ՀՀ Սփիւռքի Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Ընդունեց Սուրէն Արք. Քաթարոյեանը

Յունիս 20-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Մեծի տանն Կիլիկիոյ կարողիկոսութեան միաբան, Մոնրէալի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ հոգեւոր տեսուչ Սուրէն արք. Քաթարոյեանը:

Ողջունելով հիւրը` ՀՀ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան կարեւոր համարեց Սրբազան հօր ազգանուէր գործունէութիւնը, յատկապէս շեշտեց այն աշխատանքները, որ Սուրէն արք. Քաթարոյեան իրականացուցած է Հալէպի մէջ` 27  տարի շարունակ ըլլալով Հալէպի Բերիոյ թեմի առաջնորդը, եւ այսօր ալ շարունակելով իր ծառայութիւնը Հայրենիքին` որպէս Մոնրէալի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ հոգեւոր տեսուչ:

Հրանոյշ Յակոբեան Սուրէն արքեպիսկոպոսին ներկայացուց Սփիւռքի նախարարութեան կատարած աշխատանքներն ու իրականացուցած ծրագիրները, անդրադարձաւ  նոր ծրագիրներուն, «Հայրենիք-Սփիւռք» 6-րդ համաժողովի կազմակերպական աշխատանքներուն:

Սրբազան հայրը շնորհակալութիւն յայտնեցին ջերմ ընդունելութեան համար` աւելցնելով, որ իր կարողութեան սահմաններուն մէջ կը փորձէ  օգտակար ըլլալ համայնքին:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.