Թուրքիա Հայաստանի սահմանին պատ կը կառուցէ

Թրքական իշխանութիւնները Սուրիոյ հետ սահմանին վրայ ապահովութեան պատ կառուցելէ ետք, նոյն ծրագիրը կը գործադրեն նաեւ Հայաստանի եւ Իրանի հետ սահմանին վրայ, կը հաղորդէ «Էրմենի հապեր»-ը՝ ոգեկոչելով թրքական «ANFNews» լրատու գործակալութիւնը:
Հայ-թրքական եւ թուրք-իրանեան սահմանին Թուրքիա կը նախատեսէ կառուցուելիք պատին հետ միասին հաստատել նաեւ «սահմանային անվտանգութեան ամբողջական համակարգ», որ մնայուն վերահսկողութիւն պիտի ապահովէ նշեալ սահմաններուն վրայ:
Ըստ աղբիւրին՝ երկրի սահմանները կը պարսպապատուին ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ծիրին մէջ:
«ANFNews» կը յիշեցնէ, որ 2017 Յունուարին Թուրքիոյ քաղաքական քուլիսներուն մէջ յայտնի դարձաւ, որ երկրին Պաշտպանութեան եւ Ելմտական նախարարութիւններու միացեալ նախաձեռնութեամբ հայ-թրքական սահմանը պիտի պարսպապատուի Արտահան, Կարս եւ Իգդիր քաղաքներու կողմէն։
Ատկէ որոշ ժամանակ յետոյ ալ Եւրոպական Միութեան եւ Թուրքիոյ միացեալ գանձատրմամբ ականազերծման աշխատանքներ սկսան Թուրքիոյ այն տարածքներուն մէջ, որոնք սահմանակից են Հայաստանին, Ազէրպայճանին եւ Իրանին:
Ատոր վերաբերեալ Թուրքիոյ գլխաւոր ընդդիմադիր Ժողովրդահանրապետական կուսակցութեան (CHP) Պոլսոյ երեսփոխան Մահմութ Թանալ հարցում ուղղած էր Պաշտպանութեան նախարար Ֆիքրի Ըշըքի: Վերջինս հաստատած էր, որ Թուրքիա կը պատրաստուի Հայաստանի եւ Իրանի հետ սահմանին ապահովութեան պատ կառուցելու:
Այդ ծրագրին մասին որոշ տեղեկութիւններ յայտնած էր նաեւ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն մերձ թուրք ծանօթ սիւնակագիր Ապտիւլքատիր Սելվի: Վերջինս «Hürriyet» օրաթերթին համար գրած յօդուածին մէջ նշած էր.
«PKK-ն թուրք-իրանեան սահմանին ռազմաճամբարներ ունի։ Անոնք ներխուժելով Թուրքիա՝ գործողութիւններ կը կատարեն, ապա ետ կը վերադառնան։ Աղրը նահանգին մէջ ահաբեկիչներուն դէմ մեր կողմէ կատարուած գործողութիւններու ժամանակ անոնք փախան դէպի այդ ռազմաճամբարները։ Ի պատասխան ատոր՝ Աղրը-Իգդիր սահմանը կը փակենք 70 քմ. երկարութեամբ պատով»։
Նկարը՝ Սուրիոյ սահմանամերձ Քիլիս քաղաքի շուրջ բարձրացուած սահմանապատին մօտ կը հսկէ թուրք զինուոր մը։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.