ՀՕՄ-ի Մոնթրէալի »Սօսէ» Մասնաճիւղի Տօնավաճառի Հասոյթը Պիտի Յատկացուի Ս. Յակոբ Ազգային վարժարանին

ՀՕՄ-ի Մոնթրէալի «Սօսէ» մասնաճիւղի տարեկան տօնավաճառի 60-ամեակ

 Տարբեր էր այս տարուայ ՀՕՄ-ի Մոնթրէալի «Սօսէ» մասնաճիւղի տարեկան տօնավաճառը.Մասնաճիւղի 60-րդ տօնավաճառն էր այս:

Վարչութիւնն ու իր յառաջացուցած տօնավաճառի յանձնախումբը, ընկերային յանձնախումբի հետ զուգահեռ, ամիսներ առաջ արդէն իսկ սկսած էին աշխատանքի:

Երկօրեայ տօնավաճառի բացման պաշտօնական արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Շաբաթ,12 Նոյեմբերի առաւօտեան, Հայ Կեդրոնի Հ.Մ.Ը.Մ.-Կամք «Հայկ Մարգարեան» մարզասրահէն ներս ՀՕՄ-ի քայլերգով: Ներկայ էին՝ Գերաշնորհ Սուրէն Արք. Գաթարոյեան, Հոգեշնորհ Տէր Յակոբ Վրդ. Եագուպեան, արժանապատիւ Տէր Գառնիկ Ա. քահանայ Գոյունեան, ՀՕՄ-ի կեդրոնական վարչութեան մօտ Գանատայի շրջանի ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Արմինէ Կարապետեան,  ՀՕՄ-ի Շրջ. վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Լուսին Փալանճեան եւ վարչական ընկերուհիներ, Լաւալի «Շուշի» մասնաճիւղի ատենապետուհի ընկհ. Նելլի Համալեան Պարսէմեան եւ վարչական ընկերուհիներ, քոյր միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ հիւրեր, որոնց կարգին էին, Քէպէք Նահանգի խորհրդարանի անդամ տիկին Սոնա Լախոյեան Օլիվիէ, Մոնթրէալի քաղաքապետարանի խորհուրդի անդամներ՝ ընկհ. Մարի Տերոս, ընկհ. Վանա Նազարեան եւ Տիկ. Էֆֆի Ճիանու։

«Սօսէ» մասնաճիւղի ատենապետուհի՝ ընկհ. Հուրի Զաքարեան բացման իր խօսքով, նախ բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, ապա յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց տօնավաճառի եւ ընկերային յանձնախումբերու անդամուհիներուն՝ իրենց անձնուիրութեան, համագործակցութեան եւ համերաշխ աշխատանքին, ի նպաստ տօնավաճառի յաջողութեան: Շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ բոլոր նուիրատուներուն, օժանդակներուն եւ կամաւորներուն, որոնք կը քաջալերեն ՀՕՄ-ի ձեռնարկները: Ընկերուհին դիտել տուաւ երիտասարդ ընկերուհիներու ներդրումը, որոնք փորձառու ընկերուհիներու կողքին աշխատեցան եւ սորվեցան անոնց փորձառութենէն այս հսկայ աշխատանքի ընթացքին: Շհորհակալական խօսք նաեւ Սբ. Յակոբ Ազգային Վարժարանի աշակերտներուն, ԳԵՄ-ի Լեւոն Շանթ եւ Բեկոր Աշոտ մասնաճիւղի ընկեր-ընկերուհիներուն եւ Հ.Մ.Ը.Մ. Կամքի սկաուտներուն, որոնք իրենց օգնութեամբ նպաստեցին ՀՕՄի ծրագրին:

Ընկերուհի Զաքարեան ներկայացուց տօնավաճառի կնքամայր ընկհ. Սիլվա Սայլիքի կենսագրականը եւ երկար տարիներու նուիրումն ու ներդրումը ՀՕՄ-ի մեծ ընտանիքին մէջ: Ընկհ. Սայլիք եղած է ՀՕՄ-ի Մոնթրէալի հիմնադիր առաջին վարչութեան անդամներէն մէկը եւ միշտ հաւատարիմ մնացած է Հայ Օգնութեան Միութեան նպատակներուն։ Տիկ. Սայլիք կատարեց ժապաւէնի հատումի արարողութիւնը:

Գերաշնորհ Սուրէն Արք.Գաթարոյեան փոխանցեց իր սրտի խօսքը եւ հայրական աղօթքով օրհնեց ներկաները: Սրբազանը բարձր գնահատեց նուիրեալ ՀՕՄ-ուհիներու զոհաբերութեան ոգին, միշտ պատրաստ օժանդակութեան ձեռք երկարելու եւ ծառայելու հոն ուր որ հարկաւոր է: Սրբազան հօր խօսքէն ետք տեղի ունեցաւ կարկանդակի հատումը:

Տօնավաճառը կ’ընդգրկէր զանազան կրպակներ, ինչպէս՝ հագուստեղէն, կաղանդի զարդարանքներ, կանացի զարդեղէններ, հայկական ձեռագործներ, Հայաստանեան արտադրութիւններ, Համազգային Մոնթրէալի «Սանահին» մասնաճիւղի գրադարանի գիրքեր, մրգեղէններ եւ զանազան տեսակի համեղ ճաշեր ու անուշեղէններ՝ պատրաստուած անդամներու եւ համակիրներու կողմէ:

Տօնավաճառի երկու օրերուն ընթացքին, մնայուն պաստառի վրայ ցուցադրուեցան ՀՕՄ-ի «Սօսէ» մասնաճիւղի արխիւներէն քաղուած 60 տարիներու տօնավաճառներու պատմութիւնը ներկայացնող  պատկերներ:

Ինչպէս սովորոյթ է, երկօրեայ սոյն տօնավաճառի հասոյթը ամբողջովին պիտի յատկացուի Մոնթրէալի Ս. Յակոբ Ազգ. վարժարանին, որուն համար բոլորին ճիգերը ի սպաս դրուեցան յաջողցնելու այս սրբազան նպատակը:

Վարձքերնիդ կատար հերոս ընկերուհիներ:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.