Խաչիկ Թէօլէօլեան եւ Սփիւռքագիտութիւնը (Բ.)
Գառնիկ Աւ․ Ք․ Գ․
Գ.- Սփիւռք. Բառ, Սահմանումներ
I.- Արմատը
Բառը հնդեւորապական «սփռ» արմատէն է, որ «ունի երկու տարբեր, սակայն իրարու հանգուցուած իմաստ», բացատրած է Թէօլէօեան: Որ նախ կը նշանակէ տարածել, կամ սփռել, նաեւ «յարակից» ցրուել իմաստը: Յետոյ աւելցնելով ամերիկացի լեզուաբաններու ստուգաբանութիւն մը, գրած է՝ թէ անոնց «կը թուի», որ արմատին «աւելի հին իմաստը» նշանակած է հունտ կամ «բոյսերու այն մասը», որ «կը սփռուի, կը ցրուուի, կը տարածէ բոյսը»։ Ապա ոստումով մը եւ վերապահութեամբ ենթադրած է, թէ գուցէ հայերէնի «սերում» բառն ալ նոյն արմատէն է, ինչպէս անգլերէնի «sperm»ը (սերմ) եւ «spore»ը (թործ), սակայն որմէ «փ» զեղչուած է։ Եւ վերադառնալով «երկու տարբեր, սակայն իրարու հանգուցուած իմաստ»ներուն, (այսինքն՝ տարածել սփռել, ցրուել եւ հունտ կամ բոյսերու «մաս»եր իմաստներուն), ըսած է, թէ անոնց ագուցեալ նշանակութիւնն է՝ «բոյսէ մը, մարմինէ մը, ամբողջականութենէն մը դէպի դուրս ցրուող, տարածուող, սփռուող մասնիկ մը կամ հունտ մը, որ եթէ իյնայ բերրի հողի վրայ, կը վերստեղծէ օրինակ մը նոյն ամբողջէն՝ որմէ անջատուեցաւ»: (Գիտենք նաեւ՝ որ հունտեր ալ կ’ըլլան, ինչպէս «մասնիկ»ներ, որոնք ոչ «բերրի հողի վրայ» կ’իյնան եւ կը վերստեղծուին որպէս օրինակ մը այն «ամբողջականութիւն»էն, որմէ անջատուած էին):
Յետ ստուգաբանական այս աճապարուած գայումին, ոստումով մը յանգած է «անվիճելի» եզրակացութեան, թէ «սփռ»ը «իր ամբողջական իմաստը կը ստանայ երկու երանգներուն ագուցումով, այլեւ՝ ուրիշ իմաստներու յաւելումով, երբ արմատը՝ արդէն վերածուած է ”դիասփորա/սփիւռք”ի եւ անցած է պատմութեան բովէն»:
II.- «Դիասփորա/սփիւռք»ի «պատմութեան բով»ին առաջին հանգրուանը:
Ըստ գիտական աշխարհին, ցարդ մեր «սփիւռք» բառին հնագոյն համանիշը կը գտնուի աթենացի զօրավար ու պատմագիր Թուկիդիդէսի (ՆՔ 460-400) «Պեղոպոնէսեան Պատերազմին Պատմութիւն» գիրքին մէջ (2.27): Կը կարծուի, թէ պատմագիրքը ՆՔ 409-ին գրուած է, եւ կը համարուի պատմագրութեան առաջին գիտական գործը։ Անիկա իրերամարտ երկու խումբ դաշնակիցներու՝ սպարտացիներուն եւ աթենացիներուն առաջնորդութեամբ յունական աշխարհին տիրելու համար մղուած պատերազմներուն պատմութիւնը կը բովանդակէ։ Թուկիդիդէս բառին բայական գործածութիւնը ունի, որուն ճշգրիտ չէզոք համանիշը, ըստ իս, տարասփռուիլն է (գրաբարին մէջ կար «ի սփիւռս աշխարհի» բացատրոյթը, որ կը թելադրէր յունարէնի նախադաս «դիա»ն, սակայն անցեալ դարուն արեւմտահայերէնին մէջ երբ յայտնուած էր բառը, եւ ապա վերածուած յատուկ անունի, իր մէջ կլլած էր «դիա»ն, որ նշանակ է «միւս կողմ»ի կամ «սահմանէն անդին»ի, իբրեւ թէ լոկ բառը կամ անունը թելադրէին զանոնք)։ Պատմագիրը չունի «կազմաւորուած սփիւռք մը բնորոշող գոյականն ու գաղափարը»։ Համաձայնաբար շատերու կարծիքին՝ Թէօլէօլեան հաստատած է, թէ գաղափարն ու գոյականը պիտի գային հրեայ ժողովուրդի պատմութենէն։
ՆՔ 586-ին, Ասորեստանի արքան՝ Նաբուգոդոնոսոր Բ. կը գրաւէր Երուսաղէմը: Ապստամբութիւններ կանխելու համար՝ դէպի Բաբելոն կ’աքսորէր հրէական մայրաքաղաքին կրօնական եւ աշխարհական աւագանին: Աքսորը «հաւաքականութեան մը վերնախաւին աքսոր»ն էր, եւ ոչ՝ «համայն հաւաքականութեան արմատախլումը եւ սփիւռքացումը»: Աքսորականներուն կողմէ իրենց վիճակին անուանումն էր «կալութ», որ հայերէնի «գաղութ»ն է: Թէօլօլեան «կալութ» բառին առնչութեամբ տուած է հետեւեալ բացատրութիւնը. «Բառը ունի զրկանքի իմաստ, կը նշանակէ հեռացում Աստուծոյ ներկայութենէն, սրբազան տաճարէն, տապանէն, ուխտէն: Եւ ուրեմն՝ կը պարունակէ ”վերադարձ”ի ջերմ փափաք, ըսենք՝ ուխտը»: Եւ քիչ մըն ալ յաւելելով, գրած է. «Հրեայ ժողովուրդին մտածումը, անոր հաւաքական երեւակայութիւնը՝ անշուշտ հիմնուած է Հին Կտակարանի մշակումին վրայ: Հոն՝ կայ Ադամի եւ Եւայի արտաքսումը դրախտէն, դէպի մահկանացու աշխարհ, որմէ կարելի է ”Դրախտ կորուսեալ” վերադառնալ՝ միայն յետ-մահու, նոյնիսկ՝ յետ-մարդկութեան մահու, յետ-պատմութեան, երբ կը դադրի ժամանակը: Սակայն, Բաբելոն աքսորուած հրեայ աւագանիին համար, Երուսաղէմը ”Դրախտ կորուսեալ” մըն է, որուն կարելի՛ է, պէտք է վերադառնալ: Հոս է, որ ”կալութ/գաղութ”ը, ապագայ ”սփիւռք”ը կը ստանայ գոյատեւելու եւ վերադարձի կրկնակ իմաստաւորումը»: (Արդարեւ, աքսորականները ունեցան գոյատեւելու եւ վերադառնալու տեսլականը, բայց անիկա միշտ պահպանեց ժամանակի գիտակցութիւնը. հրէական մտածումը ժամանակի գիտակցութեամբ բանած է, նոյնիսկ մարգարէական ոգին չէ հրաժարած անկէ, այլ պարզապէս ժամանակի նոր շրջան մը կանխատեսած է, նոր «էօն» մը՝ որ մարդկութեան մահէն վերջ, կամ պատմութեան դադրելէն վերջ չէ որ պիտի գայ, այլ երբ Տիրոջ օրը հասնի, այլ խօսքով՝ Տիրոջ ժամանակաշրջանը: Անկասկած, հրէական յայտնութենական գրականութեամբ, որ շատ աւելի ուշ մշակուեցաւ քան Բաբելական հանգրուանը, վախճանաբանական եզրը պիտի մտնէր, եւ յետագային ալ՝ թիւրիմացութիւններ, ախտագին ակնկալութիւններ ու ցնորքներ պիտի պատճառէր): Կիւրոս արքայի թոյլտուութեան հետ հրեայ աւագանիին վերադարձով Երուսաղէմ (ՆՔ 538)՝ կ’ամբողջանար «ո՛չ միայն հրեայ պատմութեան մէկ շրջանը, այլ նաեւ պատում մը, narration մը՝ որուն ընթացքը դրախտ-հայրենիքի կորուստն է, անկէ արտաքսումը, գաղութացումը, սփիւռքացումը, ինքնութեան պահպանումի կատաղի պայքարը, եւ վերջապէս՝ վերադարձը»:
III.- «Պատմութեան բով»ին Երկրորդ Հանգրուանը Եւ Երկուութիւն Մը
Յետ վերադարձին, երկու դար պիտի անցնէր, երբ Աղեքսանդր Մակեդոնացին Եգիպտոսի մէջ հիմնէր իր անունով քաղաքը՝ Աղեքսանդրիան: Քաղաքը անոր ստեղծած կայսրութեան «ներքին շուկայի կեդրոն»ին պիտի վերածուէր: Անցեալին այնտեղ ապաստանած հրեաներուն վրայ պիտի գումարուէին մեծ թիւով ցեղակիցներ, եւ շարունակէին իրենց ջերմեռանդ բարեպաշտութիւնը: Մեծն Ալեքսանդրի յաջորդներէն Պտղոմէոս Բ. Ֆիլադելֆոսի հրամանով կը թարգմանուէր Թորան: Այս թարգմանութիւնը «Եօթանասնից» կոչուած է, որովհետեւ ըստ աւանդութեան՝ Երուսաղէմի քահանայապետ Եղիազարէ Աղեքսանդրիա առաքուած 70 կամ 72 թարգմանիչներ կատարած էին զայն: Թարգմանութեան մօտաւոր ժամանակը՝ ՆՔ 250-247: Այն ատեն է, որ հրեայ թարգմանիչները Թուկիդիդեսէ առած են բառը։ Թարգմանութեան հետ կը ծագէր «դիասփորա»ն, զոր ետքը յոյներ պիտի գործածէին՝ ակնարկելով հրեայ ցրօնքին, իսկ հրեաներ շարունակէին իրենց լեզուին «կալութ»ի գործածութիւնը: Ուստի՝ «դիասփորա»ն եւ «կալութ»ը հետզհետէ կը դառնային համարժէք բառեր: Հռոմէական զօրքերուն կողմէ ՅՔ 70-ի Երուսաղէմի կործանումէն ետք՝ երկրէն զանգուածներ կը մեկնէին: Իսկ երկրորդ ապստամբութենէն ետք՝ երկիրը գրեթէ կը դատարկուէր մնացորդներէն: Այս ցրւումը սփիւռքեան իրականութիւն մը պիտի յառաջացնէր: Իսրայէլեան պետութեան վերակերտումը 20-րդ դարուն, ըստ Սիոնական գաղափարաբանութեան, աւարտն էր իրենց «դիասփորա»/կալութ»ին: Այնուհանդերձ երկուութիւնը պիտի տիրէր ընդերկար, եւ դեռ կը յամենայ:
Անցեալին «դիասփորա» բառով ընդհանրապէս կը հասկնային հրէական «կալութ»ները, եւ ասիկա 20-րդ դարուն հետզհետէ պիտի փոխուէր:
IV.- «Պատմութեան բով»ին Երրորդ Հանգրուանը:
1922-ին լոյս տեսած «Ընդարձակ Բառարան Անգլիերէնէ Հայերէն» բառարանը եթէ բանանք, այնտեղ «Diaspora» բառին դիմաց կը գտնենք «Համասփիւռ հրեաներ եւայլն» բացատրութիւնը: Բառարանագիրը՝ Յովհաննէս Չաքմաքճեան տակաւին չունէր «սփիւռք» բառը (անիկա վերջը պիտի յայտնուէր մեր մօտ), ուստի գործած էր «համասփիւռ» բառը՝ հրէական ցրւումը հասկնալով իբրեւ ամբողջութիւն մը: «Diaspora»ին առնչումը հրեաներուն՝ իր գիւտը չէր, այլ իր աչքին առջեւ ունեցած բառարաններուն ըսածն էր: Նախ յոյներն էին, ինչպէս ըսուեցաւ,որ Եօթանասնից թարգմանութենէն ետք զայն գործածած էին՝ ակնարկելու համար հրեայ գաղութներուն: Անոնց հետեւեողութեամբ ալ՝ ամբողջ միջնադարուն բառը հրեայ գաղութներուն ակնարկութիւն էր եղած: Եւ հրեաներն ալ սեղմ փարած էին անոր, եւ դեռ փարումը չէ աւարտած։
1453-ին Կ. Պոլսոյ անկումը, եւ յոյներուն սփռուիլը պատճառ պիտի ըլլար, որ անոնք եւս սկսէին իրենց կացութիւնը տեսնել որպէս «Diaspora», նոյն այն առումով՝ որ իրենք բառը կը գործածէին հրեաներուն համար: Այն դառն փորձառութենէն ետք, եւ 20-րդ դարուն Օսմանեան կոտորածներէն փախստականներուն հետ՝ բառին իրենց համար եւս գործածութիւնը պիտի ընդհանրանար:
Իսկ Հայոց Ցեղասպանութենէն գրեթէ 10-ամեակ մը ետք, բառը մեր մօտ պիտի երեւար Ե. Օտեանէ վէպի մը կողքին վրայ, եւ այն ալ՝ տառադարձուելով միայն: Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան պաշտօնաթերթ «Սիոն»ն է, որ առաջին անգամ «սփիւռք» բառը պիտի գործածէր՝ հայ ցիրուցան գաղթականութեան ակնարկելու (տեսնել՝ «Սփիւռքը/Անուն Եւ Երեւոյթ» իմ յօդուածը, «Սփիւռքի Տարի», Գանատայի Հայոց Թեմ, 2022)։
Պէտք է յիշել, որ մինչեւ 1960-ականներ՝ արեւմտեան աշխարհին մէջ «Diaspora»ն առաջնահերթաբար ակնարկութիւն պիտի ըլլար հրեայ գաղութներուն, ապա՝ յոյներուն, եւ յետոյ՝ հայերուն:
1960-ականներուն եւ 1970-ականներուն, Ափրիկեան ցրօնքի մտաւորականներ պիտի սկսէին զայն գործածել նաեւ իրենց համար: Եւ բառին սահմանումը պիտի մտնէր իր առաջին շփոթութեան մէջ: Մինչ այդ սահմանումը այն էր, որ սփիւռքի մը գոյացումը հետեւանքն էր սպանդային եւ արմատախլման բրտութեան: Ափրիկեցի մտաւորականներուն կողմէ բառին իւրացումը՝ այլ բովանդակութիւն մը պիտի տար անոր. բովանդակութիւն մը՝ որ ստրկութեան տարուելու բրտութիւններն ալ պատճառ կը տեսնէր սփիւռքացման:
Անոնցմէ ետք, յիսուն տարիներու վրայ, առնուազն վաթսուն նորաստեղծ գաղթականական խմբաւորումներ իրենք զիրենք «Սփիւռք» կոչեցին կամ «կնքուեցան» կարգ մը մասնագէտներու կողմէ: Անոնք պարզապէս իրենց հայրենիքէն արտագաղթած կամ վտարանդի հաւաքականութիւններն էին:
Թէօլէօլեան «այս շփոթեցուցիչ վիճակ»ին հպանցիկ անդրադառնալէ յետոյ, այլ խնդիր մըն ալ տեսած է եւ գրած. «չկայ համաձայնութիւն, թէ Սփիւռքը զուտ առարկայակա՞ն երեւոյթ մըն է, թէ նաեւ ունի կենսական, ենթակայական բաղադրիչ մը՝ ինքնութեան գիտակցութիւնը: Եթէ մասնագէտներ հաստատեն, որ պոլսահայութիւնը սփիւռքային համայնք մըն է, սակայն պոլսահայերը կը մերժեն այդ, մասնագէտները իրաւունք ունի՞ն շարունակել հաստատելու՝ ”Բայց եւ այնպէս՝ Սփիւռք են”: Եթէ սեւամորթ մտաւորականներ հաստատեն, որ ԱՄՆ-ի խափշիկները Ափրիկեան սփիւռք մըն են, եւ հարազատ ուրիշ ամերիկացի սեւամորթներ կտրուկ կը մերժեն այդ պիտակը, որովհետեւ չունին եւ չեն ուզեր ունենալ սփիւռքեան ինքնութիւն եւ գիտակցութիւն, իսկապէս սփի՞ւռք են: Երբ Հայաստանէն նոր արտագաղթած մի քանի հազար հայեր կը հաստատուին Չուվաշիոյ մէջ, անոնք միկրանդներու խմբա՞կ մըն են, թէ սփիւռքեան համայնք, եւ ո՞ր բաղադրիչ տարրերը մէկը միւսէն կը զանազանեն»:
Այս շփոթութիւնը բառնալու համար, Թէօլէօլեան դիմած է փիլիսոփայական մտքի մը, որ ըստ իրեն, «սփիւռքագէտներու մեծամասնութիւնը կ’անգիտանայ»: Անգլիացի փիլիսոփայ Ճօն Լօքի միտքն է ատիկա: Ըստ փիլիսոփային, բառ մը «որոշ սահմաններու մէջ» արտօնելի է «երկու տարբեր իմաստներով գործածել»: Կարելի է զայն գործածել թէ՛ անուանական (nominal) եւ թէ՛ իրական (real) առումներով: Սփիւռքագէտը «սփիւռք» բառի «անուանական» իմաստով գործածութեան համար հետեւեալ օրինակը տուած է. «երբ կը խօսինք հայութեան իր հայրենի օրրանէն դուրս ընդհանուր ցրուածութեան մասին, կրնանք խօսիլ բոլոր ”արտահայրենիք” ապրող հայերու մասին՝ իբրեւ ցրօնք կամ դուրսը սփռուած հայեր, իբրեւ անուանական սփիւռք»: Իսկ բառին «իրական» իմաստով գործածութեան համար՝ յիշած է Մարսէյլի հայութիւնը: Անոր «իրական» սփիւռք մը ըլլալուն վերաբերեալ նշած է համայնքին մեծաթիւ ներկայութեան մասին (զեկոյցի գրութեան ատեն՝ 95,000), աւելի քան դար մը հաստատուած ըլլալուն մասին, նաեւ թէ՝ անիկա «օժտուած է կառոյցներով եւ տեղական ղեկավար վերնախաւին հետ սերտ կապերով»: Ասոնք չեն ամբողջացներ «իրական»ին ծիրը. կայ այլ կարեւոր տարր մըն ալ. «”սփիւռք”ը ա՛յն է, որուն համայնքային, էթնիկական բնոյթ ունեցող մասնիկ-գաղութները ճիգ կ’ընեն կապեր պահելու եւ հաստատելու իրարու եւ հայրենիքին միջեւ (եթէ կը յարատեւէ ան), կամ գոնէ՝ հայրենիքի գաղափարին հետ (եթէ քարտէսէն ջնջուած է ան): Անշուշտ ասիկա «իրական» սփիւռքի «դասական» սահմանումին բաղադրիչ է: Մարսէյլը այնպիսի կապերու տեղն է նաեւ: «Անուանական» եւ «իրական» սփիւռքի հարցին հետ՝ «զուգահեռ կ’ընթանայ մէկ այլ բարդ ծալք մը». անիկա կը վերաբերի ինքնութեան սահմանումին: Արդարեւ, «չափազանցութիւն չէ» ըսել, թէ անձնական եւ հաւաքական ինքնութիւններու հարցերով զբաղած են եւ կը զբաղին հարիւրաւոր հեղինակներ:
Ի՞նչ է ինքնութիւնը: Էութենակա՞ն երեւոյթ մը, թէ՝ զգացական, կամ՝ գիտակցական, կամ՝ առարկայական, կամ՝ կատարողական (performative): Այսինքն՝ յաւիտենական իսկութեա՞ն յայտնակերպում մըն է, թէ զգացումի վրայ կը հիմնուի («Կը զգամ թէ հայ եմ»), կամ՝ գիտակցութեան վրայ («Կը գիտակցիմ թէ հայ եմ»): Թէօլէօլեան «առարկայական»ը եւ «կատարողական»ը համարժէք հասկցած է: Հարց տալով՝ թէ ինքնութիւնը որքանո՞վ կը բխի «առարկայական»էն, անմիջապէս պատասխանած է, թէ ըստ ժամանակակից արեւմտեան մասնագէտներու, եւ «խումբ մը հայրենի երիտասարդ գիտնականներ»ու, ինքնութիւնը կատարողական է, «հասարակական կեանքի մէջ դերակատարութիւնն է, որ կը հիմնաւորէ ինքնութիւնը»: Ասիկա զանցում մըն է էաբանական, զգացական, գիտակցական «թնճուկներ»ուն, եւ «իրական» սփիւռքի «մտածելակերպ» մը կ’առաջարկէ:
Ուրեմն՝ կա՛յ «անուանական» սփիւռքը, եւ կայ՝ «իրական»ը: Սակայն տեսակէտները երկփեղկուած են, եւ գաղթական նոր համայնքներու բազմացումները պատճառ կ’ըլլան «անուանական»ի ընդհանրացման:
Այնուհանդերձ, տեսակէտներու «երկփեղկուածութեան», կամ անհամաձայնութիւններուն մէջ, «գոյութիւն ունին սփիւռքներու յատուկ որոշ ընդհանուր յատկանիշներ»: Սփիւռքագէտը զանոնք «արագօրէն» թուարկած է. 1) Սփիւռք մը «կը սկսի իբրեւ սփռում, ցրւում, տարածում հայրենիքէն դուրս՝ մէկէ աւելի երկիրներու մէջ». 2) 1964-էն առաջ, զանգուածասպան, սեփականութիւններու յափշտակիչ, տարագրիչ «բիրտ ուժը կը համարուէր սփիւռքատիպ ցրւումի վաւերական պատճառը», անկէ ասդին՝ ամէն տեսակի բրտութիւն, հալածանք եւ տնտեսական իրաւազրկում. 3) Սփիւռքեան ցրօնք մը չի փափաքիր ձուլուիլ զինք ընդունող մեծամասնութեան մէջ, կամ, ինչպէս էր ԱՄՆ-ի մէջ սեւամորթներու պարագան նախքան 1970-ը, օրէնքով կ’արգիլուի ձուլուիլը. 4) Սփիւռք մը չ’ուզեր պապենական հայրենիքին հետ իր կապը կորսնցնել: Նաեւ կ’ուզէ պահպանել միջ-սփիւռքեան կապեր. 5) Սփիւռք մը կ’ունենայ «համայնքային գործունէութեան միջոցներ եւ նպատակներ»:
Թող թոյլ տրուի այստեղ, «սփիւռքներու յատուկ որոշ ընդհանուր յատկանիշներ»ու այլ ուրուանկար մըն ալ վերցնել՝ քիչ մը եւս շօշափելիութիւն տալու համար «արագօրէն» թուարկուածին։ Ուրուանկարին հեղինակն է Կէյպրիըլ Շէֆֆըր: Ըստ անոր, պատմական եւ արդի ցեղային-ազգային սփիւռքներ մշակութային-ընկերային-քաղաքական միաւորներ են, որոնք ստեղծուած են իբրեւ հետեւանք հայրենիքէ մը կամաւոր, կամ ալ բռնի գաղթով, եւ որոնց անդամները իրենք զիրենք կը համարեն ցեղային-ազգային ծագումը ունեցող, եւ որոնք միշտ կ’ապրին որպէս փոքրամասնութիւններ մէկ կամ բազմաթիւ ասպնջական երկիրներու մէջ: Ըստ ասպնջական երկիրներու մէջ հաստատուելու, բայց հասարակաց ինքնութիւն մը պահպանելու անհատական կամ հաւաքական որոշումներու (սփիւռքներու կորիզը կազմող մարդոց մեծամասնութիւնը այդպիսիներ են), գաղթողներ համերաշխութիւն կը ցուցաբերեն ասպնջական երկրի իրենց հաւաքականութեան եւ իրենց ամբողջ ազգին հետ, եւ կը կազմակերպեն ու գործօն են մշակութային, ընկերային, տնտեսական եւ քաղաքական ծիրերու մէջ: Կազմակերպուած սփիւռքներու առջեւ կարելիութիւն են բազմազան մարտավարութիւններ, որոնք կրնան ըլլալ համարկում, յարմարում նոր միջավայրի մշակոյթին, համայնքային եւ կազմակերպական կեանքի եւ ինքնավարութեան յանձնառութիւն, եւ կամ՝ մեկուսացում: Տեղաւորուած ցեղային-ազգային սփիւռքներուն մեծամասնութիւնը կ’ընտրէ եւ կը կիրարկէ համայնապաշտական եւ ինքնավարական համակցեալ մարտավարութիւն մը: Այսպիսի միաւորներ կը պահպանեն կանոնաւոր կամ ժամանակ առ ժամանակ կապեր իրենց հայրենիքներուն հետ եւ այլ ասպնջական երկիրներու իրենց նոյն զարմ-ազգային պատկանելիութեամբ անհատներու ու խմբաւորումներու հետ: Իրենց բազամազան գործունէութիւններուն մէջ, նման սփիւռքներու կորիզը կազմողներ կը հաստատեն տեղական եւ անդր-պետական ցանցեր, որոնք կը զբաղին սփիւռքներու միջեւ բարդ յարաբերութիւններով, իրենց ասպնջական երկիրներով, հայրենիքներով եւ միջազգային դերակատարներով: Հաստատումը սփիւռքեան տեղական եւ անդր-պետական կազմակերպութիւններու՝ պատճառ կ’ըլլան կրկնակ հաւատարմութեան. հաւատարմութիւն իրենց ասպնջական երկրին հանդէպ, եւ հաւատարմութիւն իրենց հայրենիքին հանդէպ: Այսպիսի կացութենէ մը զերծ մնալու համար, մեծամասնութիւնը սփիւռքներու կ’ընդունի հիմնական կանոնները խաղին՝ թէ՛ իրենց ասպնջական երկիրներուն եւ թէ՝ հայրենիքներուն: Համայնքային յարակցում եւ համերաշխութիւն, իրենց ասպնջական երկիներու խնդիրներ, փափաքը օգնելու իրենց հայրենիքներուն եւ այլ ասպնջական երկիրներու իրենց հարազատներուն, եւ անձնական ու կազմակերպական կարիքներ, բոլորը կը մղեն սփիւռքները յանձնառու ըլլալու շատ ծաւալուն մշակութային, ընկերային, քաղաքական եւ տնտեսական իտէալներու եւ գործունէութիւններու»:
(Շարունակելի 2)
Comments are closed.