«Դաշնակցական աւազակախումբեր»ու կողմէ սպաննուած թուրք զոհերու Կարսի յուշարձանը քանդած են

Թրքական Միլլիէթ թերթը կը հաղորդէ, որ Երկուշաբթի, 6 Օգոստոս 2018-ին Կարսի Ալփաչայ շրջանի Պիւյիւք Չաթմա գիւղին մէջ 2014-ին տեղադրուած 1915-1918 թուականներուն «Հայ Դաշնակցական աւազակախումբեր»ու կողմէ սպաննուած զոհերուն, մեծամասնութեամբ կիներ եւ մանուկներ, յիշատակին կառուցուած յուշարձանը անյայտ անձի մը կամ անձերու կողմէ յարձակումի ենթարկուած է: Յուշարձանին մարմար քարերն ու լոյսերը քանդուած են, քանդակուած անունները ջնջնուած են, եւ ոստիկանութիւնը անմիջապէս քննութեան սկսած է:

Պիւյիւք Չաթմայի գիւղապետը յայտնած է, թէ եղելութիւնը մեծ յուզում պատճառած է, ապա աւելցուցած. «Նահատակներէն ի՞նչ կ՚ուզեն, չենք հասկնար»:

Կարսի իշխանութիւնները իրագործուած յարձակումին մասին անդրադառնալով յայտնած են, թէ անյայտ անձի մը կամ անձերու կողմէ իրագործուած յարձակման առնչութեամբ հարցաքննութիւնները արդէն ընթացքի մէջ են, եւ թէ վնասուած յուշարձանին վերանորոգումը շուտով պիտի իրագործուի:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.