ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական միութեան յայտարարութիւնը

ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական Միութիւնը խստօրէն կը դատապարտէ ՀՅԴ Հոլանտայի «Գարեգին Նժդեհ» երիտասարդական Միութեան անդամ Սիւնէ Աբրահամեանի Հայաստան մուտքը արգիլելու ՀՀ իշխանութեանց անարդար քայլը։

Այսօր, Արցախեան պատերազմէն երկու տարի ետք, Դաշնակցական երիտասարդական կառոյցներու աշխարհահայեացքը՝ Արցախը, Սիւնիքը եւ հայրենիքն են եւ այդ ուղղութեամբ, մեր կենսագործունէութիւնը խափանելու ազգադաւ իշխանութեանց կողմէ դաւադիր հարուած է այս գործելաոճը, որուն պատճառով կը տուժէ մեր հայրենիքն ու պետականութիւնը։

Սփիւռքի երիտասարդական մեր կառոյցներու դէպի հայրենիք նետուած կամուրջները քանդելու փաշինեանական վարչակարգի այս գործընթացը կը միտի հարուած հասցնել մեր երիտասարդական կազմակերպութեան ներուժին եւ կարողականութեան: Մեր Դաշնակցականի հոգեկերտուածքը խորտակելու որեւէ փորձ դատապարտուած է միայն եւ միայն ձախողութեան։

Քաղաքական իրենց ճղճիմութիւնը դրսեւորող նման բռնամիջոցներով՝ այս իշխանութիւնները իրաւունք չունին խոչընդոտելու մեր հայրենանուէր գործունէութիւնը հայրենի հողին վրայ։

Խստօրէն կը դատապարտենք Հ.Յ.Դաշնակցութեան երիտասարդական կառոյցը թիրախաւորելու ՀՀ իշխանութեանց վարքագիծը եւ անգամ մը եւս կը վերահաստատենք մեր ամբողջական կարելիութիւններով եւ կարողականութեամբ Հայաստանին ու Արցախին զօրակցելու մեր Դաշնակցականի յանձնառութիւնը։

ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական միութիւն

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.