Գերմանիոյ Քէօլն քաղաքին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակին Խաչքարը Զայրացուցած է Քաղաքի Թուրքերը

Գերմանիոյ Քէօլն քաղաքին մէջ, Նոյեմբեր 18-ին, տեղւոյն հայ համայնքին նախաձեռնութեամբ, զետեղուած է խաչքար մը` ի յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն: Խաչքարը օծուած է ձեռամբ Գերմանիոյ Հայ առաքելական եկե- ղեցւոյ առաջնորդական փոխանորդ Սերովբէ վրդ. Իսախանեանի: Խաչքարը բարձրացուած է Ս. Փեթերզպուրկէն հայ բարերար Հրաչեայ Պօղոսեանի միջոցներով: Այս մասին կը հաղորդէ Ֆրանսայի «Նոր Յառաջ»-ը։

Խաչքարի զետեղումը մեծ զայրոյթ պատճառած է քաղաքի թուրք համայնքին, որուն ներկայացուցիչը՝ Լեւենթ Թաշքըրան, թուրք մամուլին յայտնած է, որ տեղւոյն 32 թրքական միութիւններէն բաղկացած յատուկ նախաձեռնութիւնը՝ օրին այս նիւթով հանդիպումներ ունեցած է Քէօլնի քաղաքապետարանին հետ եւ հետեւած իրադարձութիւններու զարգացման: Բայց եւ այնպէս, հակառակ թրքական համայնքին ջանքերուն` յուշարձանը բարձրացուած է:

«Քէօլնի մէջ, ուր 100 հազարէ աւելի Թուրք կ՚ապրի, այդպիսի յուշարձանի բարձրացումը ներքին խաղաղութիւնը խաթարող քայլ կ՚որակենք։ Մենք քաղաքապետարանին այս որոշումը չենք ընդունիր եւ զայն կը համարենք հակաժո- ղովրդական»,- ըսած է ան:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.