Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչում Գեմպրիճի մէջ

Կիրակի, 23 Ապրիլ 2017-ին Ս. Նշան եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ յատուկ յիշատակման պատարագ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն ի յիշատակ, մասնակցութեամբ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Հայր Յովհաննէս Սաղտըճեանի եւ Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ Վերապատուելի Յովհաննէս Սարմազեանի, որմէ ետք թափօրը ուղղուեցաւ դէպի Յուշարձան, ուր տեղի ունեցաւ յատուկ արարողութիւն:

Ապա ժամը երկուքին Հայ կեդրոնի սրահին մէջ պաշտօնական ձեռնարկին բացումը կատարեց Տաթեւ Գույումճեան, որմէ ետք բեմ բարձրացան ՀՕՄ-ի Շաբաթօրեայ վարժարանի աշակերտները, որոնք երգեցին Գանատայի եւ Հայաստանի քայլերգները:

Ձեռնարկի հանդիսավարուհին ներկայացուց օրուան պատգամաբեր համալսարանի դասախօս Dr. Henry Theriault-ը, որ իր խօսքին մէջ նախ անդրադարձաւ ցեղասպանութեան պատճառած հայութեան մարդկային եւ նիւթական վնասներուն, ապա շեշտեց պահանջատիրութեան եւ հատուցման կարեւորութիւնը: ԱՆ նշեց նաեւ, որ հայութիւնը այսօր աշխատանք կը տանի այլ ժողովուրդներու հետ, որոնք կրած են նման անիրաւութիւններ, հասցնելու համար հատուցման դատը միջազգային ատեաններ: Անկէ ետք խօսք առին քաղաքական հիւրերէն ոմանք՝ Harwan Tabbara՝ Mp Liberal Kitchener South-Hespeler, Kathryn McGarry՝ Mpp. Cambridge, որոնք կարդացին Գանատայի եւ Օնթարիոյի նահանգի վարչապետներուն խօսքերը այս առթիւ: Իսկ Harold Albrecht՝ Mp Kitchener-Conestoga եւ Bryan May՝ Mp Cambridge (Պահպանողական եւ Ազատական կուսակցութիւններէն) ներկայ չկրցան ըլլալ, սակայն իրենց խօսքերը փոխանցուեցան տեսերիզով:

Ձեռնարկին ներկայ էին նաեւ Raj Saini՝ Mp Kitchener Centre եւ քաղաքապետարանի ներկայացուցիչներ:

Ոգեկոչումը աւարտեցաւ Հայր Սուրբին արտասանած «Պահպանիչ»ով:

Կարպիս Հանէշեան

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.