ՀՄԸՄ-ի ԺԲ. Պատգամաւորական Ընդհանուր Ժողովէն ընտրուած Կեդրոնական Վարչութիւնը 2019-2023 քառամեակի իր առաջին լիագումար նիստերը կատարեց Փարիզի մէջ

ՀՄԸՄ-ի ԺԲ. Պատգամաւորական Ընդհանուր Ժողովէն ընտրուած Կեդրոնական Վարչութիւնը 2019-2023 քառամեակի իր առաջին լիագումար նիստերը կատարեց Փարիզի մէջ, 6-7 Դեկտեմբեր 2019-ին։

Նիստերուն սկիզբը, Կեդրոնական Վարչութիւնը Պատգամաւորական Ընդհանուր Ժողովի որոշումներուն լոյսին տակ քննեց ՀՄԸՄ-ի դէմ ծառացած ներկայ մարտահրաւէրները եւ օրակարգի առանձին կէտերով արծարծեց միութեան սկաուտական, մարզական եւ երիտասարդական նորաստեղծ բաժանմունքին զարգացման միջոցները։

Կեդրոնական Վարչութիւնը ընդհանուր արժեւորումը կատարեց միութեան 111 մասնաճիւղերու իրավիճակին եւ հաստատեց, որ վերջին շրջանին ՀՄԸՄ նկատառելի յառաջդիմութիւն արձանագրած է Հայաստանի կազմակերպական իր ցանցին ընդլայնումով, Արցախի եւ Թիֆլիսի մասնաճիւղերուն հիմնադրութեամբ եւ Մոսկուայի ու շրջակայ արուարձաններուն մէջ ծաւալած աշխատանքներուն աշխուժացումով։

Կազմակերպական օրակարգով, Կեդրոնական Վարչութիւնը շեշտեց Եւրոպայի եւ նախկին Խ. Միութեան նորակազմ հայ համայնքներուն մէջ ՀՄԸՄ-ի գործունէութեան ծաւալման հրատապ անհրաժեշտութիւնը՝ համախմբելու եւ փրկելու համար տեղւոյն երիտասարդութիւնը ձուլման անմիջական վտանգէն։ Կեդրոնական Վարչութիւնը որոշեց շարունակել Մ. Նահանգներու եւ Գանատայի գլխաւոր քաղաքներու կողքին՝ հեռաւոր ու փոքրաթիւ համայնքներուն հասնելու իր ճիգերը՝ կազմակերպական ժամանակակից մօտեցումներով եւ կառուցային համապատասխան պատշաճեցումներով։ Միջին Արեւելքի պարագային, Կեդրոնական Վարչութիւնը որոշեց թափ տալ շրջանային մարզախաղերու եւ միջ-վարչական աշխատանքներու կազմակերպման՝ մասնաճիւղերը աւելի յաճախ քով-քովի բերելու եւ համայնքներու կենսունակութեան նպաստելու համար։

Կեդրոնական Վարչութիւնը վերականգնեց քոյր մասնաճիւղերու դրութիւնը՝ թելադրելով չբաւարարուիլ միայն Հայաստան-Սփիւռք քոյր մասնաճիւղերու հռչակումով, այլ՝ անհրաժեշտութեան պարագային քոյր մասնաճիւղեր հռչակելով սփիւռքեան իրարմէ հեռու համայնքներու մէջ գործող իր մասնաճիւղերը։

Լիագումար նիստերու կարեւոր մէկ բաժինով, Կեդրոնական Վարչութիւնը քննեց միութեան դաստիարակչական ծրագիրներու, սկաուտական գիրքերու եւ մարզական կանոնագրութեան վերամշակման հրամայականը։ Ճշդուեցան ընդհանուր ուղղութիւններ եւ պայմանաժամներ վերատեսութեան ենթարկելու ՀՄԸՄ-ական մարդու կազմաւորման աւանդական ծրագիրներն ու մեթոտները։ Որոշուեցաւ վերամշակումի ենթարկել նաեւ միութեան ժողովավարական կանոնները, շքանշաններու կանոնագրութիւնը եւ փրոթոքալային ուղեցոյցը։

Կեդրոնական Վարչութիւնը յատուկ ուշադրութեամբ քննեց միութեան նորաստեղծ երիտասարդական բաժանմունքին ստեղծման քայլերը եւ հաստատեց, որ բաժանմունքը պիտի համախմբէ ՀՄԸՄ-ական նախկին սկաուտներն ու մարզիկները, որոնք կը փափաքին միութենական իրենց աշխատանքները շարունակել այլազան բնագաւառներու ճամբով։ Կեդրոնական Վարչութիւնը որոշեց մինչեւ մէկ տարի պատրաստել բաժանմունքին աշխատանքային ուղեցոյցը եւ փորձարկել զայն մինչեւ յաջորդ Պատագամաւորական Ընդհանուր Ժողով։

Կեդրոնական Վարչութիւնը անդրադարձաւ միութեան քարոզչական, տեղեկատուական եւ արհեստագիտական մարզերուն ընդհանուր իրավիճակին եւ անհրաժեշտ գտաւ ժամանակակից ու արդիական մօտեցումներով հասնիլ երիտասարդական աւելի լայն շերտերու եւ հայկական կազմակերպ համայնքներէ հեռու մնացող աշխարհասփիւռ հայերու։ Առ այդ, ան անհրաժեշտ գտաւ «Մարզիկ» պաշտօնաթերթը տպագիրի կողքին համացանցային տարբերակով ներկայացնել, ՀՄԸՄ-ի Application մը ունենալ, կայքէջի եւ ընկերային ցանցերու աւելի արդիւնաւէտ գործունէութեան ՀՄԸՄ-ական ուղեցոյց մը պատրաստել։

Քառամեայ իր ծրագիրներու յաջողութեան համար, Կեդրոնական Վարչութիւնը սերտեց միութեան նիւթական կարելիութիւններուն ընդլայման միջոցները՝ մօտակայ եւ հեռակայ ծրագիրներու մշակման ճամբով։

Լիագումարին քննարկումի նիւթ դարձան նաեւ միութեան թանգարանին, արխիւներուն, համացանցային վաճառատան (online shop), եկամտաբեր ֆոնտին (Endowment fund) կապուած հարցեր։

Երկօրեայ իր նիստերուն ընթացքին, Կեդրոնական Վարչութիւնը գնահատեց Լիբանանի ներկայ տագնապալի պայմաններուն մէջ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան եւ մասնաճիւղերուն արտակարգ ճիգերը՝ միութենական աշխատանքները անշեղ յանձնառութեամբ եւ կարելի աշխուժութեամբ շարունակելու՝ մնալով պատնէշի վրայ, յօգուտ համայնքին եւ ՀՄԸՄ-ի առաքելութեան կենսագործման։

Լիագումար իր նիստերու աւարտին, Կեդրոնական Վարչութիւնը, ՀՄԸՄ-Ֆրանսի վարչութեան եւ Ֆրանսայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Վահան Եպս. Յովհաննէսեանի ներկայութեամբ, հանդիպում մը ունեցաւ Իսի լէ Մուլինոյի քաղաքապետ Անտրէ Սանթինիի հետ՝ շնորհակալութիւն յայտնելու քաղաքին մէջ ՀՄԸՄ-ի մարզահամալիրի կառուցման իր բերած կարեւոր նպաստին համար։ Մարզահամալիրը պիտի ծառայէ Եւրոպայի համայն հայութեան եւ պատրաստ պիտի ըլլայ մինչեւ 2022-ի աւարտ։

Վերջապէս, Կեդրոնական Վարչութիւնը որոշեց 2019-2023 քառամեակին համար համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական իր գլխաւոր ձեռնարկները կատարել հետեւեալ ժամանակացոյցով.- 2020-ին՝ միջ-դիւանական Ժ. խորհրդաժողով եւ համա-ՀՄԸՄ-ական խմբապետական Ը. համագումար, 2021-ին՝ համա-ՀՄԸՄ-ական ԺԱ. մարզախաղեր, 2022-ին՝ համա-ՀՄԸՄ-ական ԺԲ. ընդհանուր բանակում, 2023-ին՝ երիտասարդական Բ. համագումար եւ Պատգամաւորական ԺԳ. Ընդհանուր Ժողով։

ՀՄԸՄ-Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.