Գոյժ

Խոր կսկիծով կը գուժենք բազմավաստակ, վեթերան ընկերուհի՝ Շաքէ Մինասեանի մահուան գոյժը։ Կորուստ մը՝ որ իր ետին կը թողու անփոխարինելի ներկայութեան մը անհետացման դառն իրողութիւնը։

Անկասկածօրէ՛ն, անոր ապրող ու շնչողյարատեւօրէն ներշնչի՛չներկայութիւնով մեր շարքերէն ներսիր տասնամեակներու գրական, դաստիարակչական ու կազմակերպչական անդաստաններէ ներս արգասաբեր գործունէութեան վաստակին անժխտելի կշիռովանմոռանալի արժէք էր ան։

Հարկ չկայ ըսելու, թէ իր պա՛րզ ներկայութեամբ իսկ, իր հոգեկան ու մտաւորական ամբողջական՛ էութեամբ, ընկերուհի Շաքէն կը շարունակէր ու պիտի շարունակէ մնալ անխո՛նջ հայուհիի եւ նուիրեալ Հ.Օ.Մ.-ուհիի անբասի՛ր տիպար։

Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդրոնական վարչութիւնը, իր Կեդրոնական գրասենեակի լրիւ անձնակազմով, կու գայ իր խորազգած ցաւակցութիւնը յայտնելու ընկհ. Շաքէ Մինասեանի սգակիր հարազատներուն, ընկերուհիներուն, ընկերներուն ու համայն վշտակիր պարագաներուն։

ՀԱՅ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.