ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը ծաղկեպսակ զետեղեց Հալէպի հայկական թաղերու պաշտպանութեան հրամանատար նահատակ Ռաֆֆի Պչաքճեանի շիրիմին

«Գանձասար».- Հինգշաբթի, 8 Յունիսի առաւօտեան ժամը 10ին, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան այցելեց Հալէպի Ազգային գերեզմանատան մէջ գտնուող հայկական թաղերու պաշտպանութեան հրամանատար, նահատակ Ռաֆֆի Պչաքճեանի շիրիմը:

Մարգարեան ծաղկեպսակ զետեղեց եւ խունկ ու մոմ վառեց հալէպահայ նահատակին շիրիմին առջեւ՝ առ ի յարգանք անոր անմեռ յիշատակին:

Հալէպ գտնուած միջոցին, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը հանդիպում ունեցաւ տեղւոյն հայ համայնքի անդամներու հետ:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.