Կիպրոսի Խորհրդարանի Նախագահը Միջազգային Ընտանիքին Կոչ Կ՛ուղղէ Ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Կիպրոսի խորհրդարանի լիագումար նիստին ընթացքին, կիպրահայ համայնքի պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեան, Հայոց ցեղասպանութեան 102-ամեակին առիթով արտասանած է խօսք մը: Ան յայտնած է, որ 20-րդ դարու առաջին ու մեծագոյն ցեղասպանութեան յանցաւորները ցարդ կը մնան անպատիժ: «Իբրեւ հայեր, կը պահանջենք արդարութիւն, ո՛չ թէ վրէժ, ինչպէս նաեւ պատմական անտարակուսելի իրականութիւններու ճանաչումը», ըսած է ան` աւելցնելով. «Մեր նախահայրերուն զոհողութեան արդարահատուցումը յաջորդող սերունդներուն համար պիտի ըլլայ յոյսի եւ լոյսի փարոս մը, որպէսզի զոհ չդառնան նաեւ այլ ժողովուրդներ` կրօնի կամ ազգութեան պատճառով»:

«Մինչեւ օրս, 28 երկիրներ, Միացեալ Նահանգներու 50 նահանգներէն 45-ը, ինչպէս նաեւ զանազան միջազգային կազմակերպութիւններ ճանչցած են Հայոց ցեղասպանութիւնը: Աւելի՛ն, անոր ժխտումը քրէականացուցած են հինգ երկիրներ, որոնց շարքին նաեւ Կիպրոսը: Կը պահանջենք գերպետութիւններէն, որ ի վերջոյ պարտադրեն Թուրքիոյ, որպէսզի ժամանակակից աշխարհին դիմաց ստանձնէ իր պարտաւորութիւնները եւ ընդունի իր գործած ոճիրները», եզրափակած է ան:

Միւս կողմէ, Կիպրական լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Կիպրոսի խորհրդարանի նախագահ Տեմեթրիս Սիլլուրիս նիստի աշխատանքներուն սկիզբէն առաջ դիմելով ներկաներուն նշած է, որ նոյնիսկ եթէ հարիւր տարի անցած է 1915-ի Հայոց ցեղասպանութենէն, երբ թրքական պետութիւնը ցեղային մաքրագործում կատարեց հայերուն դէմ, Թուրքիան կը շարունակէ ժխտել մէկուկէս միլիոն հայերու սպանդը:

Ան միջազգային ընտանիքին կոչ ուղղած է ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ նշած, որ Կիպրոսի խորհրդարանը աշխարհի մէջ առաջիններէն էր, իսկ Եւրոպայի մէջ առաջինը, որ 1975-ին ճանչցաւ եւ դատապարտեց Հայոց ցեղասպանութիւնը` պահանջելով վերականգնել պատմական ճշմարտութիւնը:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.