Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահը Հայաստանին Կոչ Կ՝ընէ Այլեւս Ցեղասպանութեան Մասին Չխօսելու

Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահ Պինալի Եըլտըրըմ, Անթալիայի մէջ տեղի ունեցած Եւրասիական խորհրդարաններու խօսնակներու 3-րդ հանդիպման ժամանակ յայտարարած է, որ Հայաստանը պէտք է վերջ տայ իր «անհեթեթ պնդումներուն»։Այս մասին կը գրէ Nouvelles d’Armenie-ն։

Եըլտըրըմ նշած է, որ հանդիպման արդիւնքներով ընդունուած է լաւ յայտարարութիւն, աւելցնելով, որ առանձին երկիրներու մեղադրանքները կը հակասեն հանդիպման նպատակին։

Եըլտըրըմ ըսած է, որ հանդիպման ընթացքին Հայաստանի ԱԺ փոխխօսնակ Էդուադ Շարմազանովը որոշակի յայտարարութիւններ ըրած է։

«Հնարաւոր չէ, որ մենք ընդունինք բացատրութիւններ, որոնք կը խեղաթիւրեն իրականութիւնը՝ տարածաշրջանային ու համաշխարհային այս կարեւոր հանդիպման ժամանակ։ Եթէ Հայաստանը իրօք կ՝ուզէ բարելաւել իր յարաբերութիւնները Թուրքիոյ հետ, ուստի ան պէտք է վերջ դնէ այսպէս կոչուած ցեղասպանութեան վերաբերեալ իր անհեթեթ պնդումներուն։ Անիկա պէտք է պատմաբաններուն արտօնէ ուսումնասիրել պատմական փաստերը»,- ըսած է Եըլտըրըմ։

Ան նշած է, թէ Հայաստան իր ընտրութեամբ մեկուսացուած է տարածաշրջանէն։

«Հայաստանը միայն խաղաղ քաղաքականութեամբ կրնայ կարգաւորել իր յարաբերութիւնները հարեւաններու հետ ու նպաստել Հարաւային Կովկասի մէջ կայունութեան ու զարգացման»,- ըսած է Եըլտըրըմ։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.