«Հո­րի­զոն»ը ե՛ւ գիր ե՛ւ կեցուածք

ՄԱՐԻԱ ԳԱԲՐԻԷԼԵԱՆ

Արեւմտ­եան Հա­յաս­տա­նի շունչն ու բոյ­րը վե­րապ­րեց­նող սուր­ի­ա­հայ հա­մայն­քի վե­ցամ­եայ ար­հա­ւիր­քի օրե­րուն, հայ­րե­նի թէ աշ­խար­հաս­փիւռ մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րը թի­կունք կանգ­նե­ցան մե­զի: Իւ­րա­քան­չիւ­րը իր հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րու սահ­ման­նե­րուն մէջ ջանք չխ­նա­յեց նե­ցուկ դառ­նա­լու, ոմանք նիւ­թա­կան կա­րո­ղու­թիւն­նե­րով, ոմանք յա­րա­բե­րա­կան աշ­խա­տան­քով, ոմանք փր­կա­րար դե­րա­կա­տա­րու­թեամբ եւ ոմանք` գրի­չով:

Վեր­ջին տաս­նամ­եակ­նե­րուն հա­մա­ցան­ցի աշ­խար­հին մէջ ար­ձա­նագր­ուած հա­ղոր­դակ­ցա­կան նուա­ճում­նե­րուն շնոր­հիւ, հայ­կա­կան թեր­թե­րը աշ­խար­հաց­րիւ հա­յու­թիւնը կամր­ջե­լու կա­րե­ւոր դե­րա­կա­տա­րու­թիւն ու­նե­ցան: Յար­գան­քի ար­ժա­նի շարք մը լրատ­ուա­մի­ջոց­ներ, իրենց պար­կեշտ կեց­ուածք­նե­րով, ապա­տե­ղե­կա­տուու­թեան դէմ պայ­քա­րով, ճշ­մա­րիտ լու­րե­րու, հա­ղոր­դում­նե­րու ու տե­ղե­կու­թիւն­նե­րու տա­րած­ման աշ­խա­տան­քով եւ սուր­ի­ա­հա­յու­թեան շա­հե­րը պաշտ­պա­նող դիր­քե­րէն հան­դէս գա­լու բծախնդ­րու­թեամբ` Սուր­իոյ պա­տե­րազ­մին մե­ծա­պէս օգ­տա­կար դար­ձան սուր­ի­ա­հա­յու­թեան:

Երախ­տա­գի­տու­թեան ար­ժա­նի այդ թեր­թե­րէն է` Հ.Յ.Դ. Քա­նա­տա­յի Կեդ­րո­նա­կան Կո­մի­տէի պաշ­տօ­նա­թերթ «ՀՈ­ՐԻ­ԶՈՆ»ը:

«Հո­րի­զոն»ը Հա­լէ­պի եւ հա­լէ­պա­հա­յու­թեան վե­րա­բե­րող իր յօդ­ուած­նե­րով, լու­րե­րով, հա­ւա­սա­րակշռ­ուած քա­ղա­քա­կան վեր­լու­ծում­նե­րով օրի­նակ հան­դի­սա­ցաւ ընդ­հան­րա­պէս մա­մու­լի  եւ հայ մա­մու­լի մաս­նա­ւո­րա­պէս` սփիւռ­քի մէջ ստանձ­նած առա­քե­լու­թեան լա­ւա­գոյն ձե­ւով դր­սե­ւոր­ման:

«ՀՈ­ՐԻ­ԶՈՆ»ը հե­տաքրքր­ուե­ցաւ ոչ միայն Հա­լէ­պով եւ հա­լէ­պա­հա­յու­թեամբ, այ­լեւ Սուր­իոյ հա­յա­շատ տար­բեր նա­հանգ­նե­րու եւ քա­ղաք­նե­րու հա­յու­թեամբ, բայց մաս­նա­ւո­րա­պէս Քե­սա­պով եւ Տէր Զօ­րով:

Սուր­ի­ա­հա­յու­թեան վե­րա­բե­րող գրու­թիւն­նե­րը մնա­յուն ներ­կա­յու­թիւն էին անոր էջե­րուն վրայ: Շնոր­հիւ «ՀՈ­ՐԻ­ԶՈՆ»ի որ­դեգ­րած պար­կեշտ մա­մու­լի սկզ­բունք­նե­րուն` ճշ­մար­տա­ցիու­թեան, առար­կա­յա­կա­նու­թեան, անա­չա­ռու­թեան, ան «Գան­ձա­սար»ի կող­քին դար­ձաւ Սուր­իոյ եւ սուր­ի­ա­հա­յու­թեան մա­սին ստոյգ տե­ղե­կու­թիւն­նե­րու ամ­բա­րը: Յա­նուն ար­դա­րու­թեան ան  պայ­քա­րե­ցաւ Սուր­իոյ եւ սու­րի­ա­հա­յու­թեան վե­րա­բեր­եալ ուղ­ղա­միտ, ան­կողմ­նա­կալ, հայ­կա­կան շա­հե­րէ մեկ­նող լու­րե­րու փո­խա­րէն` իրա­կա­նու­թիւն­նե­րը խե­ղա­թիւ­րել փոր­ձող գրու­թիւն­նե­րուն դէմ:

«ՀՈ­ՐԻ­ԶՈՆ»ը գրեց Հա­լէ­պի հայ­կա­կան, ազ­գա­յին, միու­թե­նա­կան, կր­թա­կան ու մշա­կու­թա­յին կեան­քին մա­սին, անդ­րա­դար­ձաւ հա­յու­թեան կեն­ցա­ղա­յին դժ­ուա­րու­թիւն­նե­րուն, գրեց հայ զո­հե­րուն ու նա­հա­տակ­նե­րուն մա­սին, անդ­րա­դար­ձաւ քա­ղա­քա­կան կեան­քին եւ հա­յու­թեան հա­սած օժան­դա­կու­թիւն­նե­րուն: Աւե­տեց Հա­լէ­պի ան­կա­խու­թիւնն ու անվ­տան­գու­թեան վե­րա­հաս­տա­տու­մը եւ հա­լէ­պա­հա­յու­թեան յոյս ներշն­չող տո­ղեր խմ­բագ­րեց:

«ՀՈ­ՐԻ­ԶՈՆ»ի ար­դա­րա­միտ կեց­ուած­քը բնա­կա­նա­բար անն­կատ չմ­նաց Թուրք­իոյ կող­մէ: Հա­լէ­պի մէջ ահա­բեկ­չա­կան զին­եալ խմ­բա­ւո­րում­նե­րու կող­մէ` խա­ղաղ բնակ­չու­թեան դէմ մղ­ուած դա­ժան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու էութիւնը քօ­ղա­զերծ­ուի­լը` Քա­նա­տա­յի մէջ հրա­տա­րա­կուող հա­յա­վա­յել թեր­թի մը կող­մէ, մար­սե­լի չէր Թուրք­իոյ հա­մար եւ թր­քա­կան հար­ուա­ծը չու­շա­ցաւ` «ՀՈ­ՐԻ­ԶՈՆ»ը կայ­քա­հան եղաւ:

Սա­կայն ինչ փոյթ, ար­դա­րու­թեան ձայ­նը կա­րե­լի չէ խեղ­դել, «ՀՈ­ՐԻ­ԶՈՆ»ին ձայ­նը շա­րու­նա­կեց լսե­լի դառ­նալ ողջ աշ­խար­հին…

Սուր­ի­ա­հա­յու­թիւնը ընդ­միշտ պի­տի յի­շէ «ՀՈ­ՐԻ­ԶՈՆ»ի պատ­ուա­բեր կեց­ուած­քը իր ապ­րած տագ­նա­պին եւ ամէն ան­գամ, որ սե­րունդ­նե­րուն պի­տի բա­ցատ­րէ մա­մու­լի ճամ­բով հայ­րե­նա­կի­ցին ձեռք եր­կա­րե­լու մի­ջոց­նե­րուն մա­սին` «ՀՈ­ՐԻ­ԶՈՆ»ը օրի­նա­կ պի­տի վերց­նէ:

Ձեր վարձ­քը կա­տար սի­րե­լի խմ­բա­գիր եւ աշ­խա­տա­կից­ներ, թող «ՀՈ­ՐԻ­ԶՈՆ»ի հո­րի­զո­նը մնայ պայ­ծա­ռա­տես ու ար­դար, ձեր խմ­բագ­րած էջե­րուն ընդ­մէ­ջէն ե՛ւ գիր, ե՛ւ կեց­ուածք կը կար­դանք:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.