Գանատայի Օնթարիօ նահանգի խորհրդարանի նախկին խօսնակ Տէյվիտ Ուորնըր այցելեց Արցախ

Գանատայի Օնթարիօ նահանգի խորհրդարանի նախկին խօսնակ, Գանատայի նախկին պատգամաւորներու Միութեան ատենապետ, Հայ Դատի երկարամեայ պաշտպան եւ հայազգի ջերմ բարեկամ Տէյվիտ Ուորնըրը ճանաչողական միօրեայ այցով Արցախ կը գտնուէր՝ Գանատայի Հայ Դատի գրասենեակի անմիջական նախաձեռնութեամբ:

Գանատացի հիւրին կ’ուղեկցէր Գանատայի Հայ Դատի գրասենեակի գործադիր տնօրէն Սեւակ Պէլեանը:

Նախ Տէյվիտ Ուորնըրը հանդիպում ունեցած է ԱՀ ԱԳՆ նախարար Մասիս Մայիլեանի հետ՝ Արցախի հիմնահարցի կարգաւորման վերաբերեալ Արցախի իշխանություններուն դիրքորոշման ծանօթանալու համար:

Այնուհետեւ Տ. Ուորնըր ընդունուած է ԱՀ Ազգային ժողովի փոխնախագահ Վահրամ Բալայեանի կողմէ:

Հանդիպման ներկայ էին ԱՀ ԱԺ պատգամաւոր Լեռնիկ Յովհաննիսեանը եւ «Արցախ» պատգամաւորական խումբի անդամ Համլետ Գրիգորեանը:

Վահրամ Բալայեան իր խօսքին մէջ ողջունած է Գանատայէն ժամանած հիւրը, նշելով որ Արցախ այցելելով՝ կ’ամբողջացնէ մեր բարեկամներու շարքը.

«Քաղաքագէտ աշխարհը պէտք է գիտակցի, որ Արցախը Արեւելքի քրիստոնէական եւ ժողովրդավարական կղզեակն է: Յոյսով ենք, որ հայգանատական բարեկամութեան ամրապնդման գործընթացին մէջ ձեր գործադրած ջանքերը այսուհետեւ նոր լիցք կը ստանան», իր խօսքին մէջ նշած է Վահրամ Բալայեանը:

«Ինծի համար պատիւ է Արցախ գտնուիլը: Արցախի անցած ճանապարհը եւ հաստատուած ժողովրդավարութեան ամուր հիմքերը գովելի են: Գանատան Արցախէն շատ բան ունի սորվելիք,- Վահրամ Բալայեանի խօսքին ի պատասխան նշած է Տ. Ուորնըրը եւ անդրադարձեր Արցախի հիմնահարցին,- միջազգային հանրութիւնը պէտք է երաշխաւորէ Արցախի ժողովուրդին անվտանգութիւնը եւ սաստէ Ատրպէյճանը»:

Տէյվիտ Ուորնըրի ճանաչողական այցը եզրափակուած է Ստեփանակերտի ՀՅԴ «Նիկոլ Դուման» կեդրոնին մէջ՝ ՀՅԴ Արցախի ԿԿ անդամներու հետ հանդիպումով:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.