Ինչ Կրնայ Տալ «Ներուժ» ծրագիրը Հայաստանին եւ Սփիւռքին. Հարցազրոյց ՀՀ սփիւռքի նախարարի տեղակալ Արամայիս Գրիգորեանի հետ
Սփիւռքի նախարարութիւնը FAST եւ IDEA հիմնադրամներու, Դիլիջանի միջազգային դպրոցի (UWC), Impact Hub Yerevan-ի եւ Հայ-ռուսական համալսարանի հետ համատեղ սփիւռքահայ երիտասարդներու համար կ՛իրականացնէ «Ներուժ» ծրագիրը: Մասնակցիլ կրնան արտերկիր մշտապէս բնակող 18-35 տարեկան ազգութեամբ հայ երիտասարդ ձեռներէցները, որոնք ունին գործարար գաղափար եւ պատրաստ են բնակութիւն հաստատելու Հայաստանի կամ Արցախի մէջ:
ՀՀ սփիւռքի նախարարի տեղակալ Արամայիս Գրիգորեան «Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցին մանրամասներ կը ներկայացնէ ծրագիրին մասին:
Նպատակը
– «Ներուժ»-ն իր առջեւ դրած է երկու հիմնական նպատակ. առաջին` սփիւռքահայ երիտասարդներուն ծանօթացնել Հայաստանի գործարար եւ սթարթափ կենսաբանական էկոհամակարգին եւ երկրորդ` Սփիւռքի մէջ բնակող երիտասարդներուն գործարար ծրագիրները ֆինանսաւորելով` բարելաւել Հայաստանի սթարթափ էկոհամակարգը:
Յուլիս 13-ին տրուեցաւ ծրագիրի մեկնարկը եւ սկսաւ յայտադիմումներու ընդունումը, որ պիտի տեւէ 2 ամիս: Սփիւռքահայ երիտասարդներն իրենց ստարթափ ծրագիրները մինչեւ սեպտեմբեր 13 պէտք է ուղարկեն «Ներուժ»-ի կայք-էջի միջոցով` neruzh.am: Ներկայացուած ծրագիրները պիտի անցնին գնահատման փուլ, այնուհետեւ պիտի կատարուի մասնակիցներու ընտրութիւն: Ընտրուած մասնակիցները պիտի հրաւիրուին Հայաստան` մասնակցելու դեկտեմբեր 16-21 Դիլիջանի UWC դպրոցին մէջ կայանալիք ձեռնարկին: Յաղթող ճանչցուած մինչեւ 10 լաւագոյն սթարթափները կը ֆինանսաւորուին ծրագիրի ծիրէն ներս` ստանալով մինչեւ 15 միլիոն դրամի աջակցութիւն:
Ինչ կրնայ տալ ծրագիրը Հայաստանին
– Մենք սկիզբէն ի վեր որդեգրած ենք փոխշահաւէտութեան սկզբունքը. Սփիւռքի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան յարաբերութիւնները պէտք է ըլլան փոխշահաւէտ, այլ ոչ թէ` միակողմանի:
Հայրենադարձութիւն իրականացնելու համար մարդոց ֆիզիքական տեղափոխութիւնը եւ անոնց ֆինանսական կարողութիւնները Հայաստան բերելը միայն բաւարար չեն: Հայրենադարձուելու համար մարդոց պէտք է նիւթական եւ ընկերային որոշակի ապահովութիւն եւ հնարաւորինս նուազ սոցիալական ցնցում: Եթէ Սփիւռքի մէջ ապրողն այսօր որոշէ իր ունեցուածքը վաճառել եւ գալ Հայաստան` ան շատ մեծ վտանգի կը դիմէ: Սակայն այլ է, երբ ան կու գայ եւ կը ծանօթանայ Հայաստանի այն միջավայրին, որուն ծիրէն ներս յետագային կը պատրաստուի գումար վաստակել: Այդ ամէնուն ծանօթանալէ յետոյ` տեղափոխման ցնցումն աւելի փոքր կ՛ըլլայ: Միաժամանակ` իր կեանքի յետագայ ծրագիրներուն մէջ աւելի հեշտ կը տեղաւորուի Հայաստան տեղափոխուելու գաղափարը:
Ինչ է սփիւռքահայ երիտասարդին «շահը»
– Արդեօ՞ք սփիւռքահայ երիտասարդներն իրենց ապրած երկիրներուն մէջ ունին գործարար ձեռնարկներու անվճար ծրագիր, որ կ՛առաջարկուի «Ներուժ»-ի կողմէ, արդեօ՞ք որեւէ պետական գերատեսչութիւն կը պաշտպանէ անոնց շահերը, արդեօ՞ք կ’ունենան այն կապերը, իրաւաբանական եւ հաշուապահական խորհրդատուութիւնը, որոնք կրնան ձեռք բերել «Ներուժ»-ի ծիրէն ներս:
Հետեւաբար, սթարթափ հիմնելու համար անոնք երկու հնարաւոր տարբերակ ունին` գալ Հայաստան կամ իրականացնել զայն այն երկիրներուն մէջ, ուր կ՛ապրին: Եւ ի վերջոյ, կարեւոր է նաեւ զգայական պահը` Հայաստան անոնց հայրենիքն է:
Ծրագիրի թիրախային ոլորտները
– Նորարար արհեստագիտութիւններ, գիւղատնտեսութիւն, զբօսաշրջութիւն. այն 3 ոլորտները, որոնք մենք կարեւոր կը համարենք, եւ որոնց զարգացման կարիքը ունի Հայաստանը:
2018 թուականը փորձարարական տարի է, այդ պատճառով է նաեւ, որ ծրագիրին մէջ որոշ սահմանափակումներ մտցուած են: Մենք առ այժմ չունինք այն բաւարար պաշարները, որոնք կ’օգնէին աւելի հեշտ կազմակերպել գործընթացը, ուստի որոշեցինք որոշակի սահմանափակումներ սահմանել` տարիքային, ոլորտային, որպէսզի փորձարարական տարին աւելի կառավարելի ստացուի: Բացի այդ, ասոնք այն ոլորտներն են, որոնց մէջ հնարաւոր է ներառել շատ տարատեսակ գործարարութիւններ, որոնք ինչ-որ կերպ կը կապուին այդ ոլորտներուն կամ ատոնց ենթաոլորտներուն հետ:
Հետաքրքրութիւնը ծրագիրին նկատմամբ
– Ներկայացնեմ մէկ շաբաթ առաջ ունեցած տուեալները: Մօտ 66-է աւելի դիմում. այս ընթացքին թիւը բաւականին աճած կ՛ըլլայ: Դիմողները հիմնականին մէջ ԱՄՆ-էն եւ Ռուսաստանէն են, այն երկու երկիրներէն, ուր հայկական համայնքները մեծ են:
Հետաքրքրուածութիւնն այս պահի դրութեամբ, համեմատաբար, աւելի շատ նորարար արհեստագիտութիւններու ոլորտի նկատմամբ է: Երեք ոլորտները, իրա կանութեան մէջ, կը ներառեն իրենց ենթաոլորտները: Եւ ըստ էութեան, ցանկութեան պարագային, տարատեսակ գործարարութիւններ հնարաւոր է իրականացնել այդ ծիրէն ներս: Եթէ օրինակ, բժշկութեան ոլորտն ընդգրկող ծրագիրն ունի նորարարական լուծումներ` հնարաւոր է ներառել նորարար արհեստագործութիւններու մէջ:
Գործընկերներ
– Այս ծրագիրին մէջ շատ կարեւոր դեր խաղցած են գործընկերները. համակազմակերպիչ` FAST հիմնադրամ, գործընկերներ` IDEA հիմնադրամ, Դիլիջանի միջազգային դպրոց (UWC) եւ Impact Hub Yerevan: Աւելի ուշ մեզի միացաւ նաեւ հայ-ռուսական համալսարանը:Այնչափ շնորհակալ ենք անոնց` գործընկերութեան համար: Պատրաստ ենք նաեւ նոր գործընկերներու առաջարկները լսելու: Կան կազմակերպութիւններ, որոնց հետ այս պահուն համագործակցութիւնն ընթացքի մէջ է եւ բանակցային փուլի մէջ:
Որպէս վերջաբան
– Հոկտեմբեր 7-ին կը յայտարարուին այն մասնակիցներուն անունները, որոնք կը ժամանեն Հայաստան: Հոկտեմբեր 7-էն մինչեւ դեկտեմբեր 16 պիտի զբաղինք նախապատրաստական աշխատանքներով: Դեկտեմբեր 16-21 Դիլիջանի մէջ կը կայանայ ծրագիրի հիմնական մասը, որուն ընթացքին ժիւրին, որուն կազմին մէջ կ՛ըլլան Սփիւռքի նախարարութեան, գործընկեր կառոյցներու ներկայացուցիչներ, ներդրողներ, գործարար ոլորտի մասնագէտներ, կը գնահատէ ներկայացուած ծրագիրները:
2019 թուականի ընթացքին յաղթողները Հայաստանի մէջ կը հիմնեն գործարար` ըստ իրենց սթարթափ ծրագիրին: Առաջին 4 ամիսներուն ընթացքին անվճար փորձարարական ծրագիրով, խորհրդատուով, գործածարութեան համար նախատեսուած տարածքով անոնց կ՛օգնէ FAST հիմնադրամը, ինչպէս նաեւ ֆինանսական եւ իրաւաբանական խորհրդատուութեամբ, յաջորդ 8 ամիսը` Impact Hub Yerevan-ը:
Լուսինէ Աբրահամեան