Հայրենիքի Փրկութեան Շարժումի Ցոյցերը Հետզհետէ Յաւելեալ Թափ Կը Հաւաքեն Բազմահազար Հայորդիներ Կը Միանան Փաշինեանի Հրաժարականի Պահանջին

երեքշաբթի, 15 դեկտեմբերին, քաղաքացիները «արժանապատուութեան երթ» կատարեցին` պահանջելով Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը: Երթը սկսաւ  Սասունցի Դաւիթի արձանին մօտակայքէն: Երթին մասնակիցները պարբերաբար կոչ ուղղեցին միանալու երթին, միանալու եւ ոչ ըսելու Նիկոլին: Անոնք կը վանկարկէին «Միացէ՛ք», «Նիկո՛լ, հեռացի՛ր», «Նիկո՛լ, դաւաճա՛ն», «Առանց Նիկոլ Հայաստան»: Երթին կը մասնակցէին բազմահազար քաղաքացիներ: Երեւանի փողոցներուն մէջ վարորդները ազդանշաններով կ՛ողջունէին երթին մասնակիցները:

Պարբերաբար յայտարարութիւններով հանդէս կու գային ընդդիմադիր կուսակցութիւններու ղեկավարներ, նախկին պաշտօնատարներ եւ անհատներ:

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան մասնաւորապէս կոչով դիմեց իրաւապահ համակարգի եւ ուժային կառոյցներու պաշտօնաթող եւ ծառայութեան մէջ գտնուող սպաներուն եւ յորդորեց չենթարկուիլ Նիկոլ Փաշինեանի ապօրինի հրահանգներուն:

Ես հիմա կ՛ուզեմ դիմել մեր այն քաղաքացիներուն, որոնք Արեւմտեան Հայաստանի սերունդի ժառանգորդներն են, յայտարարեց ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Արծուիկ Մինասեանը երթի ժամանակ:

«Կը դիմեմ յատկապէս այն քաղաքացիներուն, որոնք կը բնակին Ապարանի, Թալինի, Աշտարակի, Արարատի բոլոր այն շրջաններուն մէջ, ուր իրենց պապերը եկած եւ Հայաստանի մէջ կերտած են իրենց ապագան: Մեր պապերը հայրենիքի կարօտը իրենց հայեացքներուն մէջ հեռացան աշխարհէն, որպէսզի երբեք ոեւէ հայ այլեւս չկորսնցնէ հայրենիքը, որպէսզի մենք, ձեզի հետ միասին, վերատիրանանք մեր հողին: Եւ այսօր, երբ դաւաճանական գործողութիւններու պատճառով մենք կորսնցուցած ենք հայրենիք, հող եւ այդ գործողութիւններուն իբրեւ հետեւանք ունինք 5 հազարէ աւելի զոհեր, տասնեակ հազարէ աւելի վիրաւորներ, երբ այդ դաւաճանական գործողութիւններուն իբրեւ հետեւանք կոտրուած է հայու  ողնաշարը, ձեզմէ ոեւէ մէկը իրաւունք չունի պաշտպանելու դաւաճան Նիկոլ Փաշինեանը», ըսաւ Արծուիկ Մինասեան:

Ֆրանսայի հրապարակին վրայ տեղադրուած էր հարթակ մը, որուն շուրջ հաւաքուած էր ժողովուրդը: Հարթակին վրայ էին Հայրենիքի փրկութեան շարժման վարչապետի միասնական թեկնածու Վազգէն Մանուկեան, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան, Հայրենիք կուսակցութեան ղեկավար Արթուր Վանեցեան:

«Բոլոր արժանապատիւ հայերուն անունով կը զգուշացնեմ` Նիկո՛լ, հեռացի՛ր անցնցում ու փրկէ՛ հայրենիքը: Մենք միասին, շատ արագ, Նիկոլին, որ կառչած է իր աթոռին, պիտի քշենք կառավարական շէնքէն, եւ ան պատասխան պիտի տայ հայ ազգին: Ես բոլոր արժանապատիւ հայերուն անունով կը զգուշացնեմ` Նիկո՛լ, հեռացի՛ր անցնցում ու փրկէ՛ հայրենիքը», իր ելոյթին ընթացքին ըսաւ Արթուր Վանեցեան:

«Մենք պիտի յաղթենք` այդտեղ հարց չկայ: Մենք նորէն ոտքի պիտի կանգնինք, մենք հզօր ժողովուրդ ենք: Մենք հիմա իրարմէ հիասթափուած ենք, քիչ մը ընկճուած ենք, բայց մենք հզօր ժողովուրդ ենք, նորէն ոտքի պիտի կանգնինք եւ շրջանի ամէնէն հզօր պետութիւնը պիտի ըլլանք, ամէնէն ազդեցիկ պետութիւնը պիտի ըլլանք: Յաջորդ սերունդներուն համար պիտի ապահովենք բարեկեցիկ, երջանիկ կեանք», հարթակէն յայտարարեց Վազգէն Մանուկեան:

Երթի աւարտին ելոյթով հանդէս եկաւ Իշխան Սաղաթէլեան. «Քանի դեռ այդ ազգադաւը կը գտնուի վարչապետի պաշտօնին, մեր ժողովուրդին ու պետականութեան մէջքը ուղղել կարելի չէ: Նիկոլը հեռացնելէ ետք բոլորս միասին Աւստրալիայէն մինչեւ Մոսկուա, Թեհրանէն մինչեւ Լոս Անճելըս, բոլորս միասին պէտք է համախմբենք մեր ժողովուրդին ներուժը, որ լուծենք մեր առջեւ ծառացած խնդիրները: Հայ ժողովուրդը, հայ զինուորը, հայ սպան այս պատերազմին չեն պարտուած: Պարտուած է մէկ մարդ` Նիկոլ Փաշինեանը, զայն պէտք է հեռացնենք եւ շարժինք յառաջ», ըսաւ ան:

Իշխան Սաղաթէլեան յայտարարեց, որ երթը պիտի շարունակուի վաղը` (այսօր` չորեքշաբթի, 16 դեկտեմբերին, «Ա.») Երեւանի ժամանակացոյցով ժամը 17:00-ին, Գրիգոր Լուսաւորիչ փողոցէն (Կրկէսի շրջակայ հրապարակ):

 

 

 

 

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.