Հանդիպումս` Ցեղասպանութեան Զարհուրանքի Երկունքով Ծնունդ Առած Հայկակ Վարուժանի Հետ

Արմէն, Հայկակ եւ Վերոնիքա Վարուժան

ՅԱԿՈԲ ՃԱՆՊԱԶԵԱՆ

Հրաւիրուած էի Մուսա Լերան հերոսամարտի 87-ամեակի տօնակատարութեան, Քալիֆորնիոյ Ֆրեզնօ քաղաքը:

Բանախօսութեանս աւարտին արտասանեցի Դանիէլ Վարուժանի բանաստեղծութիւններէն քառեակ մը եւ ահա ատիկա պատճառ դարձաւ խօսակիցէս անակնկալօրէն իմանալու հայ բանաստեղծութեան գագաթներէն` նահատակ բանաստեղծ Դանիէլ Վարուժանի որդիին` Հայկ Վարուժանի մասին, որ երկար տարիներէ ի վեր բնակութիւն հաստատած էր Միացեալ Նահանգներու Ֆրեզնօ քաղաքը: Հետաքրքրական եւ յուզախառն զգացումներով այդ բացառիկ առիթը մղեց զիս ծանօթանալու Հայկ Վարուժանի հետ եւ անոր աչքերուն ընդմէջէն հաղորդուելու հայոց մեծ բանաստեղծին` Դանիէլ Վարուժանի վեհութեան ու հանճարի ոգիին:

Նախօրօք ժամադրութեամբ, հանդիպումը տեղի պիտի ունենար Հայկ Վարուժանի Seleste West փողոցին վրայ գտնուող իր տան մէջ:

Երեկոյեան, կարծես` խօսակից մը ունենալու անհամբերութեամբ, դրան դիմացի պատշգամին վրայ կանգնած էր ալեհեր Հայկ Վարուժանը: Անխառն զգացումներու խռովայոյզ պահերը կը փոթորկէին ամբողջ ներաշխարհս, Հայոց ցեղասպանութեան զարհուրելի ժապաւէնը յետադարձ թռիչքով կը լեցնէր վայրկեանները, եւ մեզի կը թուէր, թէ մայրամուտի ցոլքերուն դիմացն էր կանգնած Մեծ Բանաստեղծը: Եթէ ապրած ըլլար Վարուժան, արդեօք հայոց գրականութիւնը ինչպիսի՞ փայլատակումներով եւ գրական գանձերով պիտի հարստանար եւ հարստացնէր ու ազնուացնէր գալիք սերունդներու մտքերն ու հոգիները:

Յուզական խոր զգացումներով եւ Վարուժանի «Կարօտի նամակը» էութեանս մէջ թաքնուած` ակնածանքով փաթթուեցայ Հայկ Վարուժանին, կանգնած մնացինք պահ մը լուռ, ապա հանդարտ քայլերով Ժիւլիեթն ու ես ուղղուեցանք ներս` արուեստագէտի մը տունը:

Արուեստի մթնոլորտը բնակարանը վերածած էր գեղանկարչական ցուցասրահի: Շուարած եւ երազային ազդեցութեան տակ` չէինք գիտեր ինչպէ՛ս սկսիլ մեր խօսակցութիւնը:

Գեղարուեստի պաստառներուն մասին գնահատանքի արտայայտութիւններուս քաղցր ժպիտով մը պատասխանեց Հայկը եւ աւելցուց. «Ես հօրս նման մեծ տաղանդի տէր բանաստեղծ չեմ կրցած ըլլալ, սակայն հօրմէս ինծի փոխանցուած արուեստի ժառանգն ու ճաշակը կրցած եմ արտայայտել Աստուծոյ արարչութեան գունագեղ տեսարաններու գեղանկարչական պաստառներու ճամբով»:

Մեր խօսակցութիւնը ծայր առաւ մտերմիկ մթնոլորտի մը մէջ` հարցազրոյցի ձեւով:

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Վստահաբար չես յիշեր հայրդ` Դանիէլ Վարուժանը, սակայն մօրմէդ եւ այլոց կողմէ լսած յիշատակելի դրուագներ ունի՞ս յիշողութեանդ մէջ:

ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Ինչպէ՞ս յիշեմ հայրս, սիրելի՛ս, արդէն 87 տարեկան եմ եւ տարիքս ցոյց կու տայ, որ հօրս նահատակութեան տարին ծնած եմ: Ինչ որ պիտի պատմեմ, մօրմէս լսած եւ անոր մասին կարդացած տեղեկութիւններու փշրանքներ են միայն: Արիւնարբու թուրք ժանտարմներու կողմէ հօրս սպանութենէն չորս ամիս ետք, զարհուրելի վայրկեաններ ապրած մօրս երկունքով ծնած եմ 12 օգոստոս 1915 թուականին, Պոլիս:

Անօթութեան եւ չքաւորութեան մատնուած թանկագին մայրս կը ստիպուի երկու մանչ զաւակները` Արմէնն ու զիս եւ մէկ հատիկ աղջիկը` Վերոնիքան, յանձնել որբանոցներու խնամքին: Չորս տարեկան պատանի հասակիս զուիցերիական բարեսիրական հաստատութեան որբանոցին խնամատարութեան տակ կը մնամ տասը տարի` անխառն յիշատակներով, նոյն տարիներուն հայոց գիրն ու լեզուն կը սորվեցնէ ինծի զուիցերիացի «Մայրիկը», անոր ջանքերով կը սորվիմ  մեր մայրենի լեզուն` հայերէնը, իսկ որպէս յիշատակ` կը պահեմ հօրս բանաստեղծական գործերու հրատարակութիւնները: Հոգիս լեցնող անոր պատկերալի բանաստեղծութիւններն ու գրութիւնները կը հպարտացնեն զիս, ու աւելիով կ՛ափսոսամ անոր անվերադարձ կորուստը` որպէս հայր եւ որպէս մտաւորական մեծ հայ:

Որբանոցին մէջ իմ սորված սահմանափակ հայերէնը դժբախտաբար բաւարար չէր հօրս բանաստեղծութիւններու հոգեկան ներաշխարհին մէջ խորանալու: Իսկ այդ,- ցոյց տալով պատէն կախուած շրջանակի մը մէջ տեղադրուած ծխամորճ մը,- հօրմէս մնացած միակ յիշատակի առարկան է, զոր կը պահեմ գուրգուրանքով` իր շրթներուն դպած որպէս հարազատի մասունք:

Հ.- Սիրելի՛ Հայկ, բնաւ մտածա՞ծ ես այդ ծխամորճը նուիրել Հայաստանի եւ կամ Անթիլիասի մայրավանքի գոյութիւն ունեցող թանգարաններէն մէկուն:

Պ.- Ո՛չ, այդ մէկը միակ եւ անփոխարինելի հարստութիւնս է հօրմէս մնացած որպէս ժառանգ. որոշած եմ փոխանցել զայն զաւակներուս:

Հ.- Սիրելի՛ Հայկ Վարուժան, ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս հասար Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ:

Պ.- Միացեալ Նահանգներ հաստատուած Ժիրայր Աբիկեանին հետ մօրս երկրորդ ամուսնութիւնը պատճառ դարձաւ ձգելու զուիցերիական որբանոցը եւ 1929 թուականին միանալու Նիւ Եորք բնակութիւն հաստատած մօրս, եղբօրս եւ սիրելի քրոջս: Մնացեալը անվերադարձ պատմութիւն է արդէն:

Հ.- Ինչպէ՞ս եւ ո՞ւր ծանօթացար կնոջդ` Ալիսին:

Պ.- Բ. Համաշխարհային պատերազմին զինուորագրուեցայ ամերիկեան բանակին, պատերազմի աւարտին ծանօթացայ ապագայ կնոջս` Ալիսին ու իր ծնողքին, աստուածային կարգադրութեամբ, կարծես, շուտով ամուսնացանք եւ 1941 թուականին միասին որոշեցինք հաստատուիլ Քալիֆորնիա` Ֆրեզնօ, որ բաղդատաբար հայաշատ քաղաք  մըն էր այդ օրերուն: Աստուածային նախախնամութեամբ նաեւ բախտաւորուեցանք երկու մանչ զաւակներով` Դաւիթ-Վարդան եւ Դանիէլ Վարուժան կրտսերով, ունիմ չորս թոռներ, որոնք դարձած են մեր հպարտութեան աղբիւրը եւ աչքի լոյսը:

Հ.- Սիրելի՛ Հայկ, ինչո՞վ զբաղած էք Ֆրեզնոյի մէջ:

Պ.- Աշխատած եմ որպէս երկրաչափ` մեծ ընկերութիւններու մէջ եւ ապա աշխատակցած եմ Fresno Bee-ին` քաղաքիս լաւագոյն օրաթերթին, 1958-էն մինչեւ 1986, զբաղած եմ գեղանկարչութեամբ, որ առիթը ունեցաք տեսնելու: Գեղանկարչական արուեստը սիրած եմ միշտ եւ կեանքս հարստացուցած եմ արուեստով:

Հ.- Արդեօք կը փափաքի՞ս տեսնել վերանկախացած Հայաստանը, ուր նաեւ կը գտնուի հօրդ անունով բարձրագոյն վարժարան մը Երեւանի մէջ:

Պ.- Ութսունական թուականներուն լուսահոգի կնոջս` Ալիսին հետ եղանք Հայաստան եւ գտնուեցանք հօրս` Դանիէլ Վարուժանի անուան բարձրագոյն վարժարանը,- ցոյց տալով հայաստանեան պարբերաթերթի մը մէջ տեղ գտած յօդուածի մը կողքին հօր` Դանիէլ Վարուժանի պրոնզեայ պատկառելի արձանին առջեւ իր եւ Ալիսին լուսանկարը:- Անշուշտ շատ պիտի փափաքէի կրկին տեսնել այս անգամ վերանկախացած հայրենիքը մեր, սակայն կամքէ անկախ մինակութիւնս ու ներկայ առողջական վիճակս թոյլ չեն տար, որ իրականանան այդ մեծ երազս ու փափաքս:

Հ.- Արդեօք երբեք մտածա՞ծ ես գեղանկարչական արուեստի գործերդ նուիրել հայկական կազմակերպութիւններու, միութիւններու եւ կամ վարժարաններու:

Պ.- Սիրելի՛ Յակոբ, ներկայիս կ՛ուզեմ պահել արուեստի գործերս, սակայն նախապէս կատարած խնդրանքիդ ընդառաջելով` այս գեղանկարը կ՛ուզեմ նուիրել Թորոնթոյի ՀՕՄ-ի վարժարանի աշակերտութեան,- ցոյց տալով պատէն կախուած շրջանակուած Cathedral Rock խորագրով մեծ եւ պատկառելի պաստառը: – Ձեր վարժարանին աշակերտները այս կրանիթեայ ապառաժին ընդմէջէն պիտի տեսնեն հայ ազգին վեհութիւնն ու կրանիթեայ տոկունութիւնը, պիտի տեսնեն հօրս` Դանիէլ Վարուժանի հայրենիքին եւ հայ գրականութեան հանդէպ ունեցած ապառաժեայ սէրն ու պաշտամունքը:

Յուզախառն եւ աննախադէպ յիշատակելի անակնկալ այս հանդիպումը երազի մը տեւողութեամբ կարծէք վերջ գտաւ: Գրկախառն` կրկին հանդիպելու մաղթանքով մը բաժնուեցանք եւ ըսինք «ի տեսութիւն շուտով»:

13 հոկտեմբեր 2002-ի առաւօտեան ժամը 2:00-ին տողերուս ծնունդ տուած յուզմունքը կը վերապրէի, երբ անակնկալ հեռաձայն մը խռովեց ամբողջ էութիւնս: Վերցուցի ընկալուչը, ընկերս էր` Ֆրեզնոյէն, որ կը գուժէր Ցեղասպանութեան երկունքով ծնունդ առած մեծ բանաստեղծ Դանիէլ Վարուժանի որդւոյն` «Հայկակի»` Հայկ Վարուժանի մահուան տխուր լուրը:

Թորոնթօ

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.