Լոյս տեսաւ Վրէժ-Արմէնի «ՈՍՏԱՅՆ 7 – ՀԱՄԱՍՏԵՂՈՒԹԻՒՆ» հատորը

Լոյս տեսաւ, դարձեալ առցանց, Վրէժ-Արմէնի «Ոստային 7 – Համաստեղութիւն» հատորը, որ երրորդն է, որ անտպագիր կը հրատարակուի։

Ան կը համախմբէ հեղինակին գրած ուղեգրութիւնները Սփիւռքի կարգ մը գաղութներ կատարած իր ճամբորդութիւններուն առթիւ։ Գրքին ներածականին մէջ Վրէժ-Արմէն կը նշէ. «Տեղեկագրութիւն չէ ըրածս, այլ արձանագրութիւնը տպաւորութիւններու եւ անոնց առթած մտորումներուն։ Օրագրային բնոյթ չունին անոնք, սակայն կա՛յ պատմողական գիծ մը, որ կրնայ հեշտացնել ընթերցումը»։

Ուղեգրութիւնները կը վերաբերին Թորոնթօ, Վանգուվըր, Աթլանթա, Մասաչուսեց, Ֆլորիտա, Ֆրեզնօ, Աւստրալիա, Սուրիա ու մանաւանդ Լիբանան այցելութիւններու, իսկ Լիբանանը «կարեւոր տեղ կը գրաւէ այս հատորիս մէջ, «քանի որ իրերու բերմամբ բազմիցս այցելեր եմ Մայրիներու երկիրը», կը գրէ հեղինակը, ապա կ՚աւելցնէ. «Միւս կողմէ, կը բացակային բազմաթիւ գաղթօճախներ, ուր գացեր եմ ու վայելեր նաեւ անո՛նց ասպնջականութիւնը, սակայն յետոյ “Ոստայն”-ներու չեն վերածուեր այդ այցելութիւնները, չեմ գիտեր ինչո՛ւ։ Աւելցնեմ, սակայն, որ գրեթէ իւրաքանչիւր ճամբորդութեանս արձանագրութիւնը պահուած է անկապ օրագրի կամ նամակի ձեւով, եւ օր մը թերեւս ի վերջոյ անոնք եւս կը գրուին, կը պատմուին… Օ՛ր մը»։

Գրութիւններուն կ՚ընկերանան բազմաթիւ լուսանկարներ, որոնք չեն ընդգրկուած էջերը զարդարելու, «այլ շրջապատ մը կամ մթնոլորտ մը ցոյց տալու համար, բառերով չըսուածը պատկերով արտայայտելու նպատակով»։

Վրէժ-Արմէնի ուղեւորական այս պատումները ցարդ ամփոփուած են «Ոստայն 3 – Հաղորդութիւն» եւ «Ոստայն 6 – ժամադրավայր» հատորներուն (երկուքն ալ յատկացուած Հայաստան կատարուած ճամբորդութիւններուն) եւ ներկայ հատորին մէջ։ Այս վերջինին զուգահեռաբար պատրաստուած է ու շուտով լոյս կը տեսնէ «Ոստայն 8 – Ճանապարհներ»-ը, որ նոյնպէս կը բաղկանայ «ուղեգրութիւններէ, արձակուրդային բնոյթի, որոնց մէջ, սակայն, գրեթէ միշտ առկայ են հայութեան հետ առնչումներ կամ մարդկային ապրումներ՝ ոչ միայն հայութեան առնչուած»։

Հեղինակին չորս վերջին հատորները մատչելի են ընթերցողին Հայերէնblog կայքէջի «Գիրքեր» բաժնին մէջ (https://hayerenblog.wordpress.com/ Գիրքեր)։ Այնտեղ կարելի է կարդալ նաեւ հեղինակի ոչ-անձնական բնոյթի նամականին, որ հետզհետէ կ՚ամբողջանայ։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.