Համակարգային փոփոխութիւնը եւ անոր արմատականացման հեռանկարը

Խ. Տէր Ղուկասեան

Ցնցումային 2016-էն ետք արդէն իր աւարտին հասած 2017-ն ակնյայտ ոչ մէկ փոփոխութիւն բերաւ հայկական իրականութեան մէջ: Այլ եզրակացութեան դժուար է յանգիլ նկատի ունենալով Ապրիլ 2-ին տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններուն արդիւնքը. Հայաստանի Հանրապետական Կուսակցութիւն՝ 49.15%, Ծառուկեան դաշինք՝ 27.37%, Ելք՝ 7.78%, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն՝ 6.58%:

2015-ի Դեկտեմբերին Սահմանադրական հանրաքուէն հետամուտ էր համակարգային փոփոխութիւններու: Եթէ «համակարգային» յղացքը պիտի հասկնանք ընկերատնտեսական իմաստով, ապրիլեան ընտրութիւններէն ետք Ազգային Ժողովին մէջ ձայներու բացարձակ մեծամասնութիւնը մնացած է մենաշնորհներ ստեղծած, ամրագրած եւ անոնց պաշտպանութեան դերը ստանձնած քաղաքական երկու ուժերու՝ Հանրապետականի եւ Ծառուկեան դաշինքի ձեռքերուն մէջ:

Ընտրութիւններէն ետք ՀՀԿ-ՀՅԴ բանակցութիւններու արդիւնքով կոալիցիոն կառավարութեան կազմութիւնը իր կարգին կառավարման համակարգի շարունակականութիւն եւ ոչ թէ փոփոխութիւն կը յուշէ:

Շարունակականութիւն է նաեւ խորհրդարանական ընդդիմութեան տկարութիւնը, որ օրէնսդրական իշխանութիւնը կը զրկէ գործադիրին վրայ հակակշիռ բանեցնելու կարողութենէն: Կասկած չկայ, թէ Ելքի խորհրդարանական դէմքերը երիտասարդ, եռանդով լեցուն եւ ժողովրդականութիւն վայելող դէմքեր են: Բայց որքանո՞վ պիտի կարենան իրենց անդրադարձը ունենալ քաղաքական հոլովոյթին վրայ՝ դեռ հարցական է: Մանաւանդ որ ատենին նոյնքան պայծառ եւ ժողովրդական դէմքեր ձախողեցան ժողովրդային լայն զօրաշարժով յատկանշուող քաղաքական պատեհ պահերէն օգտուիլ՝ կառավարման համակարգի խորքային փոփոխութիւններու ենթահող պատրաստելու համար: Ատենին գերադաս համարեցին մէկ նպատակ. իշխանութեան, իմա՛՝ նախագահութեան հասնիլ, ենթադրելով որ այդ իրողութիւնը ինքնին փոփոխութեան երաշխիք է, ինչ որ անշուշտ առնուազն հարցական է: Ընդդիմութեան ներկայ դէմքերը նման ձգտումներ չունին, ոչ ալ կրնան ունենալ այսուհետեւ առանց խորհրդարանական մեծամասնութիւն ըլլալու, ինչ որ զիրենց կը դնէ իրենց քաղաքական կառոյցը ամրապնդելու եւ քուէարկողներու թիւը աւելցնելու հրամայականին դէմ յանդիման:

Այս բոլորին վրայ պէտք է աւելցնենք, որ քառօրեայ պատերազմով եւ յուլիսեան խռովութիւններով 2016-ին զգաստացած Սփիւռքը, անցնող տարուան ընթացքին, որոշիչ դերակատարութիւն չստանձնեց Հայաստանի ներազգային քաղաքական հոլովոյթին մէջ, բացի այն դասական ներկայութենէն, որ միշտ ալ ունեցած է այցելութիւններու, բարեսիրական ձեռնարկներու եւ Հայաստան-Սփիւռք Համաժողովի նման նախաձեռնութիւններու մասնակցութեամբ: Ի դէպ, 2014-ի Հայաստան-Սփիւռք Համաժողովին սեղանի վրայ դրուած առաջարկը՝ համահայկական մարմնի առաջացման հեռանկարով՝ չիրականացաւ, եւ նման յայտարարութիւն չեղաւ անցնող տարուան հանդիպման: Պատճառը յստակ էր. գաղափարը չէր հասունացած, եւ համաձայնութիւն, ըստ երեւոյթին, չկար նման մարմնի մը կառոյցին թէ դերակատարութեան շուրջ: Նման հրապարակային քննարկման նախաձեռնութիւն չեղաւ իշխանութիւններուն կողմէ, իսկ Սփիւռքի մէջ թերեւս նման քննարկում սկսելու ձեւաչափին մասին իսկ որեւէ յստակ գաղափար չկար… Տակաւին մէկ կողմ դնենք Ազգային Ժողովէն ներս սփիւռքեան ներկայացուցչութիւն ստեղծելու առաջարկը, եւ, ի դէպ, արդեօ՞ք համահայկական մարմնի ստեղծումը հայաստանեան քաղաքական հոլովոյթին մասնակից դարձնող Ազգային Ժողովէն ներս Սփիւռքէն ներկայացուցիչներ ունենալու գաղափարին անժամկէտ յետաձգման, եթէ ոչ պարզապէս սպանման, հետամուտ չէ… Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու համակարգային տեղաշարժի բացակայութեան՝ անցեալ Սեպտեմբերի համաժողովէն մնաց Արամ Ա.-ի բարձր հնչած եւ արձագանգող զգուշացումը. «Հայաստանը կը պարպուի, իսկ Սփիւռքը կը մաշի»:

Հայաստանեան եւ ընդհանրապէս հայկական իրականութեան համակարգային այս շարունակականութեան վերլուծումը եւ նոր հարցադրումներու ձեւակերպումը անհրաժեշտ են խորհրդանշականէն անդին իր կարեւորութիւնը ունեցող 2018 տարուան ընթացքին ազգային-քաղաքական հոլովոյթին մասին սկզբնական խորհրդակցութիւններ կատարելէ առաջ: Արդարեւ, 2018-ն խորհրդանշական է որպէս հայկական պետականութեան վերականգնման հարիւրամեակ, բայց սխալ պիտի ըլլայ անոր կարեւորութիւնը սահմանափակել միայն տարեդարձով մը: Որքան ալ որ Մայիսին նախատեսուած միջոցառումները իրենց նշանակութիւնը ունենան, եւ որքան ալ որ սեղանի վրայ դրուին (եւ պէ՛տք է դրուին) պատմական ճշմարտութիւններու վերահաստատման զանազան բնոյթի բանավէճերը՝ դէմքերու արձաններ զետեղելու/վերցնելու՝ այդ օրերու իրադարձութիւններուն վրայէն պոլշեւիկեան խեղաթիւրումներու փոշիները մաքրելու իմաստով, 2018-ի ամենակարեւոր իրադարձութիւնը պիտի ըլլայ կառավարման խորհրդարանական վարչաձեւի անցումը:

Հրապարակային բանավէճերու մէջ այնքան քաշքշուած ու չարչրկուած համակարգային փոփոխութեան փաստացի իրականութիւնը խորհրդարանական վարչակարգի անցումն է: Ճիշդ է, որ այդ անցումը դեռեւս ընկերատնտեսական իմաստով համակարգային փոփոխութիւն չի բերեր, ոչ ալ անպայմանօրէն կ’երաշխաւորէ զայն: Աւելի՛ն. պէտք չէ անտեսել ամբոխային տրամաբանութեան նորագոյն տարբերակը, որ կառավարման համակարգային այս իրական փոփոխութիւնը կ’արժեւորէ Վարչապետի պաշտօնին առաջադրուելիք անձին ընդմէջէն: Եւ քանի որ Վարչապետը բնականաբար խորհրդարանական մեծամասնութիւն կազմող Հանրապետականէն պիտի առաջադրուի, փոփոխութեան չափանիշը կը պարզացուի Կարէն Կարապետեա՞ն, թէ Սերժ Սարգսեան այլընտրանքներով: Ընդ որում, եթէ Սերժ Սարգսեանը առաջադրուի եւ ընտրուի՝ ապա եւ համակարգային շարունակականութիւն է, մինչ Կարէն Կարապետեանը յոյս կու տայ փոփոխութեան: Անկեղծօրէն, հասարակաց ամենապարզ հասկացողութեամբ դժուար է Սերժ Սարգսեանի թեկնածութեան առաջադրութեամբ փոփոխութեան հաւաստիք տալ: Բայց սխալ է նաեւ Սերժ Սարգսեանի իշխանութեան շարունակութեամբ համակարգային փոփոխութեան ամէն յոյս լոկ խաբկանք համարել:

Խորհրդարանական վարչակարգը քաղաքական հոլովոյթի նոր աշխուժութիւն մը ծնունդ տալու հսկայ կարողականութիւն ունի, որովհետեւ կը նուազեցնէ իշխանութեան կեդրոնացման կարելիութիւնները, որոնք առկայ էին նախագահական համակարգին մէջ: Այս մեկնակէտով է, որ համակարգային փոփոխութիւնները ընկերատնտեսական ոլորտին մէջ իրականացնելու գերագոյն մարտահրաւէրը պէտք է ընկալուի, վարչապետի պաշտօնը ստանձնող անձէն անկախ, եւ տեղադրուի շատ աւելի համապարփակ քաղաքական, գաղափարական եւ ժողովրդային պայքարի ոլորտին մէջ: Կառավարման համակարգին եւ որոշումներու կայացման հոլովոյթին տալով շատ աւելի հորիզոնական բնոյթ, քաղաքական ուժերը նաեւ պիտի գտնուին ոչ միայն իրարու հետ աւելի բանակցելու, աւելի համախոհութիւն գոյացնելու եւ զիրար համոզելու, այլ նաեւ՝ իրենց ընտրողներու զանգուածը ընդլայնելու զոյգ ստիպման տակ:

Անկախութենէն անմիջապէս ետք, երբ ծնունդ առաւ քաղաքական համակարգը որոշող Սահմանադրութեան բանավէճը, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը առաջադրեց խորհրդարանական տարբերակը: Օրին թերեւս այս մէկը մեկնաբանուեցաւ երրորդ հանրապետութիւնը առաջինին նման ընելու նեղ-կուսակցական նախանձախնդրութեամբ: Մինչդեռ խորհրդարանական վարչաձեւով ժողովրդավար համակարգի մը ստեղծումը ոչ մէկ կապ ունէր կուսակցամոլութեան կամ կարօտախտի հետ: Տրամաբանութիւնը պարզ էր եւ մէկին. եօթանասունամեայ միակուսակցականութիւնը ստեղծած էր ամբողջատիրական քաղաքական մշակոյթ մը, որ անյարիր էր ժողովրդավարութեան: Ընկերատնտեսական համակարգի անցումի հոլովոյթը պէտք է կատարուէր առաւելագոյն համախոհութեամբ եւ ոչ թէ իշխող մեծամասնութեան որոշումով: Այդուհանդերձ, օրին իշխող քաղաքական մեծամասնութիւնը՝ Հայոց Համազգային Շարժումը, որ ինքզինք կը ներկայացնէր որպէս ժողովրդավար եւ ազատական՝ «լիպերալ», հարազատ մնալու համար իր բառապաշարին, ի դէմս՝ «սոցիալիստ» եւ «նացիոնալիստ» Դաշնակցութեան, կը պաշտպանէր որոշումներու կայացման կեդրոնացման հետամուտ նախագահական համակարգը, ի հետեւումս օրին Ելցինեան Ռուսիոյ տարբերակին: Խորհրդարանական համակարգը նախադրեալ կը ստեղծէր տնտեսական ազատականացման աւելի հանգրուանային անցումի, եւ թերեւս այս էր հիմնական պատճառը, որ սեփականաշնորհման ճամբով երկրի հարստութեան տէր կանգնելու շարք բռնած եւ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի գլխաւոր նեցուկ եղող օրին սկսնակ պիզնէսմէններն ու մաֆիոզները կը պնդէին շոքային անցումին վրայ: Այդ մէկը փաստօրէն եղաւ ՀՅԴաշնակցութեան արգիլման ամենահակաժողովրդավար քայլին ընդմէջէն: Առաջին Սահմանադրութիւնը, որ նախագահական համակարգը նուիրականացուց, դուռ բացաւ այն սեփականաշնորհումներուն, որոնք հետագայ օլիկարգային իշխանախաւի առաջացման պայմանները ստեղծեցին: Այդ իշխանախաւը, մենաշնորհային դրամատիրութեան այս համակարգը, սակայն, ամրապնդուեցաւ եւ զարգացաւ Քոչարեանի օրով, եւ իր տկարութիւններն ու ներքին անկայունութիւնը սկսաւ ցոյց տալ Սերժ Սարգսեանի նախագահութեան երկու հանգրուաններուն:

Այդ համակարգը այսօր տագնապի մէջ է: Համակարգ մը, ուր հարստութիւնը այսքան անհաւասար կերպով բաժնուած է, չի կրնար վերապրիլ ժողովրդավարական նուազագոյն պայմաններու մէջ, եթէ չունենայ ե՛ւ հասարակութեան մէջ կուտակուած բողոքը արտահանելու մեքանիզմ, ե՛ւ իր փոփոխութեան այլընտրանքի ամէն նախաձեռնութիւն չէզոքացնելու կարողութիւն:

Իրողութիւն է, որ հայրենի հասարակութեան մէջ սոցիալական անարդարութեան արդիւնքով կուտակուած բողոքը բազմիցս արտայայտուեցաւ. 2004, 2008, 2013, 2015, 2016… Բոլոր այս առիթներուն, սակայն, փողոց ելածները չեն յաջողած իրենց շարժումը վերածելու քաղաքական գործընթացի եւ առաջադրել համակարգային փոփոխութիւն, թէկուզ եւ երկար գործընթացի վրայ: Բռնութիւնը կամ զինեալ ապստամբութիւնը արդարացնող շարժումները սկզբունքով դատապարտելի են, ինչ որ սակայն չի նշանակեր, որ պէտք է անտեսել անոնց գտած, թէկուզ եւ պահային, ժողովրդականութեան իսկական պատճառները: Գալով քաղաքացիական հասարակութեան զօրաշարժին, որ հեռու է «գունաւոր յեղափոխութիւն»ներու ֆոլքլորէն եւ կը կեդրոնանայ շատ կոնկրետ օրակարգային հարցերու լուծումին վրայ. օրինակի համար՝ Ելեկտրիք Երեւան կամ բնապահպանները. անոնց հիմնական թերութիւնը պետութեան եւ ընդհանրապէս քաղաքական կուսակցութիւններու հանդէպ վստահութեան պակասն է: Թէ նման շարժումներ անհրաժեշտ են ժողովրդավարութեան համար՝ հարցականի տակ չէ, եւ լաւագոյն օրինակը կիներու դէմ բռնութեանց բողոքի կամ սեռային հաւասարութեան ի խնդիր զօրաշարժն է, որ դադար չի կրնար ունենալ: Սակայն միայն քաղաքական հոլովոյթին մաս կազմելով է, որ որեւէ նախաձեռնութիւն կրնայ յաջողութեան գրաւական մը ունենալ:

Ինչ կը վերաբերի կուտակուած բողոքը արտահանելու մեքանիզմին, մենաշնորհային դրամատիրութեան պահանջարկի եւ առաջարկի տրամաբանութիւնը այդ մէկը եւս հեշտօրէն կը լուծէ: Խաղաղ պայմաններու մէջ Հայաստանէն արտագաղթը կարելի է նկատել յաւելեալ աշխատուժէ ձերբազատում: Արտագաղթը ընչազուրկ դասակարգին համար վերապրումի եւ մասնագէտ միջին խաւին համար զարգացման պատեհութեան փնտռտուք դարձած է որպէս հետեւանք հարստութեան կեդրոնացման եւ, հետեւաբար, համակարգային պատճառ է: Բայց արտագաղթի հետեւանքով Հայաստանի պարպումը ուղղակիօրէն առնչակից է երկրի անվտանգութեան:

Թէ իշխող Հանրապետական Կուսակցութեան ղեկավար տարրին մօտ համակարգայի տագնապին մասին գիտակցութիւն կայ՝ կասկածի տակ պէտք չէ առնուի: Սահմանադրութեան փոփոխութեան համաձայնելէն մինչեւ ՀՀԿ-ՀՅԴ համաձայնագրի ստորագրում եւ 2016-ի քառօրեայ պատերազմէն ետք տնտեսութեան թէ պաշտպանութեան կառոյցներու մէջ աչքառու փոփոխութիւնները կը վկայեն բարեփոխումներու քաղաքական կամքի առկայութեան մասին: Այդ փոփոխութիւնները ներքին հակասութիւններէ զուրկ չեն: Ոչ ալ անոնց արդիւնքները այնքան ալ բացայայտ են: Թէ այս փոփոխութիւններու հիման վրայ է, որ Հանրապետականը կը շարունակէ ամենէն աւելի քուէներ ստացող քաղաքական ուժը ըլլալ՝ այնքան ալ յստակ չէ: Այլընտրանքի բացակայութիւնը, ցնցումներու բացառումը եւ միչեւ իսկ անտարբերութիւնը թերեւս նոյնքան որոշիչ ազդակներ են:

Կը մնայ այն, թէ 9 Ապրիլ 2018-էն ետք Հայաստանի մէջ քաղաքական կառավարման իմաստով համակարգային փոփոխութիւն մը տեղի պիտի ունենա՞յ: Որպէս նախաձեռնողը խորհրդարանական վարչաձեւին 1991-ին եւ դեռեւս 2013-ին բանաձեւուած Եօթը Կէտերով այս իրողութիւնը կարեւոր յաջողութիւն է ՀՅԴաշնակցութեան համար, առանց, բնականաբար, թերագնահատելու կոալիցիոնի գործընկեր Հանրապետականի գոնէ ղեկավար դասին պատրաստակամութիւնը այս փոփոխութիւնը իրականութիւն դարձնելու: Բայց համակարգային այս փոփոխութիւնը միայն սկիզբն է ամբողջ գործընթացի մը, որուն արդիւնքով ընկերատնտեսական կարգավիճակը պէտք է փոխուի: Հոս արդէն հարցական է, թէ Ազգային Ժողովին մէջ ներկայացուած քաղաքական ուժերէն որո՛նք տրամադիր են ընկերատնտեսական համակարգը արմատականօրէն փոխելու՝ ի խնդիր սոցիալական արդարութեան, երբ խնդրոյ առարկայ կը դառնան մենաշնորհներու տէրերու շահերը: Հարստահարիչ դասակարգին առանձնաշնորհեալ կենսամակարդակը արդարացնելու եւ աղքատներուն յաւելեալ զրկանքները բնականոնացնելու արտայայտութիւնները, որոնք արդէն կը լսուին, նախանշաններ են այն դժուար մարտահրաւէրին, որ պիտի նշանակէ համակարգային փոփոխութիւններու արմատականացումը: Այս վերջինը այլընտրանք չէ արդէն, այլ՝ հրամայական մը, որ համակարգային փոփոխութիւնները իմաստաւորուին եւ անդրադարձ ունենան քաղաքացիներու առօրեային վրայ: Այլապէս համակարգային փոփոխութիւնը ձեւական կ’ըլլայ եւ անխուսափելիօրէն կ’առաջնորդէ նորագոյն յուսախաբութեան եւ բարոյալքութեան:

Համակարգային փոփոխութեան արմատականցման հանգրուանին պետական կառոյցներու ազդեցիկ աշխատանքն ու հանրային ծառայողներու նուիրման օրինակը անշուշտ իրենց կարեւորութիւնը կը պահեն: Բայց անոնցմէ անդին արմատականացման ամէն նախանձախնդրութիւն պէտք ունի տեսլականի մը: Խորհրդարանական համակարգը ՀՅԴաշնակցութեան համար կը ստեղծէ սոցիալական արդարութեան հետամուտ ընկերվարական առաջադրանքներու արծարծման աշխատադաշտ: Առաջարկը անշուշտ ժամանակավրէպ եւ տնտեսապէս ապարդիւն դասական նախաձեռնութիւններ սեղանի վրայ դնել չէ: Հայաստանի տնտեսութիւնը չի կրնար փակ տնտեսութիւն մը ըլլալ, ոչ ալ կարելի է տնտեսական աճ ունենալ առանց ներդրումներու: Բայց աշխարհագրականօրէն փոքր եւ համեմատաբար քիչ թիւով բնակութիւն ունեցող Հայաստանին համար ցնորական տեսլական մը չէ փորձարկութեան դնել Տարրական Եկամուտի (անգլերէնով՝ Basic Rent կամ Universal Basic Rent) դրութիւնը, որ արդէն յաջող կերպով կը գործադրուի, օրինակի համար, Ֆինլանտայի մէջ: Գաղափարը պարզ է իր բանաձեւման մէջ, բայց բառին իսկական իմաստով յեղափոխական՝ հաւաքական մտածելակերպին համար: Տարրական Եկամուտի գաղափարը յղացած է Թոմըս Փէյն դեռեւս 1795ին բայց տնտեսագէտներու ուշադրութեան առարկայ դառնալու սկսած է 2010-ին: Արդիւնք է տարբեր ազդակներու եւ մասնաւորաբար՝ եկամուտի անհաւասարութեան մակարդակներու անտանելի յաւելման մերժումի հաւաքական գիտակցութեան աճին: Առաջարկը պարզապէս ամէն չափահաս քաղաքացիի գոյատեւելու համար հիմնական եկամուտի մը իրաւունքի ճանաչումն ու հաստատումն է: Հարցը ո՛չ անգործութեան փոխ-հատուցումն է, ո՛չ ալ աղքատախնամական բարեսիրութիւն, այլ՝ եկամուտ մը որպէս իրաւունք, որով եւ ան կրնայ իր գոյութիւնը ապահովել: Նման ծրագրի իրագործման թեքնիք մարտահրաւէրները շատ են: Ճիշդ է նաեւ, որ եթէ այն յաջողութեամբ գործնականացուած է Ֆինլանտայի մէջ (երկիր մը, որ, յիշեցնենք, աշխարհի մէջ ծանօթ է իր բացառիկ կրթական համակարգով) այլ տեղեր ձախողած է: Բայց հարցը հոն է, որ նման արմատական առաջարկի առաջին, գրեթէ բնազդական, քննադատութիւնը թեքնիք հիմնաւորում չունի: Չաշխատողներուն եկամուտ ունենալու իրաւունքին մերժումն է: Արդ, դրամատիրութիւնը հարստութեան ստեղծման մարտահրաւէրը յաջողութեամբ լուծած է: Հարստութեան վերաբաշխումն է մեծ հարցականը, որուն պատասխան գտնելու յանձնառութիւնը վերցուց ընկերվարական մտածողութիւնը 19-րդ դարէն ի վեր: Դրամատիրութիւնը անցաւ զանազան փորձառութիւններէ եւ տագնապներէ միշտ գտնելով հարստութիւնը ստեղծելու նոր միջոցներ, այդուհանդերձ երբեք չյաջողեցաւ հարստութեան վերաբաշխումի դրութիւն մը ստեղծել, որովհետեւ այդ մէկը իր օրակարգին վրայ չէ: Խորհրդային փորձառութեան ձախողութիւնը յստակօրէն կը յուշէ, թէ ի՛նչ պէտք չէ ընել հարստութեան ե՛ւ ստեղծման, ե՛ւ արդար վերաբաշխման համակարգ մը ստեղծելու համար: Բայց չի նշանակեր, որ մարտահրաւէրը չկայ կամ պէտք է անտեսել այն: Տարրական Եկամուտի առաջարկը ո՛չ դրամատիրութիւնը կը ժխտէ, ո՛չ ալ հարստացումը կը դատապարտէ: Պարզապէս կը հաստատէ, որ զարգացած տնտեսութիւնները արհեստագիտութեան առաջացումով կրնան բոլորին համար երաշխաւորել ապրելու միջոցներ: Գոյութեան կամ «հացի» խնդրով մտահոգուելու պատճառ չունեցող մարդ-անհատը իր զարգացման մասին ստեղծագործ կերպով մտածելու շատ աւելի լաւ պայմաններու մէջ կը գտնուի: Թէ զարգացումը իրեն համար կարեւոր չէ, եւ կը նախընտրէ տարրական գոյատեւումը՝ այդ մէկը արդէն անհատական այլընտրանք է: Նման այլընտրանքի ընդունումը հասարակութեան մը բարոյահոգեբանական զարգացման բարձր մակարդակի ցուցանիշ է:

Հայաստանի համար Տարրական Եկամուտի տրամաբանութեան հիմնաւորումը աւելի պարզ է: Եթէ արտագաղթը պիտի կասեցուի, եւ հայրենադարձութիւնը քաջալերուի, ապա եւ Հայաստան մնալու կամ հոն հաստատուելու ի՛նչ աւելի համոզիչ պատճառ կայ, քան գոյատեւման երաշխաւորումը: Այսինքն՝ Հայաստանը վերածուի այն երկրին, որուն քաղաքացիները «հացի խնդիր» չունին, ապահոված ըլլալով իրենց տարրական պէտքերը բաւարարող եկամուտ մը, եւ կրնան մտածել իրենց մտաւոր կամ հոգեւոր զարգացման մասին, կրնան ըլլալ աւելի ստեղծագործ եւ կամ պարզապէս մտածել կեանքը վայելելու մասին… Ո՞ր մէկ քաղաքացին նման երկիր մը, ուր իր յաջորդ սերունդները պիտի ապրին, պաշտպանելու պատրաստ չըլլար, գիտնալով որ այլ երկրի մէջ նման պայմաններ պիտի չըլլան: Ճիշդ է, որ Հայաստանի տնտեսութիւնը շատ հեռու է Ֆինլանտայի տնտեսութեան աճը արձանագրելէ եւ, ի տարբերութիւն Ֆինլանտայի, Հայաստան պատերազմի մէջ կը գտնուի: Բայց ճիշդ այդ պատճառով է, որ Հայաստանի մէջ Տարրական Եկամուտի դրութիւնը կը կարեւորուի. հայրենասիրութիւնը շարքային քաղաքացիին համար միայն նիւթական թէ մարդկային զոհողութեան հոմանիշ չըլլար միայն, ոչ ալ վերացական զգացում եւ ճառեր, մինչ ակնբախ կը մնայ իր եւ առանձնաշնորհեալ դասակարգի մը տարբերութիւնը, օրէնքի խտրականութիւնը՝ ի նպաստ այս վերջիններուն: Ի դէպ, երբ շարքային քաղաքացիին գոյատեւման տարրական պայմանները ապահովուած են, դասակարգային տարբերութիւնները այնքան ոչ միայն չեն թուիր, այլ չեն ըլլար: Եւ հոս է, որ Տարրական Եկամուտը որպէս համակարգային փոփոխութեան արմատականացում նկատելու առաջարկը կը դիմագրաւէ իր առաջին մարտահրաւէրը, որ թեքնիք բնոյթ չունի: Հայաստանի աշխարհագրական փոքր տարածութիւնը եւ բնակչութեան ծաւալին չափը մէկ կողմէ եւ հարստութեան կեդրոնացումը միւս կողմէ առաջին տուեալներն են, որպէսզի Տարրական Եկամուտի դրութեան ստեղծման մասին թեքնիք ուսումնասիրութիւններ եւ հանրային բանավէճ սկսի: Բայց ատոր համար նախեւառաջ առանձնաշնորհեալ դասակարգը ի՛նք պէտք է համոզուի, որ հարստութեան նուազ կուտակումը իր կենսամակարդակին մահացու հարուած չի հասցներ, ընդհակառակը՝ազգային հաւաքական անվտանգութեան, զարգացման, արտագաղթի կասեցման եւ հայրենադարձութեան խթան կ’ըլլայ:

Սոցիալական արդարութեան հեսամուտ ՀՅԴաշնակցութեան համար Տարրական Եկամուտի առաջարկը խորհրդարանական վարչակարգի պայմաններու մէջ քաղաքական գործընթացին նոր ուղղուածութիւն տալու պատմական առիթ կը ստեղծէ: Տարրական Եկամուտը, որ սոցիալական արդարութիւն է, կրնա՞յ ընդունելի ըլլալ օլիկարգներուն համար, որոնք ցարդ այդ յղացքը հասկցած են զուտ բարեսիրական ժեսթերով: ՀՅԴաշնակցութեան կոալիցիոն գործընկեր Հանրապետականը պատրա՞ստ է ընդառաջելու համակարգային փոփոխութեան արմատականացման նմանատիպ առաջարկներու…

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.