Ըստ թրքական կայքէջին՝ Թուրքիոյ մէջ կ՛ապրի 300 000 համշէնցի

Թրքական ամենաընթերցուող ժամանցային կայքերէն onedio.com-ը յատուկ անդրադարձ  մը հրապարակած է համշէնցի հայերու մասին` մարդոց ուշադրութիւնը հրաւիրելով անոնց խնդիրներուն, ծագման ու աւանդոյթներու վերաբերեալ բազմաթիւ հարցերու վրայ, կը հաղորդէ «Թերթ»-ը:

«Մայրենին կորսնցնելու վտանգին տակ գտնուող սեւծովեան ժողովուրդ մը. Համշէնցիներ» վերնագիրով յօդուածին մէջ կը նշուի, որ համշէնցիները իսլամացուած են դարեր առաջ` Օսմանեան կայսրութեան ժամանակաշրջանին: Նիւթին հեղինակները ընդգծած են, որ թէեւ Թուրքիոյ մէջ համշէնցիներու էթնիկ ծագման վերաբերեալ տարակարծութիւնները շատ են` առկայ են օսմանեան արխիւային փաստաթուղթեր, ուր համշէնցիները կը յիշատակուին որպէս կրօնափոխ հայեր:

Նիւթին մէջ նոյնիսկ կցուած է տուեալ արխիւային փաստաթուղթին պատճէնը, որ աւելի առաջ հրապարակուած էր «Ակօս» հայկական պարբերականին կողմէ:

Յօդուածին հեղինակները կ՛ենթադրեն, որ այժմ ամբողջ Թուրքիոյ մէջ կ՛ապրի մօտ 300 000 համշէնցի:

Նշուած են նաեւ անոնց հիմնական բնակավայրերը. արեւելեան համշէնցիները հիմնականօրէն կեդրոնացած են Արդվինի Խոփա, Քեմալփաշայ, Պորչկայ շրջաններուն մէջ, իսկ արեւմտեան համշէնցիները` Ռիզէի Հէմշին, Չամլըհէմշին եւ Չայելի շրջաններուն մէջ, որոնք ալ կը կազմեն պատմական բուն Համշէնի տարածքը:

Ի դէպ` հայերէն կը խօսին հիմնականօրէն արեւելեան համշէնցիները` Արդվինի գիւղերուն մէջ ապրող մօտ 30-40 հազար համշէնահայ:

«Իրականութեան մէջ անոնց կիրառած լեզուն յայտնի է որպէս արեւմտահայերէնի բարբառներէն մէկը: Եկէք մէկ կողմ դնենք անոնց հայ կամ թուրք ըլլալը. այս ժողովուրդի միակ ցանկութիւնը իրենց մայրենին չկորսնցնելն ու եկող սերունդներուն փոխանցելն է», – կը գրէ կայքը:

Յիշեցնենք, որ Համշէնի հայկական բարբառը UNESCO-ի կողմէ դասուած է վերացման վտանգի տակ գտնուող լեզուներու շարքին:ականբ

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.