Հայոց Ցեղասպանութեան Ժխտումը Քրէականացնելու Հարցը Ֆրանսայի Մէջ Կրկին Օրակարգի Վրայ Պիտի Բերուի

Ցուցահանդէսներ, դասախօսութիւններ, համերգներ, քննարկումներ. Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան եւ Մայիսեան հերոսամարտերու 100-ամեակին առիթով Ֆրանսայի մէջ բազմաթիւ ձեռնարկներ նախատեսուած են: «Արմէնփրես»-ի մամլոյ սրահին մէջ հրաւիրուած ասուլիսին ընթացքին, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահ Մուրատ Փափազեան նշեց, որ ձեռնարկները պիտի ընդգրկեն Ֆրանսայի տարբեր քաղաքները:

«Այս տարին նշանակալի է Հայաստանի համար, երկու կարեւոր իրադարձութիւններու 100-ամեակն է: Շատ լաւ առիթ է տեղեկատուական աշխատանք տանելու, որ միջազգային հանրութիւնը իրազեկ ըլլայ մեր պատմութեան այդ կարեւոր էջերուն մասին, թէ ինչպէ՛ս հայ ժողովուրդը 1915-ի ցեղասպանութենէն ետք կրցաւ 1918-ին ստեղծել պետականութիւն: Ես վստահ եմ, որ այդ տարիներու մեր պատմութեան էջերուն մասին Հայաստանի մէջ ալ շատ քաղաքացիներ անտեղեակ են, հետեւաբար լաւ առիթ է ներկայացնելու», ըսաւ Մուրատ Փափազեան:

Ան տեղեկացուց, որ աշխուժօրէն պիտի մասնակցին նաեւ նշուած առիթներով Հայաստանի մէջ սպասուող ձեռնարկներուն: Մայիս ամսուան աւարտին այդ առիթով Ֆրանսայէն Հայաստան պիտի հասնի մեծաթիւ ներկայացուցչական պատուիրակութիւն` Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարին գլխաւորութեամբ:

Յառաջիկային փաստաբանները պիտի սկսին աշխատիլ` Ֆրանսայի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնելու հարցը կրկին օրակարգ բերելու համար, նշեց Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահ Մուրատ Փափազեան:

«Մեր փաստաբանները տակաւին չեն սկսած աշխատանքը կառավարութեան փաստաբաններուն հետ: Ինչպէս գիտէք, Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդին կազմակերպած տարեկան ընթրիքին նախագահ Մաքրոնը կողմ արտայայտուեցաւ, որ այս գործընթացին նոր ընթացք տրուի: Նախագահը նաեւ իր համաձայնութիւնը տուաւ, որ ապրիլ 24-ը օրացոյցին մէջ ամրագրուի իբրեւ Հայոց ցեղասպանութեան օր: Մենք պէտք է կրկին երթանք այս պայքարին, բայց արդէն պէտք է այլ անկիւն մը գտնենք», ըսաւ Մուրատ Փափազեան:

Մուրատ Փափազեանի համաձայն, քանի որ ընտրութիւններէն ետք Ֆրանսայի խորհրդարանի երեսփոխաններուն զգալի մասը փոխուած է, հետեւաբար կ՛ենթադրուի աշխուժ աշխատանք խորհրդարանականներու հետ: Ան տեղեկացուց, որ հայ համայնքը արդէն սկսած է կապեր հաստատել անոնց հետ:

Տարուան ընթացքին այլ կարեւոր իրադարձութիւն մըն է Հայաստանի մէջ ֆրանսախօս երկիրներու վեհաժողովի կազմակերպումը, որուն պիտի մասնակցի Ֆրանսայի նախագահը:

«Մենք` իբրեւ սփիւռք, իբրեւ ֆրանսահայութիւն, պէտք է մեր դերակատարութիւնը ունենանք: Կը կարծեմ, որ այդ ձեռնարկին նաեւ քաղաքական բնոյթ պէտք է տալ, օգտագործել այդ առիթը եւ նոր դաշնակիցներ ունենալ: Յիշեցնենք, որ Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը չեն մասնակցիր», ըսաւ Մուրատ Փափազեան:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.