոյն ատեն թրքական կողմին կրած պարտութեան կշիռին ու պատճառած հիասթափութեան մասին վկայող արտայայտութիւն մը. ան նշեց, որ Ղազախստանը կ’ուզէ վերադառնալ սթաթիւս քօ անթէին, այսինքն վերադառնալ ՀԱՊԿ-ի ուժերու մուտքէն առաջ եղած աշխարհաքաղաքական իրավիճակին։ Ան անշուշտ «Ղազախստան կ’ուզէ» ըսելով՝ առանց որեւէ իրաւասութեան Ղազախստանի անունով խօսելով կ’արտայայտէր Ազրպէյճանի եւ ընդհանրապէս թրքական կողմի ցանկութիւնը։

Ձախողութիւնը այնքան մեծ ու հետեւանքը այնքան ցաւալի էր, որ Թուրքիոյ նախագահի օգնական Իհսան Շեներ իր ինքնազսպումը կորսնցնելով դատապարտեց ՀԱՊԿ-ի ուժերու Ղազախստան ներկայութիւնը զայն նկատելով «բռնագրաւում»։ Ան աւելցուց, որ Ղազախստան ազատագրուած է «խորհրդային ճնշումէն» , սակայն «որոշ ուժեր կրկին կը սպառնան զայն անմիաստ լուծի տակ դնել»։ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա հակադարձելով նշեց. «Մոսկուան կ’ակնկալէ, որ Թուրքիան ձեռնպահ պիտի մնայ Ղազախստանի վերաբերեալ չմտածուած յայտարարութիւններէն եւ պիտի չփորձէ «պղտոր ջուրի մէջ ձուկ որսալ»։ Շեներ անմիջապէս իր փսխածը ետ կլլեց՝ նշելով, որ զինք սխալ հասկցած են։

Ահա թրքական կողմին մօտ տիրող այս նոյն հոգեկան վիճակով կարելի է բացատրել Արցախի Հանրապետութեան եւ Հայաստանի Գեղարքունիքի մարզին մէջ Թուրքիոյ հովանաւորեալ եւ փանթուրանական նոյն երազները հետապնդող Ազրպէյճանի սադրանքները, ինչպէս նաեւ Արցախի մէջ ռուս խաղաղապահներուն նկատմամբ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի արտայայտած վերջին դժգոհութիւնները եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն ուղղուած սպառնալիքը։ ՀԱՊԿ-ի խաղաղապահներուն առաքելութեան աւարտէն ետք, Ալիեւ 14 յունուարին անակնկալ կերպով եւ 15 Դեկտեմբեր 2014-ի Նարնջագոյն յեղափոխութենէն ետք, առաջին անգամ ըլլալով այցելեց Քիեւ, ուր հանդիպում ունեցաւ Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքիի հետ։ Կարճատեւ այցելութիւնը Ղազախստանի իրադարձութեան եւ Ռուսիոյ ղեկավարութեամբ ՀԱՊԿ-ի դերակատարութեան աճին դիմաց ուքրանական խաղաքարտը խաղալու փորձ մըն է։

Եթէ Ռուսիան Ղազախստանի մէջ յեղափոխութեան յաջողութեան պարագային Ուքրանիոյ մէջ տկար դիրքի վրայ պիտի ըլլար, ապա Ղազախստանի մէջ արձանագրուած յաղթանակը եւ այդ թղթածրարի փակումը Ռուսիան կը դարձնեն աւելի ինքնավստահ եւ ուժեղ դիրքի վրայ։ Կեդրոնական Ասիոյ մէջ իրադարձութիւններու ոչ ի նպաստ Ռուսիոյ աւարտը՝ անվտանգութեան գետնի վրայ նաեւ իր ոչ հայանպաստ արձագանգը պիտի ունենար Հարաւային Կովկասի մէջ։ Ղազախստանի մէջ ՀԱՊԿ-ի արագ ու վճռական քայլով, եւ ատոր իբրեւ արդիւնք կազմակերպութեան դերին ու կշիռին ամրապնդմամբ՝ այդ վտանգը կանխարգիլուած է։

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.