Ըստ Իսիի փոխքաղաքապետ Արթուր Խանճեանի 51 թուրքեր թեկնածու են Ֆրանսայի խորհրդարանական ընտրութիւններուն

Ֆրանսայի «Նոր Յառաջ» թերթին հետ կայացած հարցազրոյցի մը ընթացքին, Փարիզի մերձակայ Իսի Տէ Մուլինօ շրջանի փոխ քաղաքապետ Արթուր Խանճեան կը յայտնէ, թէ Յունիսին կայանալիք Ֆրանսայի Ազգային Ժողովի ընտրութիւններուն Ֆրանսայի թուրք համայնքը պիտի մասնակցի 51 թեկնածուներով։ Նշենք, որ Ֆրանսայի Ազգային Ժողովի ընտրութիւնները պիտի կայանան 11 եւ 18 Յունիսին, որու ընթացքին պիտի ընտրուին խորհրդարանի 577 անդամներ։

Ըստ Radio France Internationale-ի Ֆրասնայի թուրք համայնքի թիւը 275 հազար է։

Նկարը՝ Արթուր Խանճեան նախագահ Հոլլանտի հետ։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.