«Հայաստանի Գերիշխան Տարածքին Համար Մեր Կարմիր Գիծերը Չեն Փոխուած» Կ՛ըսէ Իրանի Դեսպանը

Մենք դէմ ենք շրջանին մէջ լարուածութեան հաւանական աճին, ատիկա կը վնասէ շրջանին, նաեւ Հայաստանին ու Ազրպէյճանին. երկու կողմերուն կոչ կ՛ուղղենք հանդարտութիւն, զսպուածութիւն ցուցաբերելու եւ խաղաղութեան մասին երկխօսութիւնը շարունակելու: Այս մասին լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Իրանի դեսպան Մեհտի Սոպհանի:

«Մենք կը գտնենք, որ լարուածութիւնը նուազեցնելու կարեւորագոյն գործօններէն են երկխօսութիւնը եւ դիւանագիտութիւնը, ինչպէս նաեւ ազգային գերիշխանութիւնը յարգելը ու միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններու անխախտելիութիւնը եւ միջազգային օրէնքներու յարգումը: Պատերազմը երբեք խնդիրները չէ լուծած, նոյնիսկ պատերազմները կը լուծուին երկխօսութեան եւ դիւանագիտութեան միջոցով», ըսաւ ան:

Այն հարցումին, թէ որո՞նք են Իրանի կարմիր գիծերը Հայաստանի գերիշխան տարածքին համար, արդեօք անոնք փոխուա՞ծ են, դեսպանը պատասխանեց.

«Ո՛չ, մեր կարմիր գիծերը չեն փոխուած, մեր երկրի ամէնէն բարձրաստիճան ղեկավարը միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններու փոփոխութեան նկատմամբ դէմ արտայայտուած է, իբրեւ կարմիր գիծ, եւ կարելի չէ զայն անտեսել: Մենք կտրականապէս դէմ ենք որեւէ աշխարհաքաղաքական փոփոխութեան եւ միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններու փոփոխութեան»:

Ան նշեց, որ Իրանի կարծիքով, եթէ սահմանին վրայ կան խնդիրներ, ապա այդ խնդիրները պէտք է լուծուին երկխօսութեան, փոխադարձ ընկալման հիման վրայ, ինչպէս նաեւ երկիրներու գերիշխանութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը յարգելով:

«Մենք կ՛աջակցինք միջազգային սահմաններու ճանաչման խաղաղ եղանակին», ընդգծեց իրանցի դիւանագէտը:

Դեսպանը նաեւ անդրադարձաւ Իրանի եւ Հայաստանի միջեւ հաղորդակցութեան ոլորտին մէջ համագործակցութեան:

«Հայաստանը Իրանի համար կը նկատուի դէպի հիւսիս եւ Սեւ ծով շնչուղի, իսկ Իրանը Հայաստանի համար շնչուղի է դէպի հարաւ, դէպի Պարսից ծոց եւ Հնդկաստան դուրս գալու համար: Մենք շատ համաձայնութիւններ ձեռք պիտի բերենք փոխադրումներու, ինչպէս նաեւ տարանցման ոլորտին մէջ, ինչ որ իր մէջ պիտի ներառէ տարանցիկ եւ փոխադրումներու վճարումներու նուազեցման մասին կէտեր», ըսաւ ան:

Դեսպան Սոպհանի անդրադառնալով Իրան-Իսրայէլ լարուածութեան ըսաւ. «Շրջանին մէջ լարուածութեան եւ պատերազմը կանխարգիլելու նպատակով մենք կոչ ուղղեցինք շտապ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի նիստ հրաւիրելու, սակայն Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի եւ Անգլիոյ խոչընդոտներուն պատճառով, ցաւօք, Ապահովութեան խորհուրդը նոյնիսկ, առնուազն, յարձակումը եւ անձեռնմխելիութիւն ունեցող վայրերու վրայ յարձակումները դատապարտող յայտարարութիւն չհրապարակեց ու հերթական անգամ դրսեւորեց արեւմտեան երկիրներու երկակի արժեչափերը»:

Սոպհանի  նշեց, որ Իրանը 10 օր սպասեց դիւանագիտական ջանքերու` դատապարտելու եւ Իսրայէլի դէմ պատժիչ քայլերը տեսնելու համար:

«Տարօրինակ է, որ նոյն արեւմտեան երկիրները կը շարունակեն մեզի հետ կապ հաստատելով` չդատապարտել սիոնական վարչակարգին կողմէ միջազգային կանոններու խախտումը, զսպուածութեան կոչ կ՛ուղղէին մեզի:

«Բնական է, որ միջազգային համակարգի անգլուխ աշխարհին մէջ, երբ միջազգային կազմակերպութիւնները կ՛անտեսեն միւս անդամներու իրաւունքները, իսկ հզօրները աչք կը փակեն, պէտք է յոյսդ դնես միայն դուն քու վրադ», նշեց ան:

Դեսպանը պնդեց, որ Իրանը այլ ելք չունէր, քան իր շահերը պաշտպանել:

«Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան զինեալ ուժերը կիրակի առաւօտեան գործողութիւններ կատարած էին (Պաղեստինի) բռնագրաւուած տարածքին մէջ գտնուող թիրախներու դէմ:

«Մեր յարձակումները սահմանափակ էին եւ ուղղուած միայն այն կեդրոններուն դէմ, ուրկէ սկիզբ առած էին մեր եւ Դամասկոսի մէջ մեր դեսպանատան վրայ գործուած զինուորական յարձակումները:

«Ի տարբերութիւն մանկասպան սիոնական վարչակարգին, մենք ոչ մէկ քաղաքային կեդրոն թիրախաւորած ենք: Մեր յարձակումները շատ խելամիտ ու դիպուկ էին, եւ մենք հասանք մեր նպատակին:

«Գործողութիւնները կատարուած են ՄԱԿ-ի հռչակագիրի 51-րդ յօդուածին եւ ինքնապաշտպանութեան մեր օրինական ու ի ծնէ տրուած իրաւունքին հիման վրայ», ըսաւ դեսպանը:

«Դժբախտաբար մեր օրինական եւ արդար պատասխանէն ետք եւրոպական եւ արեւմտեան որոշ պետութիւններ Իրանի օրինական ինքնապաշտպանութիւնը իբրեւ նախայարձակման քայլ ներկայացուցին: Ասիկա կը նշանակէ հող նախապատրաստել սիոնական վարչակարգի նոր արկածախնդրութեան համար», ըսաւ ան:

«Երեւանի մէջ եւրոպական երկիրներու դեսպանատուներէն ոմանք ալ Իրանի օրինական պատասխանին վերաբերեալ իրենց երկիրներու ղեկավարներու միակողմանի եւ թիւր կարծիքները կը տարածեն Հայաստանի մէջ:

«Անոնք կ՛ուզեն հայ ժողովուրդը ենթարկել իրենց թիւր քաղաքականութեան ազդեցութեան եւ յաչս հայաստանեան հանրային կարծիքին վարկաբեկել Իրանը: Ես անոնց խորհուրդ կու տամ դադրեցնել այս կեղծարարութիւնը եւ չփորձել Հայաստանը ներքաշել իրենց աշխարհաքաղաքական տագնապներուն մէջ:

«Սիոնական վարչակարգը Հարաւային Կովկասի մէջ անկայունութեան հիմնական գործօններէն մէկն է, եւ Ղարաբաղեան երկրորդ պատերազմին մէջ հայ զինուորները սպաննուած են իսրայէլեան զէնքով», ըսաւ ան:

Comments are closed.