Հ.Յ.Դ. Լ.Ե.Մ.ը Կը Դատապարտէ Հ.Ե.Մ.-ականներուն Վրայ Բանեցուած Ոստիկաններուն Բռնութիւնը

Հ.Յ.Դ. Լիբանանի երիտասարդական միութիւնը (ԼԵՄ) խստօրէն կը դատապարտէ Հ.Յ.Դ. Հայաստանի երիտասարդական միութեան` ազգային գաղափարախօսութեան եւ ազգային արժէքներու պահպանման առաջադրանքով կազմակերպած բողոքի նախաձեռնութիւններուն Հայաստանի ոստիկանութեան գործադրած անհամաչափ բռնութիւնն ու ուժով ցուցարարները ցրուելու գործողութիւնները։ Այս գործելաոճը ո՛չ ժողովրդավարական, եւ ոչ ալ մարդկային իրաւանց  արժեչափերուն համապատասխան ու ընդունելի է:

Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարին առաքելութիւնը, մեր համոզումով, հարկ է, որ ըլլայ իր հովանաւորած ոլորտի զարգացման գործընթացին մէջ ներառել նոյն ոլորտի հիմնական շահառուն՝ երիտասարդութիւնը։ Սակայն պարոն նախարարը նախընտրեց ոստիկանական մեծաթիւ ուժերով լռութեան պատ մը գոյացնել իր եւ բողոքի ահազանգ հնչեցնող, իր հայրենիքին ապագայով մտահոգ երիտասարդութեան միջեւ:

Հ.Յ.Դ. Լիբանանի երիտասարդական միութիւնը իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ ՀԵՄ-ի ընկերներուն` այսօր, աւելի քան երբեք, հաւատալով, որ ազգային, բայց միաժամանակ  յառաջադէմ կրթութիւնը երաշխիքն է ապագայի ուժեղ հայրենիքին:

Հ.Յ.Դ. Լիբանանի երիտասարդական միութիւն

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.