Հայաստանի Իրապաշտ Քաղաքականութիւնը Եւ Ծոցի Տագնապը

 ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ

Մինչ Ծոցի տագնապը նոր փուլ մը կը թեւակոխէ, Քաթարի շրջափակումը կը շարունակուի, իսկ Թուրքիա մոլորեցուած արտաքին քաղաքականութեամբ անկում կ՛ապրի, անդին` Հայաստանը իր իրապաշտ արտաքին քաղաքականութեամբ կարելիութիւնը ունի որոշ կէտեր արձանագրելու:

Գաղտնիք չէ, որ Հայաստան արտաքին ճկուն քաղաքականութիւն չի կրնար վարել, տրուած ըլլալով, որ Հայաստան տնտեսապէս եւ ռազմականօրէն կախեալ է Ռուսիայէն. անկարելի է վարել արտաքին քաղաքականութիւն մը, որ չի համապատասխաներ ռուսական շահերուն: Սակայն,  հակառակ այս բոլորին, Ծոցի տագնապին ընթացքին Հայաստանի շահերը այդքան ալ չէին համապատասխաներ ռուսական շահերուն: Ռուսիա առաջին օրէն իսկ մերժեց Քաթարի շրջափակումը, եւ անոր այս կեցուածքին միացան Իրանը եւ Թուրքիան: Հակառակ անոր որ Իրանի եւ Քաթարի շահերու սուր բախում գոյութիւն ունէր Սուրիոյ, Լիպիոյ եւ Եգիպտոսի մէջ, սակայն Քաթար Իրանի համար տնտեսական կարեւոր նշանակութիւն ունէր Ծոցին մէջ: Իսկ Թուրքիոյ պարագային, Քաթար անոր գաղափարական դաշնակիցն էր, որ կը կասեցնէր Սէուտական Արաբիոյ քաղաքականութիւնը շրջանին մէջ` օժանդակելով արաբական աշխարհին մէջ Իսլամ եղբայրներու կազմակերպութեան: Երբ Թուրքիոյ մէջ «յեղաշրջման փորձ» կատարուեցաւ, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն եւ Սէուտական Արաբիոյ լրատուամիջոցները ողջունեցին յեղաշրջումն ու Էրտողանի իշխանութեան տապալման փորձը:

Ոչ հաւաստի աղբիւրներ նշեցին, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները Թուրքիոյ առաջարկած են իրենց յանձնել Իսլամ եղբայրներու ղեկավարները, փոխարէնը` Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները կը յանձնեն Թուրքիոյ կողմէ պահանջուած Ֆեթհուլլա Կիւլենի շարժումին անդամները, որոնք կը գտնուին Էմիրութիւններուն մէջ: Ըստ թուրք լրագրող Քենան Աքինի, էմիրութիւններէն բարձրաստիճան պաշտօնեայ մը այս առաջարկը հասցուցած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան: Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու բարձրաստիճան պաշտօնատար Ապտալլա Սուլթան Նուայմի, իր խօսքը ուղղելով Հաքան Ֆիտանին, որ Թուրքիոյ գաղտնի սպասարկութեան ղեկավարն է, պահանջած է Իսլամ եղբայրներ կազմակերպութեան Թուրքիոյ մէջ գտնուող էմիրութիւններէն 9 անդամներու յանձնումը Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն: Թրքական կողմը յստակ պատասխան չէ տուած այս պահանջին. աւելի՛ն, թուրք լրագրող Մեհմեթ Աճեթ, որ Էրտողանին մօտիկ եղած է, իր մէկ յօդուածին մէջ ամբաստանեց Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները` յեղաշրջումի ղեկավարներուն 3 միլիառ տոլարի յատկացում տրամադրելու յանցանքով: Ասիկա զարմանալի չի թուիր` նկատի առած Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու հակաէրտողանեան քարոզչութիւնը էմիրաթական լրատուամիջոցներուն մէջ: Վերջերս Ծոցի երկիրներ Էրտողանի այցելութիւնը արհամարհելով` Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները աւելի եւս ապացուցեցին, որ բաւական լուրջ տագնապ կայ երկու երկիրներուն միջեւ:

Թուրքիոյ Տնտեսական Մղձաւանջը

Թուրքիոյ մոլորեցուած արտաքին քաղաքականութիւնը երկիրը մղեց կրելու տնտեսական լուրջ վնասներ: 2011 թուականէն, երբ «Արաբական գարուն»-ը սկսաւ, թրքական տնտեսութիւնը լուրջ տագնապներ դիմագրաւեց, իսկ 2015-ին ռուսական պատժամիջոցները եւ երկրին ներքին անապահով վիճակը գրեթէ քանդեցին անոր զբօսաշրջական մարզը: Սէուտական Արաբիոյ, Եգիպտոսի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն կողմէ Քաթարի տնտեսական շրջափակումը աւելի եւս կրնայ վնաս հասցնել Թուրքիոյ: Մայիսէն մինչեւ յունիս թրքական արտադրութիւններուն արտահանումը դէպի Սէուտական Արաբիա 277 միլիոն տոլարէն նուազեցաւ 188 միլիոն տոլարի, այսինքն` 36,4 առ հարիւրով: Իսկ դէպի Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ արտահանումը նուազեցաւ 20,5 առ հարիւրով, այսինքն` 316,5 միլիոն տոլարէն 234,6 միլիոն տոլարի, նոյնը կատարուեցաւ Պահրէյնի պարագային, ուր արտահանումը արձանագրեց 24 առ հարիւրի նուազում` 20,7 միլիոն տոլարէն 15,6 միլիոն տոլար: Աւելի՛ն. Թուրքիա մտահոգ է, որ Ծոցի երկիրները նուազեցնեն թրքական ներածումները եւ պոյքոթի ենթարկեն թրքական արտադրութիւնները իրենց շուկաներուն մէջ: Արդէն իսկ ընկերային ցանցերու վրայ Սէուտական Արաբիոյ եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու քաղաքացի բազմաթիւ երիտասարդներ այսպիսի կոչեր ուղղեցին իրենց կառավարութիւններուն: Թրքական առեւտրական ընկերութիւնները մօտ 310 պայմանագիր ստորագրած են Սէուտական Արաբիոյ մէջ (մօտ 38 միլիառ տոլարի արժողութեամբ), Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ` 109, Քուէյթի մէջ` 34, իսկ Քաթարի մէջ` 109: Թուրքիոյ համար «դժոխքի դռները» կը բացուին, եթէ այս պայմանագիրները չեղեալ յայտարարուին: Եթէ Թուրքիա իր այս քաղաքականութիւնը շարունակէ, ապա անուղղակի շրջափակման կ՛ենթարկուի Սէուտական Արաբիոյ եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու կողմէ:

Հայաստանի Իրապաշտ Քաղաքականութիւնը Ծոցի Մէջ

Մարտին Հայաստանն ու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները յայտարարեցին մուտքի արտօնագիրներու վերացումը երկու երկիրներուն միջեւ: Ասիկա անկիւնադարձային իրադարձութիւն էր Հայաստանի համար, որ այսպիսով աւելի եւս կ՛ամրապնդէր իր յարաբերութիւնները իսլամական եւ յատկապէս արաբական աշխարհին հետ` բարելաւելով երկրին զբօսաշրջային մարզը, ներգրաւելով էմիրութիւններու քաղաքացիները եւ  դրամագլուխը: Նոյն փորձը պիտի կատարուէր նաեւ Քաթարի հետ, սակայն շրջանային վերջին տագնապը սառեցուց բանակցային հոլովոյթը: Իսկ ամէնէն կարեւոր հարցը կը մնայ այն, որ արդեօք քաղաքական այս խառնակ վիճակին մէջ Հայաստան եւ Սէուտական Արաբիա դիւանագիտական յարաբերութիւններ կրնա՞ն հաստատել:

18 յուլիսին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան ընդունեց Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին գործոց եւ միջազգային համագործակցութեան նախարար Ապտալլա Պըն Զայետ Ալ Նահեանը: Կողմերը քննարկեցին երկկողմանի յարաբերութիւնները զարգացնելու կարելիութիւնները, շրջանային խնդիրներուն եւ մարտահրաւէրներուն հոլովոյթը, ինչպէս նաեւ` արցախեան հիմնահարցին խաղաղ լուծման հոլովոյթը: Այստեղ կարեւոր է վերլուծել արցախեան նիւթը: Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հրահրումով ապրիլ 2016-ին համաշխարհային Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութիւնը դարձեալ յայտարարեց իր հակահայ կեցուածքը` կոչ ուղղելով Հայաստանին հեռացնելու իր բանակը «ազրպէյճանական գրաւեալ տարածքներէն»: Նոյն կազմակերպութիւնը մարտ 2008-ին ընդունեց 10/11 բանաձեւը` դատապարտելով հայկական կողմը եւ յայտարարելով, որ` «Հայաստան կը բռնագրաւէ ազրպէյճանական հողերը եւ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններ կը կատարէ Ղարաբաղի մէջ»: Արդեօք Հայաստանի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու միջեւ յարաբերութիւնները կրնա՞ն դրական ազդեցութիւն ունենալ կասեցնելու այսպիսի բանաձեւերու որդեգրումը Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան կողմէ: Աւելի՛ն. Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին գործոց նախարարին Ծիծեռնակաբերդ այցելութիւնը անուղղակի ոչ պաշտօնական ճանաչում էր Հայոց ցեղասպանութեան, սակայն ռոմանթիզմէ հեռու, անիկա ուղղակի պատգամ մըն է թրքական իշխանութեան` Հայաստանի Հանրապետութեան միջոցով:

Եզրակացութիւն

Ասիկա առիթ է Հայաստանի համար, որպէսզի իր սահմաններուն մէջ ճկուն եւ իրապաշտ քաղաքականութիւն մը վարէ Ծոցի մէջ` առանց շփման մէջ մտնելու ռուսական եւ իրանական քաղաքականութիւններուն հետ: Աւելի՛ն. Հայաստան Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու միջոցով կրնայ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատել Սէուտական Արաբիոյ հետ: Ասիկա կարեւոր է Հայաստանի համար թէ՛ տնտեսական եւ թէ՛ ռազմաքաղաքական առումներով: Վերջերս, սուրիական տագնապին բերումով եւ շրջանին մէջ թրքական քաղաքականութեան ներթափանցումով հակահայ զգացումները վերելք ապրեցան սիւննիներուն մօտ, եւ այսպիսի քաղաքական քայլերը կրնան հակակշռել թրքական հակահայ քաղաքականութիւնը եւ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան այլընտրանքները ընդարձակել շրջանին մէջ:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.