ՀՅԴ ԳԵՄ-ի «Լեւոն Շանթ – Բեկոր Աշոտ» մասնաճիւղի երիտասարդները մասնակցեցան Աֆրինի համար քիւրտերուն կազմակերպած ցոյցին

Շաբաթ, 24 Մարտ 2018-ին, Մոնթրէալի մէջ բողոքի ցոյց տեղի ունեցաւ Սուրիոյ Աֆրին քաղաքին մէջ Թուրքիոյ կատարած զինուորական գործողութիւններուն եւ բռնարարքներուն դէմ: Ցոյցը կազմակերպուած էր քրտական Fondation Kurde Du Quebec եւ Rojava Solidarité Montréal կազմակերպութիւններուն կողմէ, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին ՀՅԴ ԳԵՄ-ի «Լեւոն Շանթ – Բեկոր Աշոտ» մասնաճիւղի երիտասարդները՝ «Ո՛չ նոր ցեղասպանութիւններու» կարգախօսով:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.