Եղբայրական հանդիպում Արամ Ա. Վեհափառ հայրապետին եւ Յունաստանի եկեղեցւոյ պետին միջեւ

14 Մարտ 2023-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս այցելեց Յունաստանի եկեղեցւոյ հոգեւոր կեդրոնը, ուր ան ջերմօրէն դիմաւորուեցաւ Աթէնքի եւ համայն Յունաստանի Արքեպիսկոպոս Երոնիմոս Բ.ին կողմէ:

Արքեպիսկոպոսին շուրջ ներկայ էին մետրոպոլիտներ, եպիսկոպոսներ ու քահանայ հայրեր։

Վեհափառ Հայրապետը իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ հայ եւ յոյն եկեղեցիներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող դարաւոր սերտ յարաբերութեան ու գործակցութեան: Ան ըսաւ, որ պատմութեան ընթացքին, պայմաններու բերումով, աստուածաբանական տարբեր մօտեցումներ ու մեկնաբանութիւններ բաժնեցին մեր եկեղեցիները, սակայն հիմնական հարցերու շուրջ մենք որդեգրեցինք նոյն մօտեցումները: Շարունակելով իր խօսքը՝ Նորին Ս. Օծութիւնը ըսաւ, թէ այսօր մենք կը գործակցինք մեր հաւաքական արժէքներուն եւ Ցեղասպանութեան առնչուած մեր դատին գծով: Մեր սերտ գործակցութիւնը չէ սահմանափակուած Յունաստանի սահմաններէն ներս, այլ գոյութիւն ունի հոն՝ ուր հայ եւ յոյն գաղութներ կան: Հայրապետը յիշելով անցնող շաբաթներուն տեղի ունեցած շոգեկառքի արկածը՝ իր խոր ցաւակցութիւնը յայտնեց Արք. Երոնիմոս Բ.ին: Իր խօսքի աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը իր ջերմ շնորհակալութիւնը յայտնեց հայ համայնքին նկատմամբ յոյն եկեղեցւոյ ցուցաբերած աջակցութեան ու նախանձախնդրութեան համար:

Երոնիմոս Արքեպիսկոպոս, իր կարգին, յատուկ կերպով ողջունեց Վեհափառ Հայրապետին Յունաստան այցելութիւնը: Ան յիշեց Հայրապետին դերը միջ-եկեղեցական աշխարհէն ներս եւ աստուածաբանական երկխօսութեանց զարգացման մէջ: Արքեպիսկոպոսը նաեւ անդրադարձաւ Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ համայնքներու դիմագրաւած դժուարութեանց եւ իր զօրակցութիւնը յայտնեց շրջանի եկեղեցիներուն: Խօսելով հայ եւ յոյն եկեղեցիներու մասին՝ ան յիշեց, որ պատմական կապերով ամրապնդուած են մեր եկեղեցիներուն գործակցութիւնը: Արքեպիսկոպոսը նաեւ իր գնահատանքը յայտնեց Յունաստանի զարգացման ու յառաջդիմութեան մէջ յունահայութեան բերած դրական մասնակցութեան:

Երկու հոգեւոր պետերու պաշտօնական խօսքերու աւարտին տեղի ունեցաւ յուշանուէրներու փոխանակում:

Կէսօրին, ի պատիւ Վեհափառ Հայրապետին, Յունաստանի եկեղեցւոյ պետը սարքեց ճաշկերոյթ, որուն ներկայ էին Յունաստանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեան, առաջնորդական փոխանորդ եւ Գոմոթինի շրջանի հոգեւոր հովիւ Գերպ. Տ. Յովհաննէս Ծ. Վրդ. Սաղտըճեան, Կաթողիկոսարանի Միջին Արեւելքի միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց վարիչ Հոգշ. Տ. Սարգիս Վրդ. Աբրահամեան, Թեսաղոնիկէի հոգեւոր հովիւ Հոգշ. Տ. Եղիա Աբղ. Մալխասեան եւ յոյն հոգեւորականներ։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.