ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՉՈՐՐՈՐԴ ՏԱՐԵԿԱՆ ԵՌԱԿՈՂՄԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎ

ՆԻՒ ՃԸՐԶԻ.- Մարտ 17-18, 2018 շաբաթավերջին, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Նիւ Ճըրզի շրջանին մէջ տեղի ունեցաւ ԱՄՆ Արեւելեան եւ Արեւմտեան, ինչպէս նաեւ Գանատայի շրջանային վարչութիւններու չորրորդ տարեկան ժողովը, մասնակցութեամբ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչներ՝ Վիգէն Թիւֆէնքճեանի եւ Հրայր Պարոնեանի, երեք շրջանային վարչութիւններու ատենապետներուն՝ Արեւիկ Գաբրիէլեանի, Սեդա Սիմոնեանի եւ Ծովիկ Գահվէճեանի, ինչպէս նաեւ այլ շրջանային վարչական ներկայացուցիչներու։

Ժողովի օրակարգին մաս կազմեցին հետեւեալ գլխաւոր նիւթերը.- Հիւսիսային Ամերիկայի շրջաններուն միջեւ համագործակցութիւնը առաւել եւս զարգացնելու որոշակի քայլեր, Երիտասարդական Ցանց ArtLinks տարեկան ծրագիր, կրթամշակութային գետնի վրայ կարգ մը ծրագիրներ ինչպէս նաեւ Համազգայինի 90-ամեակն ու Համազգայինի Ը. պատգամաւորական ժողովը, որ տեղի պիտի ունենայ Երեւանի մէջ, Մայիս 18-21, 2018-ին։

Յատուկ ուշադրութեան արժանացաւ, շրջանները յառաջիկայ տասնամեակին առաւել եւս աշխուժացնելու միտումով՝ երիտասարդներու ներգրաւման նիւթը։ Առաւել՝ յատկապէս քննարկուեցաւ Համազգայինի Երիտասարդական Ցանց (ArtLinks) ծրագիրը, որ իր չորրորդ տարեշրջանը թեւակոխած է. յաջորդ հաւաքը՝ ԱՄՆ Բենսըլվանիա նահանգին մէջ, Յունիս 28-Յուլիս , 2018-ին։ Չորս օրերու վրայ երկարող, մշակութային-ընկերային ծրագիրը առաջին անգամ տեղի ունեցաւ Նիւ Եորքի մէջ, 2015-ին. այնուհետեւ, յաջորդաբար՝ Քէպէք (Գանատա), 2016-ին եւ Գալիֆորնիա, 2017-ին։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.