Դադրեցնել ազրպէյճանի Ցեղասպանական Շրջափակումը Արցախի Դէմ. Պուէնոս Այրէսի Հայութեան Բողոքի Ցոյցը

Պուէնոս Այրէսի հայ համայնքը Յունուար 23-ին ցոյց կազմակերպած է Պուէնոս Այրէսի Օպելիսգի մօտ՝ ցոյց տալու ազրպէյճանի կողմէ Արցախի Հանրապետութեան պաշարումը եւ 2022 թուականի Դեկտեմբեր 12-էն Լաչինի շրջափակման հետեւանքով Արցախի մէջ ստեղծուած մարդկայնական ճգնաժամը։ Այս մասին կը գրէ «Diario ARMENIA»-ն:

Ժամը 17:00-էն սկսեալ, Արժանթինի հայ քաղաքացիները հաւաքուած են Հանրապետութեան հրապարակ՝ Արցախի շրջափակումը դատապարտող եւ միջանցքի անյապաղ բացում պահանջող պաստառներով:

«Լաչինի միջանցքը միակ մուտքն է կենսական պաշարներու համար, ինչպէս՝ սննդամթերքը, դեղորայքը եւ ուժանիւթի միջոցները՝ հասնելու այնտեղ ապրող 120,000 հայ բնակիչներուն (ներառեալ 30,000 երեխաներ եւ 20,000 տարեցներ)», – նշած են կազմակերպիչները: Անոնց խօսքով, «ասիկա ազրպէյճանի եւ անոր նախագահ իլհամ ալիեւի եւս մէկ խաղն է՝ իրականացնելու ցեղական զտումներու ցեղասպանական նախագիծ տարածաշրջանի հայ բնակչութեան դէմ»:

«Իբրեւ Արժանթինի հայ քաղաքացիներ՝ մենք կոչ կ՝ընենք մեր երկրի ժողովուրդին եւ իշխանութիւններուն համերաշխութիւն դրսեւորելու Արցախի բնակիչներուն հետ եւ բարձրացնելու իրենց ձայնը, համապատասխան պահանջներ ներկայացնելու միջազգային կազմակերպութիւններու առջեւ, որպէսզի ազրպէյճանը դադրեցնէ անմարդկային վերաբերմունքը»,- յայտարարած են ցոյցի մասնակիցները:

«Միջազգային հանրութիւնը՝ Եւրոմիութիւնը, ՄԱԿ-ը, Մինսկի խումբը անգործութեան մատնուած են: Թէեւ թուրքիոյ հետ քարիւղի եւ կազի գործարքները կարեւոր են, դաժանօրէն պաշարուած ժողովուրդին կեանքը շատ աւելի կարեւոր է: Արժանթինի մեր կառավարութիւնը նոյնպէս պէտք է իր ձայնը լսելի դարձնէ այս առումով»,- ըսած է Ռոզիտա Եուսէֆեան:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.