Հարցազրոյց եգիպտական «Ալ Ահրամ» թերթի Ուաշինկթընի թղթակից Թովմաս Կորկիսեանի հետ

«Հարկ է մամուլին ապահովել մթնոլորտ, որ կը քաջալերէ կարծիքի ազատօրէն արտայայտումը եւ մտքերու փոխանակումը»

Գրող եւ լրագրող Թովմաս Կորկիսեան ծնած է Գահիրէ, Եգիպտոս, 1957-ին։ Նախնական ուսումը ստացած է «Գալուստեան» Ազգային վարժարանէն ներս։ Յաճախած է Գահիրէի համալսարանի Դեղագործական բաժանմունքը, ապա ստացած է լրագրութեան մագիստրոսի աստիճան Գահիրէի Ամերիկեան համալսարանէն։ Աւելի քան 40 տարի աշխատակցած է եգիպտական, արաբական, ամերիկեան, միջազգային եւ հայկական լրատուամիջոցներու՝ թերթերու, հեռուստակայաններու եւ ռատիոկայաններու։ Լրագրական առաջին փորձերը լոյս տեսած են Եգիպտոսի «Յուսաբեր»ին մէջ: Գրութիւններ ունի նաեւ «Հորիզոն»ի, «Հայրենիք»ի եւ «Ասպարէզ»ի մէջ։ Որպէս մասնագէտ միջին արեւելեան հարցերու եւ ամերիկեան արտաքին քաղաքականութեան, մասնակցած է  բազմաթիւ համագումարներու, հեռատեսիլի հարցազրոյցներու եւ այս ծիրէն ներս դասախօսութիւններ տուած է: 25 տարիէ ի վեր կ’ապրի Ուաշինկթըն եւ կ’աշխատակցի եգիպտական եւ արաբական արաբատառ եւ անգլիատառ  թերթերու։ Ներկայիս եգիպտական «Ալ Ահրամ» թերթի Ուաշինկթընի թղթակիցն է։ Ան արաբերէն երկու գիրք հրատարակած է՝ «Նման թռչուններ միասին կը թռչին» եւ «Սիրով լի են մեր սրտերը»:

Հ.- Պարո՛ն Թովմաս, վերջերս լոյս տեսած արաբերէն ձեր գիրքը՝ «Սիրով լի են մեր սրտերը», հետաքրքրական կը թուի արդէն իսկ իր խորագիրէն. կրնա՞ք մեր ընթերցողներուն հակիրճ գաղափար մը տալ ձեր այս հատորին բովանդակութեան մասին:

Թ.Կ.- Գիրքի գլխաւոր թեման սէրն է, գլխագիր սէրը, մեծ սէրը, խոր, անծայրածիր եւ անսահման սէրը հանդէպ կեանքի, հանդէպ մարդոց, հանդէպ մեր անմիջական շրջապատին, նաեւ մեր ապրումները, մեր յոյսերն եւ երազները։

Գիրքը կ’ընդգրկէ գրական նշմարներ, թիւով 18 հատ, որոնք կը ձգտին պարզ, յստակ ու հեզասահ ոճով ընթերցողին փոխանցել սէրը ապրելու եւ ըմբոշխնելու հաճոյքն ու գաղտնիքը։ Այս նշմարներուն մեծ մասը նախապէս հրատարակուած են եգիպտական նշանաւոր «Ալ Ահրամ» թերթի Ուրբաթօրեայ Գրական յաւելուածին մէջ եւ արժանացած են ընթերցողներուն համակրանքին։ Գիրքին նշանաբանն ու ուղին կեանքը ողջունելն է իր բոլոր մանրամասնութիւններով։ Աւելի՛ն՝ որոնել, գտնել եւ ընկալել այդ մանրամասնութիւնները։ Զանոնք համարել մեր կեանքին անժամանցելի եւ անփոխարինելի հարստութիւնը, թանկարժէք մղիչ ուժը եւ գործօնը մեր կեանքի արժեւորման եւ հոգեմտային բաւարարութեան։

Հ.- Յիշած էք, որ ձեր նշեալ գիրքին միջոցաւ մենք կը հանդիպինք ու կը հաղորդակցինք արաբական գրականութեան եւ արուեստի մեծագոյն դէմքերուն՝ Նէճիպ Մահֆուզին, Մահմուտ Տարուիշին, Ճպրան Խալիլ Ճպրանին եւ այլոց: Ինչպիսի՞ հաղորդակցութեան մասին է խօսքը:

Թ.Կ.- Այս գիրքին մէջ կը գտնենք, օրինակի համար, ներկան ըմբոշխնելու եւ ապագան տեսնելու հոգեմտային մարմաջը, որոնք յատուկ էին Նաճիպ Մահֆուզի, Ճպրան Խալիլ Ճպրանի եւ Մահմուտ Տարուիշի։ Ապրածդ գրելու եւ գրածդ ապրելու հաճոյքն ու ուրախութիւնը, որոնք յատուկ են  Փապլօ Ներուտայի, Հարուքի Մուրաքամիի եւ ուրիշներու։ Առկայ են նաեւ մեր երազներուն տէր կանգնելու կամքը, հացի սրբութիւնը եգիպտացիին մօտ եւ… ցա՛ւը կնոջ մօտ։ Այս գիրքի էջերուն մէջ ինծի կ’ընկերակցին ոչ միայն եգիպտացի կամ արաբ, այլեւ աշխարհի չորս ծագերէն գրողներ եւ արուեստագէտներ, որոնցմէ ոմանց հանդիպած եմ եւ զրուցելու առիթը ունեցած: Գիրքի էջերուն մէջ ներկայ են տարբեր ժողովուրդներու եւ մշակոյթներու հարստութիւնն ու նաեւ սերունդէ սերունդ փոխանցուած արժէքները։ Եւ ես այս բոլորը հարազատօրէն գրի կ’առնեմ եւ ի մի կը բերեմ. անոնք դիտանկիւն, կեցուածք եւ տեսլական կը ներկայացնեն հանդէպ մեր կեանքին, եւ մի՛շտ ի մտի ունիմ ընթերցողին փոխանցել ինչ որ մարդկային արժէք է եւ արժանի է յիշելու եւ յիշեցնելու։

Հ.- Ինչպիսի՞ ոճ որդեգրած էք ձեր պատումներուն մէջ. դուք կը յորդորէ՞ք, կը խրատէ՞ք ընթերցողը, թէ պարզապէս ձեր զգացումներուն հարազատ դրսեւորումը կը հանդիսանայ սոյն գիրքը:

Թ.Կ.- Ես քարոզիչ մը չեմ, այլ՝ հեքիաթասաց: Իմ հոգիս ու հաւատքս ներկայ են գրութիւններուս մէջ։ Կեանքը դիտող մը չեմ, այլ՝ ապրող, որ միշտ կը փնտռէ ու կը ձգտի գտնել նոր հեքիաթներ եւ նոր ձեւեր, նոր մոտեցումներ՝ հին հեքիաթները վերստին պատմելու ու հինով ոգեւորուելու եւ դէպի առաջ անցնելու։ Այստեղ կ’ուզեմ շեշտել, որ ոչ թէ պարզապէս հինն է փնտռածս ու պատմածս, այլ արժէքաւո՛ր հինը, ոչ թէ հինը ինչպէս որ է, այլ ինչպէս որ ե՛ս կը տեսնեմ, եւ այն հինը, զոր ե՛ս կ’ընտրեմ։ Նշեմ, որ ես հինի ու նորի հարց չունիմ, այլ՝ արժէքաւորին ու անարժէքին միջեւ զատորոշում եւ ընտրութիւն կը կատարեմ։ Հեշտ է անշուշտ նշել այս բոլորը, բայց ինչպէ՞ս կարելի է զանոնք իրականացնել։ Այս գիրքով ես կը փորձեմ ոչ թէ քարոզել, այլ ուղիներ ցոյց տալ, ճամբաներ ընտրել՝ խորապէս ապրելու եւ արժեւորելու մեր կեանքը։ Անվերջ ուղեւորութիւններ են ու տարբեր կայաններ, որոնք մեզ կը մղեն դիտելու մեր շուրջն ու մեր մէջը, եւ այդպիսով խորհելու, ըմբռնելու եւ հասկնալու մեր էութիւնն ու գոյութիւնը։

Հ.- Դուք նախապէս հրատարակած էք «Նման թռչուններ միասին կը թռչին» նոյնպէս արաբերէն հատորը: Ինչպէ՞ս կը բացատրէք գրելու եւ գիրք հրատարակելու ձեր մօտեցումը:

Թ.Կ.- Գորգ հիւսելու նման է գրելու մօտեցումս։ Տարբեր տեսակի եւ տարբեր գոյնի թելեր ի մի կը բերեմ, կը հիւսեմկը կազմեմ գորգը այլազան գոյներով եւ նախշերով։ Գիրքը խօսքի հոսք է։ Հոսք խոհերու, ապրումներու, յիշատակներու, ինչպէս նաեւ ստեղծագործելու, արուեստի, ժողովրդային մշակոյթի եւ պատմական հարստութեան։ Գիրքը այս ամէնը միասին խառնել, շաղել ու հիւսել է։ Ըսեմ, որ ես խաղողի հիւթ չէ որ կը մատուցեմ, այլ՝ գինի, ծաղիկի նեկտար չէ, այլ՝ մեղր։ Ի՛մ գինիս եւ ի՛մ մեղրս։

Նշեմ նաեւ, որ մտադրած եմ վերջին գիրքս հայերէնով հրատարակել. նպատակս է տեսնել ու գրի առնել այն ինչ որ համամարդկային է հայկականին մէջ, եւ ինչ որ հայկական է համամարդկայինին մէջ։

Հ.- 25 տարիէն աւելի է, որ դուք կը գործէք որպէս գրող եւ լրագրող, այսօր եւս դուք կաշխատակցիք եգիպտական եւ լիբանանեան արաբական լրատուամիջոցներու: Ըստ ձեր փորձառութեան, ինչպէ՞ս կարժեւորէք լրատուութեան ասպարէզը:

Թ.Կ.- Լրագրական իրավիճակը ներկայիս բարդ է բնորոշել։ Ընդհանուր առմամբ լաւ չէ, կրնանք ըսել, թէ մտահոգիչ է։ Փնտռտուքի մէջ ենք բոլորս։ Հրապարակման նոր միջոցներու տիրապետելու մարմաջը կամ հեւքը ուշ կամ կանուխ վերջ պիտի գտնէ, պէտք է վերջ գտնէ։ Բովանդակութիւնն է, էր եւ պիտի մնայ լրագրութեան ապրելու եւ իր դերը կատարելու գլխաւոր եւ անփոխարինելի գործօնը։ Լուրերու հեղեղով եւ կարծիքներու կուտակումով կարելի չէ ապահովել մամուլի գոյատեւում։ Մաղելու, ցորենը որոմէն զանազանելու, հասկցողը չհասկցողէն զատորոշելու եւ արժեւորելու մօտեցումները պէտք է կիրարկուին։ Հարկաւոր է նաեւ համոզուիլ, որ մամուլին պէտք է արհեստավարժ եւ արուեստավարժ տարրեր եւ առաւել եւս քաղաքականընկերային մթնոլորտ։ Մթնոլորտ, որ կարող է ապահովել գոյատեւումն ու բարգաւաճումը այդ մամուլին եւ աշխատակիցներուն։ Մթնոլորտ, որ կը քաջալերէ կարծիքի ազատօրէն արտայայտումը եւ մտքերու փոխանակումը։

Հարցազրոյցը վարեց

Սոնա Թիթիզեան

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.