«Եւրօ-2024». Հայաստանի Ֆութպոլի Ազգային Հաւաքականը 1-0 Արդիւնքով Պարտութիւն Մը Կրեց Իր Հիւրէն` Խրուաթիայէն
«ԵՒՐՕ-2024»-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան 6-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը, Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին մէջ հիւրընկալեց աշխարհի ախոյեանութեան պրոնզէ մետալակիր Խրուաթիան:
Նախքան մանրամասնութիւնները ներկայացնելը նշենք, որ մրցումին մեկնարկը տրուելէն առաջ, հայրենի անուանի եւ փորձառու ֆութպոլիստ Գէորգ Ղազարեան, որ վերջերս աւարտած էր ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը, վերջին հրաժեշտը տուաւ հայ համակիրներուն:
Ալեքսանտր Փեթրաքովի գլխաւորած կազմը` Հայաստան, Ա. կիսախաղին 1-0 արդիւնքով պարտուեցաւ, երբ 15-րդ վայրկեանին գերմանական Հոֆընհայմի 32 տարեկան յառաջապահ Անտրէյ Քրամարիչ նշանակեց մրցումին առաջին կոլը, «ՎԱՐ» համակարգի կրկնութենէն ետք:
Ա. կիսախաղի վերջերուն, մարզադաշտին վրայ սաւառնեցաւ Արցախի դրօշակը: Մրցումը քանի մը վայրկեանով ընդհատուեցաւ:
Բ. կիսախաղին երկու կազմերն ալ փորձեցին կոլ նշանակել, սակայն անոնց փորձերը անցան ապարդիւն, եւ մրցումը վերջ գտաւ հիւր կազմին յաղթանակով` 1-0 արդիւնքով:
Պէտք է նշել, որ մրցումին տեւողութեան հիւր կազմը ինք էր, որ գնդակին աւելի տիրապետեց եւ կոլ նշանակելու ստոյգ առիթներ ստեղծեց:
Comments are closed.