ՀՕՄը կը Ձեռնարկէ Լիբանանի Անմիջական Օժանդակութեան համար Նուիրահաւաք

Հոկտեմբեր 2019-ին սկիզբ առած Լիբանանի տնտեսական տագնապն ու քաղաքական անկայուն իրավիճակը մեծապէս ազդեցին Լիբանանահայութեան բնականոն կեանքին վրայ:

Հայ Օգնութեան Միութեան, Կեդրոնական Վարչութիւնը, լրջօրէն հետեւելով իրադարձութիւններուն, չէր կրնար ձեռնպահ մնալ, հետեւաբար, Նոյեմբեր 2019-ին 5,000 ԱՄՆ տոլար տրամադրեց Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչին (ԼՕԽ) տեղական ծրագիրներու հետեւողական եւ անընդմէջ ընթացքը ապահովելու համար:

Սակայն, կացութիւնը կը շարունակէ բարդանալ, եւ օժանդակութեան խնդրանքով ԼՕԽ-ի դիմող անհատներու քանակը օրէ օր կը բազմանայ: Կեդրոնական Վարչութիւնը եւս 10,000 ԱՄՆ տոլար տրամադրեց ԼՕԽ-ին եւ կոչ կ’ուղէ Ժողովուրդին մասնակցելու «Լիբանանի Անմիջական Օժանդակութիւն» խորագրով նուիրահաւաքին: Նուիրատուութիւններ պիտի յատկացուին հետեւեալ 3 ծրագիրներուն –

• Պնակ մը Կերակուր
Սոյն ծրագրին ընդմէջէն, նուիրատուներ կրնան հովանաւորել ճաշի մատուցումը գաղութի 150 անհատներու/կարիքաւորներու: Առ ի գիտութիւն, նոյն ԼՕԽ-ի ծրագիր է՝ որ տարիներէ ի վեր շաբաթը 2 օր տաք ճաշ կը մատուցէ կեդրոնէն ներս: Ցարդ տիրող պայմաններուն տակ, 2 օրը նուազած է 1 օրուայ: Կեդրոնական Վարչութիւնը, ներկայ անհրաժեշտութիւնը առաջնահերթ նկատելով, վերահաստատեց ԼՕԽ-ի Պնակ մը Կերակուրը շաբաթական 2 օր մատուցելու նախկին ընթացքը:

Գումար՝ 500 ԱՄՆ տոլար/օրական 150 անհատներու (նկատի ունենալ 1000 ԱՄՆ՝ շաբաթը երկու օրուայ համար):

• Գոյատեւման Պիտոյքներ
Սոյն ծրագրին ընդմէջէն, կարիքաւորներու՝ (որոնք արդէն ԼՕԽ-ին կ՛ապաւինին իրենց օրական դեղորայքին եւ ուտելիքին համար) պիտի յատկացուի մէկ ամսուայ ուտեստեղէն, դեղորայք եւ բարեկեցիկ կեանք ապահովելու հիմնական պիտոյքներ:

Գումար՝ 250 ԱՄՆ տոլար

• Յոյսի Արկղ
Սոյն ծրագրին ընդմէջէն ընտանիքներու պիտի յատկացուի 1-ամսուայ ուտեստեղէն:
Գումար՝ 150 ԱՄՆ տոլար/իւրաքանչիւր ընտանիքի մէկ արկղ

Սրտաբուխ որեւէ նուիրատուութիւն ընդհանուր ֆոնտին օգտակար կրնայ հանդիսանալ: Կեդրոնական Վարչութիւնը, գործակցաբար ԼՕԽ-ին, սոյն նուիրատուութիւնները պիտի յատկացնէ հոն՝ ուր կարիքը անմիջական է:

Բոլորիս պարտականութիւնն է նեցուկ կանգնիլ Լիբանանահայութեան, օժանդակելու գաղութի մը՝ որ անցնող
տասնամեակներուն իր կառոյցներով, վարժարաններով, մշակութային կեդրոններով եւ կազմակերպութիւններով
եղաւ հայապահպանման տիտաններէն մին, մասնակցելով աշխարհասփիւռ ծրագիրներու բարօրութեան հայրենիքի
եւ սփիւռքի տարածքին:

Կոչ կ’ուղղենք հանրութեան օգնութեան ձեռք երկարելու Լիբանանահայ մեր հարազատներուն, որպէսզի կարենանք միասնաբար՝ կեանք մը փոխել եւ ժպիտ բերել հայ մանուկին, պատանիին, երիտասարդին ու տարեցին:

Նուիրատուութիւններու կատարելու համար դիմել գաղութի ՀՕՄի Միաւորին կամ այցելել հետեւեալ կայքէջը՝ www.ars1910.org/give.

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.