ԳՈՅԺ

ՀՅԴ Արցախի կառոյցին անունով մեր խորին վշտակցութիւնը կը յայտնենք ՀՅԴ Արցախի ԿԿ-ի «Ապառաժ» պաշտօնաթերթի խմբագիր Արա Պուլուզեանի ընտանիքին, հարազատներուն եւ ընկերներուն՝ Արցախի Հանրապետութեան հարաւային շրջանի ուղղութեամբ տեղի ունեցած ծանր մարտերու ընթացքին իրենց կրած կորուստին՝ իրենց որդւոյն՝ Աւետիս Պուլուզեանի նահատակութեան համար:

Նահատակներուն սխրանքը անմահ է, անոնց անունը մեր սրտերուն մէջ է։

Յաւերժ փառք հայրենիքի պաշտպանութեան սուրբ գործին իրենց կեանքը նուիրաբերած բոլոր հայորդիներուն:

ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէ

 

Ցաւակցագիր

«Հորիզոն» շաբաթաթերթի խմբագրութիւնն ու աշխատակազմը խորին ցաւակցութիւն կը յայտնէ Արցախի մեր գործընկեր՝ «Ապառաժ» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Արա Պուլուզեանին եւ ընտանիքին, 2020 թուականի Արցախեան պատերազմին Աւետիս Պուլուզեանի նահատակութեան առիթով։

Փառք հայրենի հողը կեանքի գնով պաշտպանած բոլոր նահատակներուն։

«Հորիզոն»ի Խմբագրութիւն

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.