Դաշնակցական Մամուլը
Միհրան Քիւրտօղլեան
(ներկայացուած՝ Հ.Յ.Դ. Եւրոպայի երիտասարդականներու համագումարին, 12 Մայիս 2019ին, Աթէնք: Հոս՝ խտացուած)
Մամուլը՝ ընդհանրապէս Ի՞նչ կը նշանակէ «մամուլ»
Բառացի՝ երկաթագործի յատուկ գործիք մըն է, որ կը ծառայէ առարկայ մը ամուր բռնելու, անշարժացնելու նպատակի: Հին տարիներուն, մինչեւ 1960-70 թուականները հատիկ-հատիկ, քով-քովի կը շարուէին բառի մը գիրերը եւ այդպէս կը կազմուէր էջը ափսէի մը վրայ, որ տպագրական մեքենայի մամուլին մէջ կ՚ամրացուէր, որպէսզի գիրերը չտարտղնուին եւ կը տպուէր թերթը, այսինքն մամուլէն լոյսին կուգար, լոյս կը տեսնէր թերթը: Այս ձեւով է, որ «մամուլ» բառը փոխաբերաբար ստացած է այսօրուան իմաստը եւ ոչ միայն հայերէնի մէջ:
Հետագային, ձայնասփիւռի եւ հեռատեսիլի բազմացումով գործածական դարձաւ «գրաւոր կամ տպագիր մամուլ» բացատրութիւնը զատորոշելու համար մէկը միւսներէն…:
Սկզբնական շրջանին եւ երկար ժամանակի համար մամուլի ոգին եւ ուժը մտաւորականութիւնն էր: Ան էր, որ հանրային կարծիք կը մշակէր եւ ուղղութիւն կու տար քաղաքացիներու քայլերուն: Եւ փոխադարձաբար՝ հասարակութեան, ժողովրդային խաւերու տեսակէտներուն, փափաքներուն, սպասումներուն կ՚արձագանգէր եւ ձեւով մը ան կը դառնար ժողովուրդի հայելին…
Մեծ է մամուլին դերը ժողովրդավարութեան տարածման, զարգացման ու ամրացման գործին մէջ: Եւ, որքան որ ժողովրդավարութիւնը զարգացաւ, խօսքի ազատութիւնը անկապտելի իրաւունք դարձաւ, այնքան աւելի մամուլին դերը եւ ուժը աւելցան այն աստիճան, որ քաղաքական գործիչներ, ղեկավարներ կը յարգէին մամուլը, կ՚ակնածէին անկէ, նոյնիսկ կը վախնային մամուլէն…:
Ճիշդ այս պատճառով ալ մամուլին տրուեցաւ 4րդ իշխանութեան հանգամանք ժողովրդավարութեան մէջ՝ օրէնսդիր, գործադիր ու դատական իշխանութիւններէն վերջ:
Նոյն պատճառով ալ բռնապետներ (տիքտաթորներ) երկրի իշխանութիւնը իրենց ձեռքին մէջ առնելէ, ժողովրդավարութիւնը ջնջելէ անմիջապէս ետք խիստ գրաքննութիւն կը հաստատեն մամուլին վրայ: Ազատ մամուլը բռնապետերուն մեծագոյն թշնամին է…:
Մամուլի ուժէն օգտուելու համար աշխուժացաւ դրամագլուխը, «capital»ը: Դրամատէրեր հրատարակութիւններ գնեցին կամ ստեղծեցին, իրենց թերթ-պարբերաթերթերով ողողեցին հրապարակը, տէր դարձան ռատիօ-հեռատեսիլի կայաններու: Անկարելի եղաւ դրամագլուխին դէմ մրցիլ եւ հանրային կարծիք մշակող մտաւորական լրագրողներ դարձան դրամատէրերու պաշտօնեայ եւ ենթակայ՝ անոնց հաշիւներուն, շահերուն…:
Այսօր, մամուլի ազդեցութիւնը մեծ համեմատութիւններու հասած է, բայց անկէ օգտուողը դրամագլուխն է, դրամատէրերն են: Այդ ուժով է, որ ի գործ կը դրուի դիմագիծ ձեւաւորելու, (image maker)ի հնարքը, որու շնորհիւ որեւէ քաղաքագէտ վեր կը բարձրացուի, կ՚ազնուացուի, ժողովուրդին սիրելին-նախընտրելին կը դառնայ կամ կը մրոտուի, վար կը զարնուի: Ներկայիս, քաղաքական ղեկավարներ շատ աւելի հլու-հնազանդ են մամուլին, որ կը նշանակէ դրամագլուխին: Որով, կարելի է ըսել, թէ իրականին մէջ հիմա շա՜տ աւելին է մամուլը, քան «4րդ իշխանութիւն» ըսուածը:
Պէտք է ըսել եւ ընդգծել, որ հայկական մամուլը եւ մանաւանդ դանակցական մամուլը սկիզբէն, առաջին օրէն մինչեւ այսօր եղա’ծ է եւ է’
գաղափարի ծառայող, քաղաքական նպատակ հետապնդող, ազգի շահը պաշտպանող գործօն, որովհետեւ անոր տէրը դրամագլուխը չէ եղած երբեք, այլ եղած է կուսակցութիւնը: Աւելին. ան երբե’ք ոչ միայն շահաբեր չէ եղած, այլեւ անոր բացը «deficit»ը գոցելու, պիւտճէն հաւասարակշռելու համար կուսակցութեան պատասխանատու ժողովները յատուկ պիւտճէներ կը քուէարկեն՝ իրենց մամուլին անխափան հրատարակութիւնը ապահովեու համար:
Հպանցիկ ակնարկ ՝ դաշնակցական մամուլին կարեւոր դերին մասին.
Թուրք տիրապետութեան դէմ ասդին-անդին կռուող խումբերը միացնելու եւ «դաշնակցութիւն» հիմնադրելու թէ՝ գաղափարը եւ թէ՝ կազմակերպութիւնը ծնունդ առաւ Թիֆլիսի մէջ՝ 1890ին, ինչ որ ինքնին բարոյական մեծ նշանակութիւն ունի այն իմաստով, որ յեղափոխական մտաւորականներ, որոնք յարաբերաբար աւելի հանգիստ պայմաններու տակ կ՚ապրէին, կուսակցութիւն կը հիմնէին, կեանքերնին կը վտանգէին ոչ թէ իրենց հաշւոյն, այլ թրքական տիրապետութեան տակ տառապող հայութեան սիրոյն: Ասիկա աւելի վերջ սքանչելի կերպով պիտի բանաձեւուէր Քրիստափորի յեղափոխաշունչ խօսքով, թէ՝ «պատռել է հարկաւոր աւազակապետերու գծած սահմաններով քարտէսները, որոնք աշխարհագրականօրէն մեզ իրարմէ կը բաժնեն…»:
Դաշնակցութեան հիմնադիրները իրենց յեղափոխական նպատակները տարածելու, ժողովրդականացնելու, հայութեան յեղափոխական ոգի ներարկելու համար՝ այդ օրերուն եւ հետագայ տարիներուն պիտի դիմէին ազդու երկու միջոցներու՝ մամուլին եւ կենդանի գործին : Անոնք կը հաւատային, թէ խօսքը, գաղափարը անարժէք է առանց կենդանի գործի: Որով, Կուսակցութիւնը հազիւ կազմաւորուած՝ արդէն հիմնադրուեցաւ «ԴՐՕՇԱԿ» անունով պաշտօնաթերթը 1890-91ին, Թիֆլիսի մէջ, ուր լոյս տեսաւ երկու թիւ՝ Մայիսին եւ Սեպտեմբերին: 3րդ թիւը Ռումանիա 1892ին, որմէ ետք Ժընեւ մինչեւ 1914՝ համաշխարհային պատերազմի սկիզբը: Այս ժամանակաշրջանին՝ Դրօշակի շուրջ կազմուեցաւ նաեւ Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Բիւրօ 1898ին, որով որոշ ժամանակաշրջանի համար կուսակցութիւնը ունեցաւ երկու բիւրոներ: Հոն պարբերաբար հրատարակուցաւ նաեւ ֆրանսերէն «Բրօ Արմենիա» անունով թերթ՝ օտարներ լուսաբանելու համար հայութեան պահանջներուն ու պայքարին մասին:
Տասնըմէկ տարուան դադարէ ետք Դրօշակը վերահրատարակուեցաւ Փարիզ՝ 1925-1933: Նորէն դադրեցաւ: 1969-1985՝ Պէյրութ, 1986-1999՝ Աթէնք, ապա Երեւան: Ներկայիս կը հրատարակուի տպագիր եւ ելեկտրոնիք ձեւերով: Խմբագիրներ եղած են Քրիստափոր, Ռոստոմ , Յովհան Դաւթեան, Մ. Վարանդեան, Ս. Վրացեան, Ա. Ջամալեան, Բաբգէն Փափազեան, Սարգիս Զէյթլեան, Նազարէթ Պէրպէրեան, Գէորգ Խուդինեան եւ ուրիշներ…:
Պատկերացուցէ’ք: Առաջին տարիներուն եւ երկար ժամանակ դրամ չկար, նեցուկ չկար, քաջալերանք չկար, ընդունելութիւն չկար: Ընդհակառակը: Հարուստ հայերը, նաեւ ոչ-արհամարհելի թիւով եկեղեցականներ, որոնք ազդեցութիւն ունէին ժողովրդային խաւերուն վրայ, դէմ էին յեղափոխութեան գաղափարին, ուր մնաց, որ կողմ ըլլային յեղափոխական գործին: Այնպէս որ, դաշնակցական մամուլը ապրեցաւ ու գործեց մտաւորական գործիչներու զոհաբերութեան ու ամբողջական նուիրումին շնորհիւ:
Այս աւանդութիւնը կը շարունակուի մինչեւ հիմա, անշուշտ բարելաւումով, քանի հայ կեանքն ալ բարելաւուած է: Կ՚արժէ ըսել սակայն, որ ներկայիս ալ դաշնակցական մամուլի ծառայողները կը ստանան սովորական վարձատրութիւն, իսկ մտաւորական յօդուածագիրները չեն վճարուիր: Թերեւս բացառութիւններ ըլլան, բայց ընդհանրապէս կը գրեն անվճար:
Հակառակ դրամական միջոցներու չգոյութեան ու դաժան պայմաններուն, դաշնակցական մամուլի ցանցը արագօրէն ու յամառութեամբ տարածուցաւ: Գրեթէ ամէն վայր, ուր դաշնակցական գործիչներ կային, ունեցաւ իր մամուլը: Կ՚ենթադրեմ, թէ անթերի ու ամբողջական ցանկ չկայ: Գոնէ ես չեմ գիտեր: Բայց պարզ գաղափար մը տալու համար նշեմ դաշնակցական ցանցին պատկանող կարգ մը թերթերու անուններ.
Հորիզոն՝ Թիֆլիս 1906, հիմա՝ Մոնթրէալ:
Նշանաւոր եղաւ «Ազատամարտը»՝ Պոլիս 1909-10 մինչեւ Ապրիլ 24, 1915, ապա հրատարակուեցաւ «Արդարամարտ» անունով եւ յաջորդաբար՝ «Արիամարտ»: Հետագային «Ազատամարտ»ը հրատարակուեցաւ Փարիզ, ապա Հայաստանի վերանկախացումով՝ Երեւան: Ներկայիս՝ դադրած:
«Ազդակ»՝ Կ. Պոլիս, ապա՝ 1927էն Պէյրութ: Երկար տարիներէ ի վեր Պէյրութի մէջ կը գործէ նաեւ Հ.Յ.Դ.ի պատկանող ձայնասփիւռ,
«Ալիք»՝ Թիֆիս 1906, ապա Էրզրում, հետագային եւ ցայժմ՝ Թեհրան,
«Յառաջ»՝ Պոլիս, ապա Փարիզ,
«Աշխատանք»՝ Թիֆիս, 1910-1915 տարիներուն՝ Վան, ապա՝ Իզմիր,
«Հայաստանի աշխատաւոր»՝ Երեւանի մէջ (1919-20)
«Ապառաժ»՝ Ղարաբաղ
«Վէմ»՝ գիտական-գաղափարաբանական պարբերաթերթ՝ Փարիզ, հիմա՝ Երեւան,Նշանաւոր եղած է «Հայրենիք ամսագիրը«՝ Պոսթըն, (դադրած),
«Հայրենիք օրաթերթ»՝ Պոսթըն, ներկայիս՝ շաբաթաթերթ,
«Ասպարէզ»՝ նախ Ֆրեզնօ, հիմա՝ Լոս Անճըլոս, աւելի քան մէկ դարէ ի վեր,
«Արմենիա օրաթերթ»՝ Արժանթին, հիմա՝ շաբաթաթերթ,
«Յուսաբեր»՝ Եգիպտոս,«Արեւելք»՝ Սուրիա (դադրած),
«Նոր Օր»՝ օրաթերթ՝ Աթէնք, 1923-1940 տարիներուն, ապա «Ազատ Օր»՝ 1945էն մինչեւ այսօր,
«Երկիր»՝ Երեւան, հիմա՝ «Երկիր մետիա» նաեւ հեռատեսիլ: Եւ, շա՜տ ուրիշներ…
Ի՞նչ եղաւ դաշնակցական մամուլին դերը:
Ընդհանրապէս, հայկական եւ յատկապէս դաշնակցական մամուլին դերը հնարաւոր ծաւալով ու տարողութեամբ կշռել կարենալու համար անհրաժեշտ է նախ մտաբերել, թէ անիկա ինչպիսի՞ միջավայրի մէջ կոչուած էր գործելու:
Բագրատունեաց թագաւորութեան կործանումէն (1045) մինչեւ 1918 թուականը Հայաստան չկարողացաւ վերականգնել իր պետականութիւնը եւ դարձաւ պատերազմներու թատերաբեմ՝ ներխուժող տարբեր ազգերու միջեւ, որոնք բաժան-բաժան ընելով մեր հայրենիքը երկա՜ր դարեր (873 տարի) տիրեցին անոր վրայ. արաբներ, բիւզանդացիներ, սելճուքներ, մոնկոլ-թաթարներ, թուրքեր, պարսիկներ, ռուսեր…:
Հայրենաբնակ հայ հասարակութիւնը երկար դարեր օտարներէ տիրապետուած ըլլալով՝ կորսնցուցած էր իր ազգային գիտակցութիւնը, ազատ ապրելու կամքը եւ դարձած՝ ստրկամիտ: Ընտելացած էր ան տիրապետող ազգերու արժէհամակարգին, նոյնիսկ որդեգրած զայն: Միայն եկեղեցին մնացած էր համախմբումի վայր եւ իբրեւ այդպիսին՝ մեծ ու նախախնամական եղաւ անոր դերը հայ կեանքի մէջ: Բայց եկեղեցականներէն եւ հայոց ունեւոր դասէն քիչ չէին անոնք, որոնք կամայ-ակամայ դարձած էին գործակից՝ կեղեքող օտար տիրողներուն:
Ահա այն դաժան միջավայրը, որուն մէջ կոչուած էր գործելու դաշնակցական մամուլը՝ հոն տարածելու համար յեղափոխական շունչ, յեղափոխական գաղափարներ ու ոգի:
1. Դաշնակցական մամուլին առաջին մեծ ու շնորհապարտ գործը եղաւ համախմբել, քով-քովի բերել հայ մտաւորականները եւ անոնց մտքի թռիչքին տեղ բանալ: Ատկէ ետք հայ կեանքի մէջ ամէն փոփոխութիւն, ամէն յաջողութիւն կարելի է վերագրել այս մեծ իրագործումին: Այդ մտաւորականները այնքան շատ եղան, որ Ակնունին հռետորական իր ոճով առիթով մը պոռթկաց, թէ սա մտաւորականներու համախմբում չէ, այլ ազգն իսկ է….
2. Պայքար եկեղեցականութեան, նոյնիսկ կրօնի դէմ, որպէսզի արմատախիլ ըլլայ տիրացուի հոգեբանութիւնը, տիրապետէ ազատ մտածողութիւնը, իրաւունքի գիտակցութիւնը, սեփական ճակատագրի տէր ըլլալու կամքը եւ ոչ թէ ամէն ինչ վերագրել Աստուծոյ կամքին, Աստուծոյ տնօրինումին, կեղեքողներու դէմ սպասել Աստուծոյ պատիժին եւ այլն… :
3. Ուրեմն, դաշնակցական մամուլն ու կենդանի գործը հոգեփոխեցին հայութիւնը, պայքարի ոգի ներշնչեցին, ապագայի տեսիլք տուին անոր, որոնք ի վերջոյ յանգեցան Սարդարապատին, Մայիս 28ի անկախութեան, ազգային պետականութեան:
4. Ցեղասպանութենէն ետք, գաղթական հայերուն կողմնացոյցը դարձաւ դաշնակցական մամուլը…..
5. Ճիշդ է, թէ օրաթերթ ըսուածը ամէն օր կը ծնի եւ ծնած օրն իսկ կը մեռնի: Բայց պահ մը մտածեցէ՛ք, թէ գոնէ մինչեւ 1970ական թուականները, երբ գիրերը քով-քովի կը շարուէին, որքան աչքի եւ մտածումի լոյս ու քրտինք թափուած են դժուար պայմաններու տակ, որպէսզի մտածումի լոյս տան հայ մարդոց եւ ազատութեան կամք ներշնչեն անոնց:
6. Դաշնակցական մամուլը շա՜տ շատերու համար դպրոց եղաւ: Մեր նշանաւոր գրագէտներն ու բանաստեղծները հասունցած են դաշնակցական մամուլի մէջ:
7. Իրողութիւն է, որ յատկապէս երիտասարդ ու միջին տարիքի մարդիկ ընդհանրապէս թերթ չեն կարդար ներկայիս: Անոնց համար ամէն ինչի մասին իրազեկուելու աղբիւրը բջիջայինն է (սելիւլեր): Հաստատելով հանդերձ, որ կարդացողներ շատ չեն մնացած, դաշնակցական մարմիններ նիւթական ներդրումներ ընելով կը յամառին թերթ հրատարակել, որպէսզի հայկական տունը ամէն օր հայ գիր տեսնէ եւ մեր «անկատար տենչեր»ը յիշէ…:
Կ՚ապրինք դարու մը մէջ, ուր արհեստագիտութեան (թեքնոլոժիի) գխապտոյտ պատճառող գիւտերը յեղափոխած են, ինչպէս այլ, նաե՛ւ հաղորդակցութեանց բնագաւառը՝ միաժամանակ տկարացնելով ընդհանրապէս լրատուուական դաշտի ամէնազդու նկատուած ձայնասփիւռի, նոյնիսկ հեռատեսիլի միջոցները եւ ամբողջութեամբ լուսանցքի անցուցած «դասական»ը՝ այսինքն տպագիր մամուլը:
ԵԶՐԱԿԱՑՈՒԹԻՒՆ
1) Այսօր,համաշխարհային մակարդակի վրայ մամուլը, այսինքն լրատուական դաշտը, իր բոլոր դրսեւորումներով՝ տպագիր, ձայնասփիւռի, հեռատեսիլի թէ կայքէջի ձեւերուն մէջ կը գտնուի դրամագլուխին ձեռքը եւ կը ծառայէ անոր շահերուն: Դաշնակցական մամուլը, շատ աւելի շեշտուած յատկապէս սկզբնական տարիներուն, յենած էր մտաւորական գործիչներու զոհաբերութեան եւ ամբողջական նուիրումին վրայ:
Ներկայի հայ կեանքի բարելաւ օրերուն իսկ, որքան որ հնարաւոր է , մամուլի աշխատաւոր գործիչներէն կը պահանջուի շարունակել «նուիրուածութեան» աւանդութիւնը: Անոնք կը ստանան սովորական վարձատրութիւն, իսկ յօդուածագիր մտաւորականներ չեն վարձատրուիր…:
2) Կարելի է անվարան արձանագրել, թէ գլխաւորաբար դաշնակցական մամուլին եւ Դաշնակցութեան կենդանի գործին շնորհիւն էր, որ թրքական ու ռուսական կայսրութեանց տիրապետութեան տակ տառապող ու ստրկամիտ դարձած հայ ժողովուրդի երկու հատուածները հիմնովին հոգեփոխուին: Դաշնակցութեան գրաւոր խօսքն ու քարոզչութիւնը եւ կենդանի գործը հայութեան ներարկեցին ազգային գիտակցութիւն, իրաւունքի համար պայքարելու կամք ու ազատագրումի ոգի: Այդ ոգին էր, որ վեհապետեց Սարդարապատի մէջ ու մեզ տէր դարձուց Մայիս 28-ի անկախութեան ու ազգային պետականութեան:
3) Ցեղասպանութենէն ետք, զանազան երկիրներու մէջ անճար ու շուար գաղթական հայ մարդոց ԿՈՂՄՆԱՑՈՅՑԸ հիմնականօրէն դաշնակցական մամուլը եղաւ եւ զանոնք փրկեց գնչուի պէս ապրելու ճակատագրէն: Անոնց ներարկեց վերապրումի վճռականութիւն, քաղաքական կամք, կազմակերպական ոգի, ապագայի տեսիլք եւ զանոնք միաւորեց մէկ ու նոյն նպատակով, որ «ՀԱՅ ԴԱՏ»ն է: Նոյնպէս եւ առաւեաբար դաշնակցական մամուլին եւ Դաշնակցութեան կենդանի գործին կը պարտինք, որ այսօր ունինք կազմակերպ հայօճախներ՝ հայագաղութներ այն երկիրներու մէջ, ուր հայեր կան:
4) Յատկապէս սփիւռքի մէջ, հայ իրականութեան ներկայի սուր պահանջները բաւարարելու ի վիճակի չէ հայկական, նաեւ դաշնակցական մամուլը: Կ՚ապրինք թեքնոլոժիի դարուն մէջ, ուր լրատուական դաշտին վրայ միահեծան կ՚իշխէ «social media»ն եւ ուր յայտնի չէ, թէ ո՞վ է բարեկամը եւ ո՞վ՝ թշնամին…:
Անոր դիմաց հոգեվարքի մէջ են տպագիրն ու ձայնասփիւռը: Կ’ենթադրեմ, թէ հեռու չէ այն ժամանակը, երբ հոգեվարքի պիտի մատնուի նաեւ հեռատեսիլը:
Ուրեմն, ինչպէս հիմա, նաեւ վաղը գերիշխողը պիտի մնայ «social media»ն, ընկերային ցանցը, ուր ՄԵԾ ԲԱՑԱԿԱՆ ենք մենք…: Պիտի կրնա՞նք ստեղծել հայկական մետիա, թէ ոչ (armenian media): Երիտասարդնե’ր, ատիկա ձեզմէ, ձեր սերունդէն կախում ունի….