ՀՅԴ Բիւրոյի տնտեսական հետազօտութիւններու գրասենեակը կը զգուշացնէ. ՀՀ կազամատակարարման համակարգի ճգնաժամը

Կարդա՛լ ՀՅԴ Բիւրոյի Տնտեսական Հետազօտութիւններու Գրասենեակի պատասխանատու՝ Ընկ. Սուրէն Պարսեանի վերլուծումը Հայաստանի կազամատակարարման հաստատութեան ֆինանսական աճող բացերուն մասին։

Կազամատակարարումը կենսական սուր խնդիր է Հայաստանի Հանրապետութեան լինելիութեան ապահովման տեսակէտէն։ Յատկապէս այն պատճառո՛վ ՝ որ անոր հայթայթման համար Հայաստանը լայն չափերով կախեալ է Ռուսաստանէն։ Ու նաև՝ Վրաստանէ՛ն կազի տեղափոխման ուղին երաշխաւորելու առումով։ Հետևաբար կազի մատակարարման գինը Մոսկուայի հետ բանակցելու գործը Հայաստանի արտաքին տնտեսական քաղաքականութեան մնայուն խնդիրներէն մէկն է։ Կազը մատչելի գիներով ՀՀ հասարակութեան հասանելի դարձնելու հրամայականը միւս վճռորոշ խնդիրն է Հայաստանի կառավարութեան համար։ Եւ այս երկու խնդիրներու ագցանին մէջն է, որ երևան կու գայ կազամատակարարումը ֆինանսաւորելու կնճռոտ հարցականը։

Իրականութիւնը այն է, որ այսօր մեծ բաց մը գոյութիւն ունի կազի ներածման (ներմուծման) գինին և կազը սպառողին վաճառելու ներքին գինին միջև։ Ընկ. Սուրէն Պարսեանի վերլուծումը յստակ ահազանգ մը կը պարունակէ։ Իշխանութիւնն ու պատկան կառոյցները պէտք է արմատական միջոցներու դիմեն այս մարզին մէջ ֆինանսական հաւասարակշռութիւնը անյապաղ վերահաստատելու համար։ Ընկ. Պարսեան կ՚ընէ շարք մը շահեկան և կարևոր առաջարկներ հարցի քննարկման օժանդակելու նպատակով։

Ասիկա այն իսկ բովանդակալից և օգտաւէտ երկխօսութիւնն է, որ անպայման պէտք է ծաւալի իշխանութեան և արտախորհրդարանական ընդդիմութեան (իմա՛ Դաշնակցութեան) միջև երկրի հարցերու հանգուցալուծման կենսական գործը առաջ տանելու նպատակին համար։ Իշխանութիւնը պէտք է դադրի ժխտական և «պաշտպանողական» դիրքերէ վերաբերուելէ ընդդիմութեան մայրուղիին մէջ ժամանակաւորապէս տեղ գրաւած Դաշնակցութեան հետ։ Մեր փոքր երկիրը պէտք ունի մեր ազգային միասնական ներուժի ամբողջական հաւաքագրման։ Եւ դուք — կամ որևէ քաղաքական ուժ առանձին առած — շատ հեռու էք այդ ամբողջութիւնը ըլլալէ։ Ամէն մէկ օր, որ կը ձգձգէք երկխօսութեան գործը, մեր երկիրն է, որ կը տուժէ և մեր ժողովուրդն է, որ կը վճարէ այդ ճակատագրական ձգձգման ծանր գինը։

Կարօ Արմենեան

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.