Դաշնակցական պահեստազօրի հրաձգային գումարտակը վարժական հաւաք կը կատարէ – (video)

Նոյեմբեր 16-ին, «Երկիր Մետիա»ն հրապարակեց տեսանիւթ մը, ուր կը ներկայացուի Դաշնակցական պահեստազօրի առանձին հրաձգային գումարտակի վարժական հաւաքը։

Յիշեցնենք, որ 2016-ի Արցախեան քառօրեայ պատերազմի ընթացքին հարիւրաւոր դաշնակցական կամաւորներ մեկնեցան առաջնագիծ հայ զինուորի կողքին հայրենիքը պաշտպանելու։ Պատերազմէն ետք ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, ուր մասնաւորապէս կը նշուէր. «2016 թուականի Ապրիլ 2-էն սկսած լայնածաւալ մարտական գործողութիւններուն յանպատրաստից կամաւորականներու մասնակցութիւնը վեր հանեց կազմակերպչական եւ պատրաստուածութեան մի շարք հարցեր, որոնք անհրաժեշտ է իրականացնել այս սպառնալից ժամանակաշրջանին, այդ իսկ պատճառով ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութեան հետ համաձայնեցուած, ՀՅԴ Գերագոյն Մարմինը որոշում կայացուցած` կազմել կամաւորականներու պահեստային գումարտակ, որու կիրառումը կը նախատեսուի միայն լայնածաւալ մարտական գործողութիւններու վերսկսման պարագային»:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.