Հայաստան 20 միլիառ տոլարի նաւթ եւ կազ ունի՞. Ո՞վ կը խանգարէ անոնց արդիւնահանումը

Հայաստան նաւթ եւ կազ կայ, սակայն նախկին իշխանութիւնները չէին աճապարեր զայն արդիւնահանելու` թոյլ չտալով նաեւ միւսներուն զբաղելու անով:

նաւթի եւ կազի հանքաշերտեր յայտնաբերուած են Հայաստան, սակայն նախորդ իշխանութիւնները անոնց արդիւնահանման համար միշտ խոչընդոտներ ստեղծած են, Սփութնիք Արմենիայի մամուլի կեդոնին մէջ ըսաւ «Ինդեկրալ փեթրոլիում» ընկերութեան գլխաւոր տնօրէն Վաչական Պետրոսեան։

Անոր խօսքով` ընկերութիւնը իշխանութեան հետ կնքած պայմանագիրով 2012 թուականէն Հայաստան նաւթ եւ կազ կը փնտռէ։ Հաւաքուած եւ համակարգուած են աւելի կանուխ իրականացուած հետազօտութեան նիւթերն ու տուեալները։

Ե՛ւ նաւթ, ե՛ւ կազ յայտնաբերուած է

«Մեր գործողութիւնների արդիւնքում յայտնաբերուել է աշխատելու համար հեռանկարային 13 տարածք » ըսաւ Պետրոսեան։

Հետազօտութիւնները թոյլ տուած են Արմաւիրի մարզին մէջ (Հոկտեմբերեանի հանքավայր) հանքաշերտեր յայտնաբերել, որոշել անոնց սահմաններն ու խորութիւնը։ Նախնական գնահատականներով` 15 միլիառ խմ ծաւալ կայ։

Աւելի ուշ` 2016 թուականին, ընկերութիւնը սկսաւ նաւթ որոնել։ Յայտնաբերուեցան Սեւաբերդի եւ Հոկտեմբերեանի հանքավայրերը, այնուհետեւ եւս երկուքը` Շոռաղբիւրի եւ Մերձերեւանեան։ Արդիւնահանուող նաւթի պահեստները, ընկերութեան գնահատականներուն համաձայն, կը կազմեն 35.8 մլն. թոն եւ մօտ 250 մլն. տակառ։

«Մեր կողմից յայտնաբերուած կազի եւ նաւթի շահագործումը երկրին կարող է տալ շուրջ 20 միլիառ տոլար ընդհանուր արժողութեամբ վառելիք », ըսած է Պետրոսեան։

Արդիւնահանումը սկսելու պարագային ընկերութիւնը պատրաստ էր պետութեան փոխանցելու արդիւնահանուած նաւթի եւ կազի 50%–ը։

Իշխանութիւնները արհամարհեցին գտածոն

Չնայած այս հեռանկարին, իշխանութիւնները, մասնաւորապէս, էներգետիկայի նախարարութիւնը, հետաքրքրութիւն չցուցաբերեցին։

Ինչպէս պատմեց Պետրոսեան, 2016 թուականի Յունիսին ընկերութիւնը դիմեր է Սերժ Սարգսեանին, վերջինս խոստացեր էր օգնել։ Մէկ ամիս անց Պետրոսեանին զանգահարել է «Տաշիր» ընկերութեան ղեկավար Սամուէլ Կարապետեանն ու իր մասնագէտները ուղարկեր «Ինդեկրալ փեթրոլիումի» տուեալները ստուգելու համար։

Մասնագէտները հաստատեր են ծրագրին հեռանկարային ըլլալը։ Որուն արդիւնքով ընկերութիւնը պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերած է Կարապետեանի հետ հետագայ աշխատանքներու համար, սակայն շուտով բոլոր շփումները դադրած են։ Էներգետիկայի նախարարութիւնը, ըստ Պետրոսեանի, նոյնպէս սկսած է զերծ մնալ ընկերութեան ներկայացուցիչներուն հետ կապ հաստատելէ, սպասելով արտօնագրի ժամկէտի աւարտին։

Խոչընդոտ

Պետութիւնը «Ինդեկրալ փեթրոլիումին» չէ ներկայացուցած կազի հաշուարկային գինը, որ պէտք է հիմք ծառայեր պայմանագրին համար՝ արդիւնահանումը սկսելու պարագային։

«Ինդեկրալ Փեթրոլիում»ին գրաւոր կերպով դիմած է նախարար Աշոտ Մանուկեանին, վարչապետ Կարէն Կարապետեանին, նախագահ Սերժ Սարգսեանին` նշելով «կազպրոմ Արմենիայի» ցանցով կազի տեղափոխման արժէքը եւ նախագիծի տնտեսական հիմնաւորման համար արդիւնահանած կազի վաճառքի գինը որոշելու անհրաժեշտութիւնը: «Մեր դիմումները պարզապէս անտեսւում էին, թէեւ պահանջներ չեն ներկայացուել, եւ մենք միակ ընկերութիւնն էինք, որը Հայաստանում յաջողութեամբ ածխաջրածնի որոնումներ է իրականացնում», ըսած է Պետրոսեան։

Անոր խօսքով` անորոշութեան եւ պետութեան հետ համագործակցութեան բացակայութեան պայմաններուն տակ կազի հորատման աշխատանքներ իրականացնելը անհնար դարձան։

Դեկտեմբերին ընկերութիւնը դիմում ներկայացուց երկու տարիով արտօնագրին ժամկէտը երկարաձգելու համար` հետախուզումը շարունակելու ու նշուած հանքաշերտերու պահեստներու գնահատումը աւարտելու համար` նպատակ ունենալով անցնիլ ածխաջրածինի արդիւնահանման յաջորդ փուլին։

«Փաստաթղթերն ու հաշուետուութիւնները նոյնիսկ չէին ուսումնասիրուել եւ որեւէ փաստարկներ չէր ներկայացուել։ Շոռաղբիւրի պահուստների վերաբերեալ մեր գնահատականներն ու հաշուարկները նոյնպէս հրաժարուել էին ուսումնասիրե», ըսած է Պետրոսեան։

Շահերու բախում

Աւելի ուշ էներգետիկայի եւ բնական պաշարներու նախարար Աշոտ Մանուկեանը ապօրինի կերպով նաւթի եւ կազի հետախուզման իրաւունքը փոխանցեր է Սամուէլ Կարապետեանին պատկանող «ԷներկիոԻնվեսթ»ի վերահսկողութեանը, ուր Մանուկեանը մինչեւ նախարարի պաշտօնը ստանձնելը կը զբաղեցնէր գլխաւոր տնօրէնի պաշտօնը։

«Իրաւաբանական լեզուով ասած` նախարարը գործում էր շահերի ուղղակի բախման առկայութեան պարագայում, ինչն անթոյլատրելի է, էլ չասած տուեալ որոշման միւս հիմնական վիճայարոյց կէտերի մասին», ըսած է Պետրոսեան։

Յատուկ անոր համար 2017 թուականի Հոկտեմբերին գրանցուած էր «Հայկական նաւթի եւ կազի ընկերութիւն» ՍՊԸ–ն (Սահմանափակ Պատասխանատուութեամբ Ընկերութիւն), որ անոր խօսքով, «ԷներկիոԻնվեսթ»ի 100% դուստր ընկերութիւնն է։

Էներգետիկայի նախարարութեան երկրաբանական աշխատանքներու վերաբերեալ հաստատուած ծրագիրին համաձայն` 5 տարուան ընթացքին ընկերութիւնը նաւթահորերու հորատման եւ վառելանիւթի արդիւնահանման հետ կապուած որեւէ պատասխանատուութիւն չէ ստանձներ։

«Նաւթակազային ոլորտի համար նման մօտեցումն անմիտ է եւ ընդերքի օգտագործման նպատակի բացակայութիւն է ենթադրում։ Այդպիսով, ռեյդերական յարձակում է իրականացուել մեր կողմից մշակուած կարեւոր պետական նախագիծին նկատմամբ եւ իրաւական արգելապատնէշ է դրուել այն իրականացնելու համար», ըսած է Պետրոսեան։

Ընկերութիւնը յոյսը դրած է նոր իշխանութիւններուն վրայ

Ինչպէս նշեց ընկերութեան իրաւաբան Հայկ Եկանեանը, դեռ հետազօտման արտօնագիրի ժամկէտին աւարտէն առաջ, ընկերութիւնը դիմած էր Էներգետիկայի նախարարութեան՝ զայն երկու տարի երկարաձգելու համար։ Սակայն նախարարութիւնը, առանց վարչական որոշման, գրաւոր կերպով ծանուցեր էր, որ ընկերութիւնը չի պահպաներ պայմանագիրին պահանջները։

«Նախարարութիւնը պէտք է արձանագրէր դիմումն ու ուղարկէր այն Բնապահպանութեան նախարարութեանը` գնահատական ստանալու համար։ Դա տեղի չունեցաւ, մենք դատարան դիմեցինք` նրա գործողութիւններն ապօրինի ճանաչելու համար», ըսած է Եկանեան։

Դատարանի երկու հայցերը կ’ուսումնասիրուին։

Ընկերութիւնը նոր իշխանութեան արդէն դիմած է` խնդրելով չեղարկել իրաւական աքթերը, որոնք խախտումներով ընդունուած են։ Նոր նախարարը ըսած է, որ հարցը «արդարացի» լուծում կը ստանայ, սակայն մանրամասնութիւնները յայտնելէ հրաժարած է:

Պետրոսեան կը դիմէ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին եւ նախագահ Արմէն Սարգսեանին` խնդրելով ուշադրութիւն դարձնել այդ «ամօթալի ապօրինութեան» եւ միջամտել ստեղծուած իրավիճակին։

«Ինդեկրալ փեթրոլիում» ընկերութիւնը, Պետրոսեանի խօսքով, նաւթակազային ոլորտին մէջ կը գործէ 2002 թուականէն, մասնաւորապէս, Ռուսաստանի մէջ։

Նշենք, որ Հայաստանի մէջ նաւթի եւ կազի որոնման լուրջ աշխատանքներ տարուած են անցած դարու կէսերէն մինչեւ անցած դարու վերջը` 1947-1991 թուականներուն։ Այդ ընթացքին 208 նաւթահոր հորատուեր է, սակայն հետախուզման արդիւնքներուն սպասումները չեն արդարացուած։

Անկախութեան տարիներուն նաւթ Հայաստանի մէջ կ’որոնէին նաեւ ArmOil, Blackstairs Energy Armenia ընկերութիւնները։

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.