ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէի յայտարարութիւնը

ՀՅԴ Գանատայի կառոյցը մօտէն կը հետեւի Հայաստանի մէջ կատարուող վերջին զարգացումներուն։

Ժողովրդային շարժումներն ու հանրահաւաքները ցոյց կու տան, որ մեր հայրենիքին մէջ ընկերային եւ հասարակական միջավայրի բարելաւումը օրուան հրատապ հարց է։

Երկրի զարգացման ուղղութեամբ արձանագրուած բազմաթիւ յաջողութիւններով եւ ձեռքբերումներով հանդերձ՝ այսօր գոյութիւն ունին պետականութեան առողջ դիմագիծը խաթարող շարք մը երեւոյթներ։

Այսօր պետութեան սրտին ընկերային խոց իբր կը յամենայ մնալ մենաշնորհային գործելաոճը։ Ամբողջութեամբ արմատախիլ չեն եղած պետութեան առողջ հիմերը կրծող փտախտի երեւոյթները։ Ժողովուրդի մէկ հսկայ զանգուածի կենսամակարդակը տակաւին կը յամենայ մնալ աղքատութեան տարրական չափանիշներէն ցած։  Վերոյիշեալ ախտորոշումներու համապատասխան լուծումներով միայն կարելի պիտի ըլլայ ամրապնդել մեր պետականութեան կռուանները եւ ապահովել դէպի ապագայ անոր առողջ երթը։

Մենք ողջունելի կը գտնենք հայրենի նորահաս սերունդի ներգրաւուածութիւնը քաղաքացիական շարժման մէջ։ ժողովրդավարական ձեւով բարեփոխումներու միտուած դրսևորումները աւելի  կ՚ամրապնդեն Հայաստանի ժողովրդավարական համակարգը եւ յաւելեալ թափ կու տան  դրական բարեփոխումներուն։

Բարձրօրէն կը գնահատենք ժողովրդային շարժման առաջնորդներուն և ոստիկանութեան զսպուածութիւնը՝ բախումներ չհրահրելու գծով։ Սակայն կը գիտակցինք նաեւ այն իրողութեան, որ բողոքի շարժումները պէտք չէ ընդգրկեն բռնութեան ձեւաչափեր։ Պէտք է յարգուին հանրապետութեան մէջ գործող եւ սահմանադրականօրէն ճշդուած օրէնքի սահմանները։

Նաեւ անհրաժեշտ է, որ թոյլ տրուի սահմանադրական բարեփոխումներուն իրենց բնական ընթացքը առնելու, ամրապնդելու համար ժողովրդավարական կարգերն ու համախումբ ղեկավարութիւնը։

Նոր կառավարութեան ծրագիրը, որ պիտի ներկայացուի խորհրդարանին, անհրաժեշտ է, որ պարունակէ ընկերային հաւասարութեան, ընկերային համերաշխութեան եւ իրողապէս փտածութեան դէմ պայքարի իրաւական հիմքերը։

Կը հաւատա՛նք, որ միայն ընդհանուր համախոհութեան եզրեր ու լուծումներ գտնելով է, որ այսօրուան ստեղծուած իրավիճակը բարւոք հանգուցալուծման կը յանգի:

Անհրաժեշտ է, որ Հանրապետութեան նախագահը, իր նոր իրաւասութիւններու կիրարկման ընթացքին, վեր մնայ քաղաքական վէճերէ, բոլոր կողմերը մէկտեղէ՝ գլխաւոր խնդիրներուն գործնական լուծումներ առաջադրելու համար։

Այսօր, Սփիւռքի թէ հայրենիքի մէջ, բազում զոհողութիւններով նուաճուած անկախութեան տէր կանգնելու առաջադրանքը՝ մեզ կը դնէ յաւելեալ պատասխանատուութիւններու դէմ յանդիման: Ամրագրենք մեր պետականութիւնը, որովհետեւ, ի վերջոյ ներկայ հանրապետութիւնն է Հայ Դատի կենսագործման ապագայ կռուանը, որուն վիճակուած է միաձոյլ դրօշի տակ համախմբել մայր Հայրենիքի, Մայր Հայաստանի բեկորները։

ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէ

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.