ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական Միութեան 45-րդ Պատգամաւորական Ժողովի Հաղորդագրութիւն

12-13 Օգոստոս 2017-ին, Լաւալի Հայ Կեդրոնի «Պարոնեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ ՀՅԴ ԳԵՄ-ի (Գանատայի Երիտասարդական Միութիւն) 45-րդ Պատգամաւորական Ժողովը: Ժողովին ներկայ կը գտնուէին ընթացաւարտ Կեդրոնական Վարչութեան անդամները եւ Օնթարիոյի, Քեպեքի եւ զանազան շրջաններէն ժամանած 29 պատգամաւորներ: Ժողովին նաեւ իրենց մասնակցութիւնը բերին ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէի, Մոնթրէալի ՀՅԴ «Միհրան Փափազեան» կոմիտէի, Լաւալի ՀՅԴ «Սարգիս Զէյթլեան» կոմիտէի, ՀՅԴ Գանատայի Պատանեկան Միութեան Վարիչ Մարմնի, ՀՄԸՄ-ի Գանատայի Շրջանային Վարչութեան եւ ուղեկից այլ միութեանց ներկայացուցիչները:

Երկօրեայ ժողովի ընթացքին, ժողովականները մանրամասնօրէն քննարկեցին եւ արժեւորեցին միութեան անցնող տարեշրջանի բազմաշերտ գործունէութիւնը ու ճշդեցին միութեան յառաջիկայ տարեշրջանի ծրագիրներն ու նպատակները։

Պատգամաւորական Ժողովի քննարկման գլխաւոր նիւթերն էին ԳԵՄ-ի կազմակերպած Վանաձորի Ամառնային Ճամբարը, «Արծիւ» պաշտօնաթերթի հրատարակութիւնը, Հայ Դատի վերաբերեալ ԳԵՄ-ի քաղաքական եւ դաստիարակչական գործունէութիւնը, գաղութի երիտասարդութեան քաղաքականացումը և քարոզչութեան համար գիտարուեստի կապակցութեամբ միութեան ռազմավարութիւնը:

Ժողովը հաստատեց, որ հակառակ այն իրողութեան, որ ԳԵՄ-ը կը դիմագրաւէ շարք մը մարտահրաւէրներ, միութեան ընդհանուր գործունէութիւնը կը շարունակէ արձանագրել աճ ու վերելք, որ իր կարգին կ՚արժանանայ համայնքի բարձր գնահատանքին ու ակնածանքին։

Ժողովը հաստատեց, որ հայրենիքի մէջ միութեան իրագործած գլխաւոր ծրագիրն է Վանաձորի ամառնային դաստիարակչական Ճամբարը, որ կը համախմբէ եւ կը դաստիարակէ երեք հարիւրէ աւելի պատանիներ, որոնք ազգային-կուսակցական դաստիարակութեան կողքին կը ստանան անգլերէնի, Հայոց պատմութեան եւ համակարգիչի դասընթացքներ միութեան կամաւորներուն կողմէ: Նկատի ունենալով անցնող եօթը տաարիներու ընթացքին ճամբարի արձանագրած նուաճումները, ժողովը քննարկեց եւ առաջադրեց ընդլայնել Ճամբարի ծրագիրը։

Քարոզչական գետնի վրայ «Արծիւ» պաշտօնաթերթը գանատահայ երիտասարդութեան աւելի հասանելի դարձնելու համար՝ ժողովը թերթը տարածելու եւ սփռելու նոր միջոցներ որդեգրելու առաջարկներ կատարեց:

Միութեան քաղաքական ծրագրին գծով, ժողովը առաջարկներ կատարեց Արցախեան հիմնահարցի առնչութեամբ եւ որոշեց ամրապնդել միութեան նիւթաբարոյական աջակցութիւնը Արցախեան Ազատամարտիկներու Ֆոնտին եւ շարք մը այլ ծրագիրներու:

Երկօրեայ նիստերու աւարտին, ժողովը ընտրեց 2017-2018 տարեշրջանի ՀՅԴ ԳԵՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան նոր կազմը:

ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական Միութեան 45-րդ Պատգամաւորական Ժողով

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.