Համազգայինի նախաձեռնութեամբ Լեւոն Շանթ հայերէնագիտական դասընթացք Գանատայի մէջ

Համազգայինի Գանատայի Շրջանային վարչութիւնը ուրախութեամբ կը յայտարարէ, որ հաստատած է Լեւոն Շանթ հայերէնագիտական դասընթացքը, որ կը միտի համալրել ու զարգացնել հայկական վարժարաններէ շրջանաւարտներու արեւմտահայերէնի, հայ գրականութեան եւ մշակոյթի իմացութիւնը գոլէժական մակարդակի վրայ։

Դասընթացքը կ՚երկարի երկու տարուան վրայ ու կը բաղկանայ չորս եռամսեակներէ՝ ամԷն տարի ձմրան եւ աշնան ամիսներուն։ Դասընթացքը կը համակարգուի ու կը ղեկավարուի դոկտ. Վիգէն Թիւֆէնքճեանի կողմէ։ Իւրաքանչիւր եռամսեակին, դասընթացքը կը տեւէ 15 շաբաթ, շաբաթական 3 ժամ տեւողութեամբ դասապահերով։ Առաջին եռամսեակի մեկնարկը պիտի ըլլայ յունուար 2020-ին։

Դասընթացքին հետեւիլ փափագողները պէտք է տիրապետած ըլլան հայերէնի հիմնական բառապաշարին եւ ունենան գրական որոշ ծանօթութիւններ։ Իւրաքանչիւր եռամսեակի համար ուսանողին մասնակցութեան սակն է 100 գան. տոլար։

Յաւելեալ տեղեկութիւններ ունենալու եւ արձանագրուելու համար այցելել դասընթացքի կայքէջը՝ armenolog.wordpress.com

Համազգայինի Գանատայի Շրջանային վարչութիւն

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.