ՀՀ Սփիւռքի Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Ընդունեց Սուրէն Արք. Քաթարոյեանը
Յունիս 20-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Մեծի տանն Կիլիկիոյ կարողիկոսութեան միաբան, Մոնրէալի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ հոգեւոր տեսուչ Սուրէն արք. Քաթարոյեանը:
Ողջունելով հիւրը` ՀՀ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան կարեւոր համարեց Սրբազան հօր ազգանուէր գործունէութիւնը, յատկապէս շեշտեց այն աշխատանքները, որ Սուրէն արք. Քաթարոյեան իրականացուցած է Հալէպի մէջ` 27 տարի շարունակ ըլլալով Հալէպի Բերիոյ թեմի առաջնորդը, եւ այսօր ալ շարունակելով իր ծառայութիւնը Հայրենիքին` որպէս Մոնրէալի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ հոգեւոր տեսուչ:
Հրանոյշ Յակոբեան Սուրէն արքեպիսկոպոսին ներկայացուց Սփիւռքի նախարարութեան կատարած աշխատանքներն ու իրականացուցած ծրագիրները, անդրադարձաւ նոր ծրագիրներուն, «Հայրենիք-Սփիւռք» 6-րդ համաժողովի կազմակերպական աշխատանքներուն:
Սրբազան հայրը շնորհակալութիւն յայտնեցին ջերմ ընդունելութեան համար` աւելցնելով, որ իր կարողութեան սահմաններուն մէջ կը փորձէ օգտակար ըլլալ համայնքին: