Խաչիկ Թէօլէօլեան եւ Սփիւռքագիտութիւնը (Ա.)

Գառնիկ Աւ․ Քհն․ Գ․

«Ազգ մըն ենք, որ կապրի կա՛մ Սփիւռքի մէջ, կամ սփիւռքացման սպառնալիքին տակ։ Ուերմն՝ Սփիւռքազգ մը։ / Կապրինք նաեւ վերադարձի յոյսով։ Ամբողջական հայրենիքի մը վերակերտումին, եւ դէպի հոն՝ վերադարձի յոյսով։ Կը կրկնենք այս, անդադար։ Երբեմն մեզմէ ոմանք նոյնիսկ կը հաւատան, որ ապագան իսկապէս այդ կը խոստանայ մեզի։ Ինչպէս անցեալը խոստացած էր։ Անշուշտ համբերութիւն կը պահանջուի մեզմէ, քանի որ միշտ հեռու, շա՜տ հեռու է խոստացուած Երկիրը, հորիզոնէն քիչ մըն ալ անդին։ Կը համբերենք»

Խ․ Թէօլէօլեան։

Ա.- Մուտք

Խաչիկ Թէօլէօլեան (**) կրթանքային առումով սփիւռքագէտ է: Միջազգային մակարդակի վրայ «դայեակ»ը նոր գիտակարգի մը, որ սփիւռքագիտութիւնն է (Diaspora Studies): Իր նախաձեռնութեամբ եւ երկարամեայ խմբագրութեամբ «Diaspora: a journal of transnational studies» («Սփիւռք. Հանդէս Անդրազգային Ուսումնասիրութիւններու») պարբերականի հրատարակումէն առաջ՝ կային Սփիւռքներու մասին յօդուածներ, բայց ինքն էր, որ պարբերականով պիտի ստեղծէր «վայր մը»․ պարբերականին մէջ «պիտի վերլուծուէին ո՛չ միայն այս կամ այն Սփիւռքը, իր յատկանիշներով, այլ նաեւ ”սփիւռք” յղացքը, եւ արդի գիտական կրթանքներու եւ խօսոյթներու մէջ գործածուող միւս եզրերը– անդրազգ, գաղթական, աքսորեալ եւայլն»:

Պատմած է, թէ 1987-ին, երբ անդամ էր Զօրեան Հիմնարկի վարչական կազմին, Նիւ Եորքի Քուինզ Համալսարան էր հրաւիրուած՝ մասնակցելու երեք Սփիւռքներու նուիրուած միօրեայ բաղդատական գիտաժողովի մը, որ կազմակերպուած էր Զօրեան Հիմնարկի վարչութեան այլ անդամ եւ համալսարանին մէջ Քաղաքագիտական Գիտութիւններու ուսուցչապետ ու «վարչական դիրքի տէր» Հրաչ Զատոյեանէ: Գիտաժողովը ծնած էր հրեայ, յոյն եւ հայ ուսանողներու փափաքով:

Երեք Սփիւռքներն էին «աւանդական»ները կամ «դասականներ»ը՝ հրէականը, յունականը եւ հայկականը: Մինչ հրէական եւ յունական կողմէն ի շարս այլոց իրենց սեփական Սփիւռքին համար յանձնառութեամբ ու Սփիւռքին վերաբերող վաստակով պատկառելի դէմքեր ալ ժամանած էին համալսարան, հայկական կողմէն՝ լոկ «հոյլ» մը զանազան կալուածներու մտաւորականներ: Եւ Թէօլէօլեան յիշելով «յանդուգն ձեռնարկ»ը՝ գրած է.«յանկարծ ինքզինքս տեսայ իբր սփիւռքեան տգէտ մը… անդրադարձայ, որ Հայ Սփիւռքի մասին ”գիտական” եւ ”կրթանքային” (disciplinaire) մտածումի ծանօթ չէի: Ծանօթ էի յուշերու, յօդուածներու, Արշակ Ալպօյաճեանի գրքին (***): Մտածած էի հայկական ահաբեկչութեան մասին՝ 1975-1985 թուականներու, մանաւանդ այդ շարժումին սփիւռքեան բնոյթին մասին, սակայն զգացի որ խակ էր իմ մտածումս ու նօսր՝ ծանօթութիւնս»:

Անկասկած, ան «սփիւռքեան տգէտ» մը չէր: Ինքն իրեն հանդէպ այս խստութիւնը՝ հասկնալ իբր ակնարկութիւն այդ մասին իր անբաւարար գիտութեան, այլեւ՝ իր ուսերուն վրայ բարձում մը մեր ընդհանրական անգիտութեան, որ տգիտութեան ալ կը հասնէր (եւ կը հասնի), հետեւաբար՝ հաստատում մը մեր ուշացածութեան: Ինչ որ կար այն ատեն՝ յուշերու եւ ոչ-գիտական յօդուածներու դէզ մըն էր առհասարակ: Կային անշուշտ որակաւոր սակաւ գրութիւններ, թէեւ՝ ոչ գիտական, այլ փիլիսոփայական։ Ալպօյաճեանի «գիրք»ն ալ թէեւ պատմագիտական կրթանքին կը պատկանէր, սակայն Սփիւռքի յղացքը չունէր, գրած է Թէօլօլեան: (Ալպօյաճեան, հասկնալիօրէն, «Սփիւռք»ի ժամանակակից յղացքը չունէր․ աւելի ճիշդ, ինչն ունէր՝ այն ալ Սփիւռքի յղացքն էր որպէս վայր գաղթականութիւններու)։ Գիտաժողովին առիթով, տեսած էր նաեւ, որ թէպէտ հրեայ մասնագէտները Սփիւռք կոչուած «դառն ու տպաւորիչ իրողոյթ»ը գիտէին, բայց «լրջօրէն… առարկայօրէն» չէին մտածած յղացքին, ինչպէս նաեւ՝ ուրիշ Սփիւռքներու մասին:

Եւ գիտաժողովը «իսկական խանդավառութիւն» ստեղծած էր, «մեծ տպաւորութիւն» թողած իր վրայ: Ու տուած էր «երկու արդիւնք», որոնք «միայն անձնական բնոյթ»ի պիտի չըլլային: Նախ սկսած էր անգլերէնով եւ հայերէնով գրել հայկական ահաբեկչութեան մասին: Ու կամաց կամաց հեռացած էր Բաղդատական Գրականութեան իր մասնագիտութենէն դէպի Բաղդատական Սփիւռքագիտութիւն, որ «գոյութիւն չունէր դեռ», եւ որուն «հնարում»ին մէջ դեր պիտի ունենար: Հարցազրոյցի մը մէջ, վերյիշելով խանդավառութիւնը, բայց նաեւ՝ «մտաւորական շփոթութիւն»ը «տարբեր հասկացողութիւններ»ու _ ինքնութիւն, «էթնիկակականութիւն» (այս եզրը Հայաստանի աղաւաղեալ բառամթերքէն իւրացուած էր նաեւ իր կողմէ․ պիտի նախընտրէի՝ զարմնականութիւն), գաղթականութիւն, Սփիւռք եւայլք _ շուրջ, մտածած էր «յստակացումի հաւաքական աշխատանք»ի մը անհրաժեշտութեան մասին: Միաժամանակ մտածած էր, որ «լաւ կ’ըլլայ եթէ հայերս օր մըն ալ առաջին քայլը մենք առնենք եւ դուռի կղպանքին բանալին մեր ձեռքը ունենանք, փոխանակ միշտ երթալ ուրիշներուն դուռը թակելու, աղերեսելով՝ ”Արտօնեցէ’ք մեզի, որ մենք ալ մեր Սփիւռքի մասին բան մը հրատարակենք”»: Եւ 1989-ին, Զօրեան հիմնարկին պարզած էր իր միտքը, որ համալսարանական «յարգուած հրատարակչականի մը հետ դաշնակցելով»՝ նախաձեռնուէր հրատարակութիւնը սփիւռքագիտական «հարցերով զբաղող» պարբերաթերթի մը: Եւ Զօրեան հիմնարկի «կենսական օժանդակութիւն»ով կամ հնգամեայ գովելի հովանաւորութեամբ Գուրգէն Սարգիսեանի, եւ իր իսկ խմբագրութեամբ Օքսֆորտ Համալսարանի հրատարակչականէն սկսած էր լոյս տեսնել «Diaspora: a journal of Transnational studies» պարբերականը, 1991-ին: Ետքը պարբերականը պիտի լոյս տեսնէր Թորոնթոյի Համալսարանին հրատարակչականէն, եւ հովանաւորութեամբ ու նեցուկով Ուէսլէյըն Համալսարանի: Արեւմուտքէն Արեւելք՝ պարբերականը հռչակ պիտի ունենար, եւ համարուէր «երէցն ու ռահվիրան յարատեւ աճող սփիւռքագիտութեան ճիւղ»ին:

Բ.- «Diaspora» Պարբերականի Մասին

Քառամսեայ պարբերական: Առաջին թիւը լոյս է տեսած 1991-ի գարնան: Թէօլէօլեան զայն խմբագրած է մինչեւ 2020-ի վերջին թիւը: Յետ այնու՝ խմբագրումը ստանձնուած է Դալար Շահինեանէ (Բաղդատական Գրականութեան մասնագէտ) եւ Սօսի Գասպարեանէ (Բաղդատական Քաղաքագիտութեան մասնագէտ): Գասպարեան ըսած է. «Փրոֆ. Թէօլէօլեանի կօշիկները այնքան մեծ ու լայն են, որ դժուար է յաւակնիլ զանոնք լեցնել: Կը յուսամ, որ պիտի կարենանք շարունակել կառուցել եւ տարածել իմացական խօսակցութիւնները եւ համայնքները»:

Պարբերականը ակադեմական բնոյթ ունի. յղացուած է ըլլալու ընդունարան գիտական «բաւական բարդ վերլուծումներ»ու, եւ աղբիւր՝ համալսարանական պրպտումներու:

Միջ-կրթանքային կամ բազմակրթանք այս պարբերականին ծնունդը՝ անկիւնադարձ մը պիտի ըլլար Սփիւռքագիտութեան կալուածին համար: Միջ-կրթանքային կամ բազմակրթանք՝ որովհետեւ պարբերականը, ըստ կալուածին կ’ընդունի իր առարկաներուն մօտեցման տարբեր գիտութիւններու (պատմագիտութիւն, ընկերաբանութիւն, մարդաբանութիւն, մշակութաբանութիւն, քաղաքագիտութիւն, տնտեսագիտութիւն եւայլն) անկիւններէն յօդուածներ:

Պարբերականին առաջին թիւին մէջ, սկիզբը կայ կարճ գրութիւն մը («In This Issue»), ուր կը կարդանք. «Այս հրատարակութեան (մեր առաջինը) առիթով, տարբեր կրթանքներէ մտաւորականներ կը գրեն սփիւռքներու, կամ անդրազգայնութեան, կամ երկուքի մասին: Անոնց յօդուածները որեւէ կաղապարով չեն սահմանուիր, եւ զիրենք որեւէ տեսութիւն չի միացներ, պատճառը ճիշդ այն է, որ հանդէսը չունի որեւէ կանխորոշուած ինքնութիւն կամ դիմագիծ, բացի իր շահագրգռութենէն ամենատեսակ վերլուծման, որ կը սատարէ ուսումնասիրելու անդրազգայնութեան եւ անոր դասական օրինակին՝ սփիւռքի բոլոր երեսները (…): Պիտի հրատարակենք յօդուածներ, որոնք կը ներկայացնեն այլազան եւ նոյնիսկ փոխադարձաբար հակասական գաղափարաբանութիւններու եւ քաղաքական ուղղութիւններու, ներառեալ ատոնք՝ որոնց տարակարծիք ենք»:

Պարբերականը խմբագրէն ըմբռնուած է իբր «հեռադիտակ» մը՝ «վերլուծական մտածողութեան մէջ» բաժին ունենալու, «տեղ» ունենալու «մտաւորական աշխարհին մէջ»՝ ո՛չ լոկ աշխարհը արտացոլացնող «հայելի» մը ըլլալու, այլ ազդելու «այն գաղափարներուն, որոնցմով աշխարհը կը վերամտածուի»: Արդարեւ, «վերացական մտածողութիւնը շատ կարեւոր է»: Սակայն անիկա ազգապահպանման «դեղագիրներ» (վերջնական լուծում բերող եզրակացութիւններ) չի տար, որովհետեւ անկարելի յաւակնութիւն մըն է ատիկա: Պաշտօնն է հարց տալ՝ թէ սփիւռք յղացքը, ինչպէս անոր առնչուած յղացքները, ի՞նչ բովանդակութիւն ունէին նախապէս, եւ՝ այժմ, եւ յետ այսու ինչպէ՞ս պէտք է մտածուին: Առանց մտածումի՝ միայն «կաղապարուած բանաձեւեր» կ’ըլլան, եւ «կաղապարուած բանաձեւեր»ը քթադիտակ են, եթէ կ’արտօնուի բառ մը շինել: Տեսողութեան ընդլայնումը եւ մինչեւ հեռուները տարածումն է կարեւորը: Որքան համայնապատկերը եւ հեռուն կը տեսնուի, նոյնքան գործունէութիւնը յարաբերաբար աւելի ճշգրիտ, աւելի ազդու եւ աւելի արդիւնաւէտ կ’ըլլայ:

Առաջին թիւին մէջ, ակնարկելով պարբերականին տիտղոսին եւ ենթատիտղոսին, Թէօլէօլեան գրած է. «”սփիւռք” բառը կը գործածենք առժամաբար՝ ըսելու համար, թէ եզրը որ էր, երբեմն կը բացատրէր հրէական, յունական եւ հայկական ցրուածութիւնը, այսօր բաժնեկից է իմաստաբանական աւելի լայն կալուածի մը, եւ՝ համամասնակից եզրերու, ինչպէս՝ գաղթող, արտագաղթող, վտարանդի, հիւր-աշխատող, աքսորական համայնք, էթնիկ համայնք»։ Եզրերու շփոթութեան մը մէջ է, որ սկսած է պարբերականը, բայց նոյն ատեն մխիթարուած լայնագոյն եզրով մը՝ «անդրազգայնութիւն»ով: Թէեւ շփոթութիւնը կը յամենայ, եւ անդրազգայնութիւն եզրն ալ շփոթութեան մէջ ինկած է: Վերադառնալով «սփիւռք» եզրին, գրած է. «Սփիւռքները խորհրդանիշներ են անդրազգայնութեան, որովհետեւ կը մարմնաւորեն սահմաններու հարցը, որ ազգ-պետութենէն (nation-state) արտամնացորդներուն տրուող որեւէ մէկին սահմանումի իսկութիւնն է»:

———————————-

ԾԱՆՕԹԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

(*) Այս շարքը որպէսզի դիւրին կարդացուի՝ յօդուածագիրս զեղչած է աղբիւրներուն յղումները։ Անոնք յետագային պիտի տեսնուին «Սփիւռք․ Ինքնութիւն/Այլութիւն» Բ․ հատորի Ներածութեան մէջ։ Նաեւ՝ ծանօթագրութինները քիչ պահուած են, ու զեղչեալները ձգուած Ներածութեան։

(**) Կենսագրական նշմար: Ծնած է Հալէպ (Սուրիա), 1944-ին: Որդին՝ Մինաս Թէօլէօլեանի (ազգային գործիչ, բանաստեղծ, գրականագէտ, հրապարակագիր, խմբագիր, կրթական մշակ), եւ Գոհար Չոպանեանի (բարեսիրական գործչուհի, կրթական մշակ, թարգմանչուհի): Նախակրթութիւնը ստացած է ծննդավայրի Հայկազեան Վարժարանին մէջ: Ապա ծնողքին հետ Գահիրէ փոխադրուած ըլլալով՝ տարի մը Գալստեան Վարժարան: 8-րդէն 10-րդ ուսումնառութիւնը՝ Պէյրութի International College-ի մէջ:

Ընտանեօք գաղթած էին Միացեալ Նահանգներ: Ան Ուոթըրթաունի տեղական Բարձրագոյն Վարժարանը յաճախած է ու աւարտած: Անցած է Հարվըրտ Համալսարան, հետեւած Մասնկական Կենսաբանութեան (Molecular Biology): Յետոյ՝ Ռոտ Այլընտի Համալսարան, ուր սորված է Ծովային Կենդանաբանութեան (Marine Zoology): Եւ, վերջապէս, նոյն համալսարանին մէջ ճիւղ փոխելով՝ Անկլօ-ամերիկեան գրականութեան մէջ մագիստրոսականի տիրացած: Յետոյ շարունակելով ուսումը Պրաուն Համալսարանէն (Brown University) ներս՝ ստացած է Բաղդատական Գրականութեան իր վարդապետականը («դոկտորական»ը), ներկայացնելով «Form and in-form-ation in narratիve» աւարտաճառը, որուն բովանդակութիւնը կ’երկարի Իլիականէն, Ֆոլքնըր, Ճոյս եւ Միշէլ Պիւթոր:

Յետ համալսարանական ուսման, դասաւանդած է Ուէսլէյըն Համալսարանին մէջ, 1974-էն, եւ պաշտօնավարած մինչեւ 2020-ի աւարտ: Որպէս այցելու դասաւանդած է Միչիկընի, Օրէկոն Սթէյթի, Ճոնզ Հափքինս, Գոլոմպիա Համալսարաններուն մէջ:

Աշխատակցած է Հայ Պարբերական Մամուլին. ընդերկար՝ «Յառաջ»ի, 1976-2006:

Իր անուան կապուած պիտի մնայ մեծ իրագործումը «Diaspora: a journal of transnational studies» պարբերականին:

(***) Ակնարկութիւն՝ Ա․ Ալպօյաճեանի (1879-1962) «Պատմութիւն Հայ Գաղթականութեան» Գ․ հատորին, որ կընդգրկէ «Նոր դար»ու սկիզբէն մինչեւ 20-րդ դարու սկիզբը։ Լոյս տեսած Գահիրէ, 1961-ին։

(Շարունակելի 1)

Comments are closed.