Ինչ Կրնայ Տալ «Ներուժ» ծրագիրը Հայաստանին եւ Սփիւռքին. Հարցազրոյց ՀՀ սփիւռքի նախարարի տեղակալ Արամայիս Գրիգորեանի հետ

Horizon Weekly Newspaper

Սփիւռքի նախարարութիւնը FAST եւ IDEA հիմնադրամներու, Դիլիջանի միջազգային դպրոցի (UWC), Impact Hub Yerevan-ի եւ Հայ-ռուսական համալսարանի հետ համատեղ սփիւռքահայ երիտասարդներու համար կ՛իրականացնէ «Ներուժ» ծրագիրը: Մասնակցիլ կրնան արտերկիր մշտապէս բնակող 18-35 տարեկան ազգութեամբ հայ երիտասարդ ձեռներէցները, որոնք ունին գործարար գաղափար եւ պատրաստ են բնակութիւն հաստատելու Հայաստանի կամ Արցախի մէջ:

ՀՀ սփիւռքի նախարարի տեղակալ Արամայիս Գրիգորեան «Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցին մանրամասներ կը ներկայացնէ ծրագիրին մասին:

Նպատակը

– «Ներուժ»-ն իր առջեւ դրած է երկու հիմնական նպատակ. առաջին` սփիւռքահայ երիտասարդներուն ծանօթացնել Հայաստանի գործարար եւ սթարթափ կենսաբանական էկոհամակարգին եւ երկրորդ` Սփիւռքի մէջ բնակող երիտասարդներուն գործարար ծրագիրները ֆինանսաւորելով` բարելաւել Հայաստանի սթարթափ էկոհամակարգը:

Յուլիս 13-ին տրուեցաւ ծրագիրի մեկնարկը եւ սկսաւ յայտադիմումներու ընդունումը, որ պիտի տեւէ 2 ամիս: Սփիւռքահայ երիտասարդներն իրենց ստարթափ ծրագիրները մինչեւ սեպտեմբեր 13 պէտք է ուղարկեն «Ներուժ»-ի կայք-էջի միջոցով` neruzh.am: Ներկայացուած ծրագիրները պիտի անցնին գնահատման փուլ, այնուհետեւ պիտի կատարուի մասնակիցներու ընտրութիւն: Ընտրուած մասնակիցները  պիտի հրաւիրուին Հայաստան` մասնակցելու դեկտեմբեր 16-21 Դիլիջանի UWC դպրոցին մէջ կայանալիք ձեռնարկին: Յաղթող ճանչցուած մինչեւ 10 լաւագոյն  սթարթափները կը ֆինանսաւորուին ծրագիրի ծիրէն ներս` ստանալով մինչեւ 15 միլիոն դրամի աջակցութիւն:

Ինչ կրնայ տալ ծրագիրը Հայաստանին

– Մենք սկիզբէն ի վեր որդեգրած ենք փոխշահաւէտութեան սկզբունքը. Սփիւռքի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան յարաբերութիւնները պէտք է ըլլան փոխշահաւէտ, այլ ոչ թէ` միակողմանի:

Հայրենադարձութիւն իրականացնելու համար մարդոց ֆիզիքական տեղափոխութիւնը եւ անոնց ֆինանսական կարողութիւնները Հայաստան բերելը միայն բաւարար չեն: Հայրենադարձուելու համար մարդոց պէտք է նիւթական եւ ընկերային  որոշակի ապահովութիւն եւ հնարաւորինս նուազ սոցիալական ցնցում: Եթէ Սփիւռքի մէջ ապրողն այսօր որոշէ իր ունեցուածքը վաճառել եւ գալ Հայաստան` ան շատ մեծ վտանգի կը դիմէ: Սակայն այլ է, երբ ան կու գայ եւ կը ծանօթանայ Հայաստանի այն միջավայրին, որուն ծիրէն ներս յետագային կը պատրաստուի գումար վաստակել: Այդ ամէնուն ծանօթանալէ յետոյ` տեղափոխման ցնցումն աւելի փոքր կ՛ըլլայ: Միաժամանակ` իր կեանքի յետագայ ծրագիրներուն մէջ աւելի հեշտ կը տեղաւորուի Հայաստան տեղափոխուելու գաղափարը:

Ինչ  է սփիւռքահայ երիտասարդին «շահը»

– Արդեօ՞ք սփիւռքահայ երիտասարդներն իրենց ապրած երկիրներուն մէջ ունին գործարար ձեռնարկներու  անվճար ծրագիր, որ կ՛առաջարկուի «Ներուժ»-ի կողմէ, արդեօ՞ք որեւէ պետական գերատեսչութիւն կը պաշտպանէ անոնց շահերը, արդեօ՞ք կ’ունենան այն կապերը, իրաւաբանական եւ հաշուապահական խորհրդատուութիւնը, որոնք կրնան ձեռք բերել «Ներուժ»-ի ծիրէն ներս:

Հետեւաբար, սթարթափ հիմնելու համար անոնք երկու հնարաւոր տարբերակ ունին` գալ Հայաստան կամ իրականացնել զայն այն երկիրներուն մէջ, ուր կ՛ապրին: Եւ ի վերջոյ, կարեւոր է նաեւ զգայական պահը` Հայաստան անոնց հայրենիքն է:

Ծրագիրի թիրախային ոլորտները

– Նորարար արհեստագիտութիւններ, գիւղատնտեսութիւն, զբօսաշրջութիւն. այն 3 ոլորտները, որոնք մենք կարեւոր կը համարենք, եւ որոնց զարգացման կարիքը ունի Հայաստանը:

2018 թուականը փորձարարական տարի է, այդ պատճառով է նաեւ, որ ծրագիրին մէջ որոշ սահմանափակումներ  մտցուած են: Մենք առ այժմ չունինք այն բաւարար պաշարները, որոնք կ’օգնէին աւելի հեշտ կազմակերպել գործընթացը, ուստի որոշեցինք որոշակի սահմանափակումներ սահմանել` տարիքային, ոլորտային, որպէսզի փորձարարական տարին աւելի կառավարելի ստացուի: Բացի այդ, ասոնք այն ոլորտներն են, որոնց մէջ հնարաւոր է ներառել շատ տարատեսակ գործարարութիւններ, որոնք ինչ-որ կերպ կը կապուին այդ ոլորտներուն կամ ատոնց ենթաոլորտներուն հետ:

Հետաքրքրութիւնը ծրագիրին նկատմամբ

– Ներկայացնեմ մէկ շաբաթ առաջ ունեցած տուեալները: Մօտ 66-է աւելի դիմում. այս ընթացքին թիւը բաւականին աճած կ՛ըլլայ: Դիմողները հիմնականին մէջ ԱՄՆ-էն եւ Ռուսաստանէն են, այն երկու երկիրներէն, ուր հայկական համայնքները մեծ են:

Հետաքրքրուածութիւնն այս պահի դրութեամբ, համեմատաբար, աւելի շատ նորարար արհեստագիտութիւններու ոլորտի նկատմամբ է: Երեք ոլորտները, իրա կանութեան մէջ, կը ներառեն իրենց ենթաոլորտները: Եւ ըստ էութեան, ցանկութեան պարագային, տարատեսակ գործարարութիւններ  հնարաւոր է իրականացնել այդ ծիրէն ներս: Եթէ օրինակ, բժշկութեան ոլորտն ընդգրկող ծրագիրն ունի նորարարական լուծումներ` հնարաւոր է ներառել նորարար արհեստագործութիւններու մէջ:

Գործընկերներ

– Այս ծրագիրին մէջ շատ կարեւոր դեր  խաղցած են գործընկերները. համակազմակերպիչ` FAST հիմնադրամ, գործընկերներ` IDEA հիմնադրամ, Դիլիջանի միջազգային դպրոց (UWC) եւ Impact Hub Yerevan: Աւելի ուշ մեզի միացաւ նաեւ հայ-ռուսական համալսարանը:Այնչափ շնորհակալ ենք անոնց` գործընկերութեան համար: Պատրաստ ենք նաեւ նոր գործընկերներու առաջարկները լսելու: Կան կազմակերպութիւններ, որոնց հետ այս պահուն համագործակցութիւնն ընթացքի մէջ է եւ բանակցային փուլի մէջ:

Որպէս վերջաբան

– Հոկտեմբեր 7-ին կը յայտարարուին այն մասնակիցներուն անունները, որոնք կը ժամանեն Հայաստան: Հոկտեմբեր 7-էն մինչեւ դեկտեմբեր 16 պիտի զբաղինք նախապատրաստական աշխատանքներով: Դեկտեմբեր 16-21 Դիլիջանի մէջ կը կայանայ ծրագիրի հիմնական մասը, որուն ընթացքին ժիւրին, որուն կազմին մէջ կ՛ըլլան Սփիւռքի նախարարութեան, գործընկեր կառոյցներու ներկայացուցիչներ, ներդրողներ, գործարար ոլորտի մասնագէտներ, կը գնահատէ ներկայացուած ծրագիրները:

2019 թուականի ընթացքին յաղթողները Հայաստանի մէջ կը հիմնեն գործարար` ըստ իրենց սթարթափ ծրագիրին: Առաջին 4 ամիսներուն ընթացքին անվճար փորձարարական ծրագիրով, խորհրդատուով, գործածարութեան համար նախատեսուած տարածքով անոնց կ՛օգնէ FAST հիմնադրամը, ինչպէս նաեւ ֆինանսական եւ իրաւաբանական խորհրդատուութեամբ, յաջորդ 8 ամիսը` Impact Hub Yerevan-ը:

Լուսինէ Աբրահամեան

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.