Գիւլիստանի արծիւը` Շահէն Մեղրեան

21 տարի առաջ, այսօր, 1993 թուականի Ապրիլ 17-ին, երբ այնքան մօտ Արցախեան Ազատամարտի ընդհանուր յաղթանակը, մարտական իր ընկերներուն հետ զոհուեցաւ Դաշնակցական հրամանատար Շահէն Մեղրեանը։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Մելիք Գարագաւորեանի խօսքը՝ արտասանուած 2015 թուականին Լիբանանի մէջ կայացած «Անմահ Մեծն Շահէնի յիշատակութեան օր» ձեռնարկի ընթացքին։

1988-ի փետրուարի արցախեան ազատագրական շարժումը համայն հայութեան համար դարձաւ համահայկական առաջնահերթ խնդիրը: Համախմբեց մեր ժողովուրդը եւ զինուորագրեց Արցախի անկախութեան դատին:

Տուեալ պայքարը ազատագրական, ինքնապաշտպանութեան, 1988-ին սկիզբ ունեցաւ որպէս Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հայ բնակչութեան շահերու պաշտպանութեան, ֆիզիքական ապահովութեան, երկրի սահմաններու անվտանգութեան պայքար: Սակայն տրուած ըլլալով, որ պատմութիւնը անքակտելի կապերով Ղարաբաղը կապած է մայր Հայաստանին, իր հարազատ միջավայրին, հայութիւնը այնտեղ ապրած է դարեր շարունակ եւ միշտ կազմած է ազգաբնակչութեան մեծագոյն մասը: Ուրեմն, բնականաբար տուեալ շարժումը պիտի դառնար ազգային ազատագրական պայքարի համայն հայութեան հիմնահարցերու համապարփակ լուծման կարեւորագոյն մէկ օղակը, որուն համար, գլխաւորաբար ՀՅԴ-ի առաջնորդութեամբ, սփիւռքի թէ հայրենիքի հայութիւնը` գիտակցելով տուեալ կենարար իրողութեան, անվերապահօրէն օժանդակեց առաջին իսկ օրէն զօրաշարժի ենթարկելով «Մէկ ազգ մէկ հայրենիք» կարգախօսին տակ նիւթական, քաղաքական, քարոզչական թէ ֆիզիքական կարողութիւնները, նախ որովհետեւ հայ ժողովուրդը խորապէս համոզուած է, որ Արցախի ազգային ազատագրական պայքարը անհերքելիօրէն Հայ դատի բաղկացուցիչ կարեւոր մէկ մասն է, ու ապա` տրուած ըլլալով, որ 1918-էն ի վեր Արցախի հայութեան պայքարը ու անոր կտրած ճամբան արդէն ապացուցած է, որ այդ պայքարը ունի համահայկական բնոյթ եւ կենսական կարեւորութիւն` Հայաստանի իսկ գոյութեան համար:

Այդ համահայկական շարժումը, Արցախի ազատագրական պայքարը եւ Հայաստանի անվտանգութիւնը պաշտպանող փաղանգին գլխաւորողներէն էր ընկ. Շահէն Մեղրեան, որ շարժման ոգին էր, ծրագրող, կազմակերպող, առաջնորդող, մարտնչող տաղանդաւոր անհատականութիւն մըն է, որուն մասին ոսկի տառերով արձանագրուած է հայոց նորագոյն պատմութեան ամէնէն փառաւոր ազատագրական հերոսական էջերուն մէջ:

Շահէն Մեղրեան Դաշնակցութեան շարքերը զինուորագրուած նոր տիպի հրամանատար էր: Իրօք, ինքն էր մշակողը յեղափոխութեան շարժման տեսութեան, ու զէնքը ձեռքին կը փոխադրուէր դիրքէ դիրք, գիւղէ գիւղ, ինչպէս որ ժամանակին Սերոբ Աղբիւրներ եւ Գէորգ Չաւուշներ ոչ մէկ ճիգ ու ժամանակ կը խնայէին հայրենիքի եւ ազգաբնակչութեան ճակատագիրը ապահովող ու վերափոխող գաղափարներու իրականացման համար:

Շահումեանի, Գետաշէնի եւ Մարտակերտի ազատագրական ամէնէն ծանր օրերուն լեռնաշխարհի ամբողջ ժողովուրդը անվերապահօրէն կը վստահէր Շահէն Մեղրեանին, անվերապահօրէն կը վստահէին իրենց զաւակներուն ճակատագիրը կապել հիւսիսային Արցախի անբասիր, խիզախ եւ հզօր անհատականութեան տէր Շահէն Մեղրեանին:

Շահէն Մեղրեան Դաշնակցութեան կը զինուորագրուէր եւ ոչ թէ կ՛անդամակցէր, քանի որ Դաշնակցութիւնը մարտնչող կուսակցութիւն էր եւ մխրճուած էր Արցախի ազատագրական պայքարի կրակներուն մէջ էր:

Թուրքերու յարձակումներէն պաշտպանուելու եւ արժանի հակահարուած տալու նպատակով ան Շահումեանի գիւղերուն մէջ կազմակերպեց ինքնապաշտպանութեան ջոկատներ: Ստեղծեց ինքնապաշտպանութեան ուժերու շրջանային շտապ: Սկիզբը շատ քիչեր գիտէին, որ ինքնապաշտպանութեան ուժերու գլխաւոր հրամանատարը ընկ. Շահէնն է:

Ինքնապաշտպանութեան ջոկատներու հրամանատարներու առաջին հաւաքին ներկաները պայքարի բոլոր տարիներուն չմոռցան Մեղրեանի իմաստուն խօսքերը:

Կը մէջբերեմ ընկերոջ խօսքը.

«Տղէ՛ք, մենք ճակատագրական ժամանակներ ենք ապրում: Պատմութիւնը մեր առջեւ դրել է առաջադրանք: Մենք պէտք է ազատագրենք մեր աշխարհը թուրքերից: Սկսուել է մեծ ազատագրական պատերազմը: Թուրքերն սպառնում են տեղահան անել մեր ժողովուրդը, եթէ շարունակենք շարժումը. նրանք սուտ են, նրանք ոչ մի բանի առաջ կանգ չեն առնի: Մենք պէտք է պատրաստ լինենք, մենք պէտք է մեր պապերի հողում ապրելու իրաւունքը նուաճենք:

«Պէտք է միաւորել ուժերը, ջոկատները, մեզ ծանր մարտեր են սպասում: Այս լեռնաշխարհը միայն մերը չէ, այլ` ամբողջ հայութեան: Մենք պէտք է կեանքի գնով պաշտպանենք մեր սուրբ հայրենիքը: Պարտաւոր ենք պաշտպանելու ուժերու գերագոյն լարումով եւ արեան գնով»:

Շահէն Մեղրեան ծնած է 3 յունուար 1952-ին, հիւսիսային Արցախի` Շահումեանի Գիւլիստան գիւղը: Աւարտած է ծննդավայրի միջնակարգ դպրոցը եւ Երեւանի պետական համալսարանի տնտեսագիտութեան բաժանմունքը: Գիւլիստանի մէջ իբրեւ տնտեսագէտ գործի կ՛անցնի շրջանի գիւղատնտեսական մեծ ձեռնարկութեան մէջ, ապա կը ստանձնէ պահածոներու գործարանի տնօրէնութիւնը: Անկէ ետք Շահէն Մեղրեան կը նշանակուի շրջանի գիւղատնտեսական արդիւնաբերական բաժանմունքի ղեկավար: 1991-ի գարնան, Շրջանային խորհուրդի գործադիր կոմիտէի նախագահութեան առընթեր, շրջանի ինքնապաշտպանութեան ուժերու գլխաւոր հրամանատար է:

Հետաքրքրական դրուագ մը` Շահէն Մեղրեանի երիտասարդական տարիներէն: Ան գիւղ վերադարձին, երբ կը ստանձնէ իր պաշտօնը իբրեւ գործարանի պատասխանատու, առիթով մը Շահումեան կ՛այցելեն Պաքուէն ազերի գործարար եւ իշխանամէտ խմբակ մը, որոնց հետ ընկ. Շահէն պատուիրակութեամբ մը կը մեկնի Պուլկարիա, ուր տուեալ պատուիրակութիւնը ընկ. Շահէնին հետ կը նկարուի զօրավար Անդրանիկի արձանին մօտ: Պատուիրակութեան Պաքու վերադարձին, երկիրի իշխանութիւնները կը դիմեն եւ կը բողոքեն Շահումեանի Համայնավար կուսակցութեան մօտ` պատժելու համար Շահէնը:

Առաջին քարտուղարը օր մը զայն կը կանչէ իր մօտ եւ կ՛ըսէ. «Պատմի՛ր, Շահէ՛ն, ի՞նչ էս արել թուրքերին, ինչո՞ւ էս նկարուել Անդրանիկի արձանին մօտ թուրքերի հետ»:

Ընկ. Շահէնը կ՛ըսէ. «Արեցի որպէս լաւ օրերի յուշ` մեր միջեւ»:

Մինչ այդ Պաքուի իշխանութիւնները կատղած կը հեռագրեն, որ անպայման պէտք է պատժել դաշնակ Շահէնը եւ արտաքսել Շահումեանէն:

Երեւակայեցէ՛ք շարժումէն 10 տարի առաջ, 1977-78, այսինքն երբ դեռ չկար Դաշնակցութիւն Շահումեանի մէջ: Բայց կար դաշնակ Շահէնը, Գիւլիստանի արծիւը, եւ իբրեւ այդպիսին կը գործէր յանուն արցախահայութեան եւ շահումեանցիներու արժանապատուութեան եւ գոյատեւման:

Շահումեանի եւ Գետաշէնի կռիւները սկսան 1990-ի սկիզբը, չափազանց անհաւասար պայմաններու մէջ. ազրպէյճանցիները յաջողեցան ստանալ օրին Խորհրդային Միութեան շրջանին մէջ տեղակայուած կառոյցներուն աջակցութիւնը:

Ազրպէյճանցիները օրին ռուսերը համոզած էին, որ Շահումեանի եւ Գետաշէնի մէջ գոյութիւն ունեցող բոլոր ֆետայիները պէտք էր «մաքրել»:

Օրին ռուսական զինուորական 23-րդ տիւիզեան 50 հրասայլ տրամադրեց ազրպէյճանցիներուն, ինչպէս նաեւ` մեծ քանակութեամբ զէնք եւ զինամթերք. այս ձեւով ազրպէյճանցիները ունեցան ջախջախիչ առաւելութիւն: Ռուսական բանակի աջակցութեամբ ազրպէյճանցիներու լայնածաւալ յարձակումը այլեւս անխուսափելի էր: Ընդհանուր յարձակման կը մասնակցէր 50 հրասայլ, 150 միաւոր զրահապատ, մօտ 7000 հետեւազօրք` Շահումեանի, Մարտակերտի եւ Ասկերանի ուղղութեամբ:

Օրին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը Ազրպէյճանի յարձակման լուրը ստացաւ, երբ Ռիօ Տէ Ժաներոյի մէջ միջազգային բնապահպանութեան գիտաժողովի կը մասնակցէր, եւ Հայաստանի իր պաշտօնեաները Երեւանի մէջ ազգը մաշեցնող ներքաղաքական եւ կուսակցական պայքարներով կը զբաղէին:

Ահա այս պայմաններուն տակ ինկաւ Շահումեանը:

Սակայն Գիւլիստանի արծիւը` Շահէն Մեղրեան եւ իր մարտական ընկերները աննկարագրելի հերոսութեամբ կռիւ մղեցին:

1991 թուականին մայիսի առաջին օրերուն ինկաւ Գետաշէնը ռուսական հրասայլերուն տակ:

1991 սեպտեմբերին Շահումեանի ջոկատները,  ընկ. Շահէնի գլխաւորութեամբ, Վերիշէնի մատոյցներուն կանգնեցուցին ռուսական հրասայլերը, փակեցին ճանապարհը դէպի Արցախի խորքը: Հրասայլերու դէմ յամառօրէն կը մարտնչէին մեր տղաները` Շահէնի հրամանատարութեամբ:

Ազատագրական այդ դաժան պայմաններուն մէջ ի լուր աշխարհին, «Մետրոպոլիս եւ Էքսփրես» արտասահմանեան լրատու գործակալութիւններու թղթակիցներու հարցումներուն պատասխանելով` ընկ. Շահէն Մեղրեան կ՛ըսէր. «Եթէ ռուսական հրասայլերը շարունակեն շարժուել մեր գիւղերի վրայ, ապա ռուս մայրերն իրենց զինուոր որդիներին կը դիմաւորեն ջինկէ դագաղներում: Մենք թոյլ չենք տայ»:

1991 թուականի վերջերը հայդուկապետին ջոկատները ազատագրեցին Բուզլուխ, Մանաշիտ եւ Էրքեչ գիւղերը: Ատիկա կարեւոր իրադարձութիւն էր. առաջին անգամ ըլլալով կ՛ազատագրուէին թուրքերու կողմէ գրաւուած գիւղերը:

Մինչ այդ մարտնչող Արցախի մէջ տեղի կ՛ունենային պատմական իրադարձութիւններ, ժողովուրդը հանրաքուէով անվերապահօրէն կ՛արտայայտուէր ի նպաստ Արցախի անկախութեան:

Կը կազմաւորուէր Արցախի Հանրապետութիւնը, որուն մաս կը կազմէր Շահումեանի շրջանը:

Իսկ 1991 դեկտեմբերին տեղի կ՛ունենային Գերագոյն խորհուրդի ընտրութիւնները: Շահումեանի շրջանէն կ՛ընտրուէր Շահէն Մեղրեանը,  որ մէկ կողմէ կը մարտնչէր ամբողջ լեռնաշխարհը ազատագրելու, իսկ միւս կողմէ` կը պատրաստուէր շրջանի ընկերաքաղաքական կարիքները ապահովելու աշխատանքին:

Սակայն հասաւ 1992-ի դաժան ամառը:

Փուլ եկած էր Խորհրդային Միութիւնը:

Ազրպէյճանական բանակը ռուսական հրասայլերով եւ այլ ազգի վարձկաններով մտաւ Շահումեան եւ Մարտակերտ:

Չափազանց համեստ կարողութեամբ օժտուած ինքնապաշտպանութեան ջոկատները խիստ դժուարութեան մէջ էին: Շահէնի տղաները յամառ մարտերով կրցան ժողովուրդը փրկել վերջնական ողբերգութենէն. քանի մը տասնեակ հազար մարդ, մերկ ու սոված, անտառներու եւ լեռներու ճամբով հասաւ Ստեփանակերտ եւ ապա` Հայաստան:

Սակայն Գիւլիստանի արծիւին աննկուն կամքին համաձայն, ան յայտարարեց հետեւեալը. «Շահումեանը զաւթուած է, բայց չէ պարտուած: Մենք կ՛ազատագրենք մեր հայրենիքը արեան գնով»:

Այդ օրերուն ահաւոր էր մթնոլորտը` խուճապ, վախ, անորոշութիւն, գաղթականութիւն:

Այդ օրերուն առասպելական ընկ. Շահէնը կատարեց յանդուգն քայլ մը, հաւաքեց իր մարտական ընկերները եւ ուղղաթիռներով վերադարձաւ Շահումեանի անտառները` կազմակերպելու հայդուկային կռիւները:

Կարդամ ձեզի ընկ. Շահէնին գրած նամակներէն մէկը` հայդուկային մարտերու ժամանակ, ուղղուած հանգուցեալ ընկեր Վահան Յովհաննիսեանին:

«Վահա՛ն ջան, թուրքերը երեւում են Շահումեանում, լուրջ դիմադրութիւն են ցոյց տալու: Երէկ Գիւլիստանը գրաւելուց մէկ ժամ յետոյ օգնութեան հասաւ հարիւրից աւել թուրքերից բաղկացած ջոկատը: Մենք չունենք փոխադրամիջոցներ, կապը սարսափելի է, տղաները հալից ընկնում են երկարատեւ տեղափոխումներից:

«Վահա՛ն ջան, մեզ հարկաւոր է յառաջիկայ 4-5 օրում 100 մարդ, 15 հատ ձեռքի ռացիա, գոնէ մէկ բժիշկ, 5 հատ ձի, որոշ քանակութեամբ սնունդ` մարտական առաջադրանքի մեկնողների համար, քնապարկեր` 100 հատ, եւ վերջապէս` տղամարդկային մօտեցում ընկերների ազգային, ընկերային եւ ընտանեկան կարիքներին համար: Ձեր` Շահէն Մեղրեան»:

Ընկեր հայդուկապետը համոզուած էր, որ զինք առանձին չեն ձգեր այդ դաժան մարտերու ժամուն:

Կը պատկերացնէք, չէ՞, որ մէկ կողմէ ափ մը յանդուգն տղաներ, միւս կողմէ` ամբողջ ազրպէյճանական պետութիւնը հրասայլերով, զրահամեքենաներով, կանոնաւոր բանակով` ընդդէմ ընկեր Շահէնի կազմակերպած հայդուկային կռիւներուն:

Ահաւասիկ պատճառը, թէ ինչո՛ւ առասպելական էր ընկ. Շահէնը:

Շահումեանի եղնիկները ազատագրեցին գիւղերուն մեծ մասը, պատճառեցին շատ մեծ կորուստ թուրքերուն, հասան մինչեւ Գիւլիստան. Շահէնի երազը մասամբ մը իրականացաւ:

1993-ին ազատամարտիկները Շահումեանի եւ Մարտակերտի գիւղերը մէկ-մէկ ազատագրեցին, հասան մինչեւ Քելբաջար, հասան եւ դուրս շպրտեցին հոնկէ:

Մինչ այդ կռիւները Շահումեանի մէջ կը շարունակուին, եւ ամբողջ աշխարհը կը հետեւէր տղաներուն հայդուկային կռիւներուն:

Սակայն պատահեցաւ այդ մեծ ողբերգութիւնը:

1993-ի ապրիլ 17-ին, երբ այնքան մօտ էր ընդհանուր յաղթանակը, մարտական խումբ մը ընկերներու հետ զոհուեցաւ Շահէն Մեղրեանը, երբ ուղղաթիռը թշնամիին հրթիռէն զարնուեցաւ կապոյտ երկինքին մէջ:

Շահէն Մեղրեան ընդամէնը ապրեցաւ 41 տարի. բայց ի՜նչ տարիներ էին, հարուստ սխրագործութիւններով եւ հերոսութիւններով:

Երազն էր միաւորուած տեսնել Շահումեանը մայր հայրենիքին, ազատագրել Արցախը, միաւորուած տեսնել հայ ժողովուրդը իրարու կապող  Մռաւ լեռը, Սիփանը ու Արարատը:

Կարդամ ձեզի Շահէն Մեղրեանի վերջին նամակը` իր հարազատներուն.-

«Բարե՛ւ ձեզ, իմ սիրելի բալիկներ,

«Հայրիկը շատ լաւ է զգում իրեն, միայն թէ շատ է կարօտում ձեզ: Մեզ մօտ ամէն ինչ նորմալ է: Շուտով կը սկսենք աշխատել հայրենիքի ազատագրութեան ուղղութեամբ: Հիմա գործում ենք Մարտակերտի շրջանում: Գարնանն անպայման դպրոց էք յաճախելու, դրա համար պէտք են ամէնօրեայ պարապմունքներ: Լուսինէ ու Լիլիթ ջան, օգնեցէք Զինաւորին, մամային լսէք, ապային եւ այային մի՛ մոռացէք: Շուտով կը հանդիպենք: Ձեր` Շահէն Մեղրեան»:

Այս նամակին մէջ ընկեր Շահէն կը յիշէ բոլորը, կը պատուիրէ աղջիկներուն, որ ուշադիր ըլլան իրենց եղբօր նկատմամբ, որովհետեւ ան տան փոքրն էր եւ բարութեան ու առաքինութեան օրինակ էր բոլորին համար:

Շահէն Մեղրեան Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան անդամ էր:

Հայ ժողովուրդը հպարտանալու իրաւունք ունի:

Դաշնակցութիւնը նաեւ հպարտանալու իրաւունք ունի, որ իր շարքերէն ներս այդպիսի քաջեր կան:

Շահէն Մեղրեան 24 հոկտեմբեր 2014-ին արժանացաւ «Արցախի հերոս» կոչումին:

Ի դէպ, Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը հպարտանալու իրաւունք ունի եւ արդարացի է, որովհետեւ, յիշեցման կարգով, Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Բիւրոյի ներկայացուցիչ ընկերը իր վերջին հարցազրոյցներէն մէկուն ընթացքին կը վերյիշեցնէր անհերքելի որոշ իրողութիւններ, որ`

Արցախի առաջին խորհրդարանի նախագահը դաշնակցական էր,

Արցախի Հանրապետութեան առաջին նախագահը դաշնակցական էր,

Բանակի առաջին հրամանատարը դաշնակցական էր,

Կանոնաւոր զինուորական առաջին գումարտակը դաշնակցական էր,

Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան շարքերէն այդ կռիւներուն զոհուած են աւելի քան 300 կուսակցական ընկերներ` Վարդան, Վիգէն, Նորիկ, Տուշման, Բեկոր, Սիմոն, Մերուժան, Մհեր, Աբօ, Արթուր եւ ուրիշներ:

Այսօր հաւաքուած ենք դարձեալ վերյիշելու Գիւլիստանի արծիւը` ընկ. Շահէն Մեղրեանը, յարգանքի տուրք մատուցելու իր անսակարկ նուիրումին:

Սակայն լաւագոյն ձեւը այդ բոլորը կատարելու` ընկեր Շահէնի գործը շարունակելն է: Ճիշդ է` Արցախը անկախ է, ազատ է, բայց տակաւին ամբողջ սահմանին վրայ, օրական, թուրքերը կը խախտեն զինադադարը, մեր սահմանապահ զինուորները կը պաշտպանեն մեր սրբազան դիրքերը խրամատներուն մէջ:

Անոնք կը պաշտպանեն նաեւ Հայաստանի գոյութիւնը, որովհետեւ առանց Արցախի անառիկ լեռներուն` Հայաստանը դիւրաբեկ է: Անոնք կը պաշտպանեն մեր արժանապատուութիւնը, մեր ազգը:

Մենք ազգովին պէտք է աշխատինք, որպէսզի հիւսիսային Արցախի գրաւեալ շրջանները` Շահումեանի, Գետաշէնի եւ Մարտունաշէնի ազատագրումը մեր սերունդին հիմնական օրակարգը ըլլայ:

Մենք պէտք է ազգովին աշխատինք, որպէսզի Արցախի հարցի լուծման ներկայ փուլին բանակցային գործընթացին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը լիիրաւ մասնակցի:

Տակաւին շատ ընելիք ունինք այսօր, մանաւանդ` լիբանանահայ երիտասարդութիւնը:

Սիրելի ԼԵՄ-ական ընկերներ, դաշտը ձեզի է. ոտքի ելէ՛ք, ոտքի հանեցէ՛ք նաեւ ձեր շրջապատը, ձեր գաղափարական, կարգապահական եւ մարտական ոգիով խանդավառեցէ՛ք երիտասարդութիւնը, տուէ՛ք իրենց հորիզոն, ընկ. Շահէնի շունչը եւ երազը բացատրեցէ՛ք: Անորոշութեան եւ պարապութեան մէջ գտնուող երիտասարդութիւնը դուք պէ՛տք է տոգորէք, պէ՛տք է համոզէք եւ պէ՛տք է ուղղէք զիրենք դէպի Հայաստան, Արցախ, Ջաւախք, Նախիջեւան եւ Արեւմտահայաստան:

Դո՛ւք, ԼԵՄ-ականներդ, պիտի չտկարանաք աշխարհաքաղաքական, մեծապետական խաղերէն եւ կացութիւններէն, պիտի չտկարանաք արդի ժամանակներու համաշխարհայնացման կեղծ արժէքներէն, որոնք կ՛այլասերեն, կ՛ապազգայնացնեն, կ՛ապաքաղաքականացնեն պահանջատէր ժողովուրդներ, դո՛ւք պիտի շպրտէք այս կեղծ արժեչափերը:

Դո՛ւք պիտի զինուորագրուիք ժողովուրդներու արդար իրաւունքներու վերականգնման աշխատանքին եւ ժողովուրդներու համերաշխ համակեցութեան երաշխիքներու ապահովման գործընթացին:

Մենք` իբրեւ հաւաքականութիւն եւ լիբանանահայութիւն, մեր դերակատարութիւնը պէտք չէ միայն սահմանուած ըլլայ զօրակցական կոչերով կամ ընկերային ցանցերու վրայ կատարուող բանավէճերով` հայկական իրականութիւնը յուզող ցանկացած երեւոյթներու գծով:

Մենք` իբրեւ լիբանանահայութիւն եւ իբրեւ գործօն երիտասարդութիւն, պէտք է ուղղակի մասնակից ըլլանք Հայաստանի պետականաշինութեան, տնտեսութեան զարգացման, զոյգ հանրապետութեանց սահմաններու անվտանգութեան:

Մենք պէտք է ուղղակի մասնակից ըլլանք Արցախի վերաբնակեցման աշխատանքին:

Միայն այդ պարագային պիտի հանգչին նահատակուած մեր բոլոր առասպելական Շահէնները:

Միայն այդ պարագային պիտի հանգչին Եռաբլուրին վրայ ննջող մեր բոլոր ազատամարտիկները:

Comments are closed.