Եթէ Յեղաշրջումը Յաջողէր, Թուրքիոյ Արեւելքը Հայկական Պետութիւն Պիտի Ստեղծուէր. Թուրք Դատախազ

Թուրքիոյ նախկին ռազմական դատախազ Ահմեթ Զեքի Ուչոք անդրադարձած է այն հարցին, թէ ինչ կրնար տեղի ունենալ, եթէ 2016-ի Յուլիս 15-ի յեղաշրջման փորձը չձախողէր: Թրքական իշխանամէտ «Yeni Akit» թերթի կայքի տեղեկացմամբ` Ուչոք կարծիք յայտնած է, որ այդ պարագային Թուրքիոյ մէջ արիւնահեղութիւն տեղի պիտի ունենար, կը հաղորդէ «Էրմէնի հապեր»-ը:

Թուրք դատախազին խօսքով, եթէ յեղաշրջումը յաջողութեամբ աւարտէր, Թուրքիան պիտի մասնատուէր. երկրի հարաւարեւելքը  քրտական, իսկ արեւելքը` հայկական պետութիւններ պիտի ստեղծուէին: Միեւնոյն ժամանակ, Ուչոք տեսակէտ յայտնած է, թէ այդ պարագային Թուրքիան ալ պիտի անցնէր Միացեալ Նահանգներու հովանաւորութեան տակ:

Թուրքիոյ մէջ ահաբեկչական խմբաւորում համարուող Կիւլենական համայնքի (FETճ) անդամներուն դէմ առաջին հետաքննութիւնը յարուցած դատախազը մասնաւորապէս ըսած է.

«Թուրքիան պիտի մասնատուէր, յետոյ երկրին մէջ մեծ կոտորածներ պիտի սկսէին: Անոնք ոչ թէ դատարանի առջեւ պիտի կանգնէին, այլ նոյն յեղաշրջման ընթացքին ուղղակի պիտի սպաննէին բոլոր զանոնք, որոնք ընդդիմադիր կը համարէին: Իսկ յեղաշրջումէն ետք իշխանութեան եկած նոր դէմքերը անկասկած պիտի ըլլային այն երկիրներու դրածոները, որոնց հետախուզական կառոյցներու հետ անոնք կապուած են»:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.