ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Նախագահ Աունի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան երէկ այցելեցին Լիբանանի հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկրին քաղաքական բեմը յուզող հարցերը, երեսփոխանական ընտրութիւններուն մասին քաղաքական տարբեր ուժերուն արտայայտած տեսակէտները, ինչպէս նաեւ սուրիացի տեղահանուածներուն տագնապն ու Լիբանանի վրայ անոր ունեցած տնտեսական, ապահովական եւ ընկերային հետեւանքները:

Մեկնումի պահուն Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ նախագահ Աունի հետ քննարկած են նաեւ վարչական նշանակումներուն պարագային լիբանանահայութեան իրաւունքներուն վերաբերող հարցեր:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.