Գանատահայ Շամլեան ընտանիքի Շուշիի «Արամ Մանուկեան Ճամբար»ը կը թեւակոխէ իր 13-րդ տարին

Անցնող 12 տարիներուն յաջորդաբար, ամէն ամառ, գանատահայ Հայդուկ, Այտա, Տեսիլ եւ Պատրոյգ Շամլեանները, Արցախի Շուշի քաղաքին մէջ կը վարեն «Արամ Մանուկեան Ճամբար»-ը:

Ամառնային այս ճամբարին կը մասնակցին Շուշիէն եւ մերձակայ բնակավայրերէն 450-է աւելի երեխաներ, որոնց սպասարկող անձնակազմի թիւը աւելի քան 25 է։

Ճամբարի օրակարգը հետեւեալն է. Առաւօտեան` նախաճաշ, որմէ ետք ճամբարականները  «Հայր Մեր» կ՛աղօթեն եւ Հայաստանի ու Արցախի քայլերգները կ՛երգեն: Ապա  խումբերը փոխն ի փոխ զանազան պահեր կ՛ունենան, որոնց ընթացքին ազգային եւ հայրենասիրական պատգամ մը փոխանցող ձեռարուեստի գործեր կը պատրաստեն, գիտական փորձարկումներ կը կատարեն, ձեռակերտ խաղալիքներ կը պատրաստեն, մշակութային արտայայտութեամբ կը զբաղին (երգ, ասմունք, հեքիաթ, ֆիլմ) եւ խմբային խաղեր կը խաղան:

Ճամբարի օրակարգին մէջ պարբերաբար կ՛ընդգրկուին դասախօսութիւններ եւ այլ դաստիարակչական ձեռնարկներ. օրինակ` տարբեր ծառայութիւններու կողմէ այցելութիւններ, երեխաներուն զանազան տեսակի ապահովական կանոններ բացատրելու նպատակով (հրդեհներու կանխարգիլման միջոցներ, ականներէ զգուշացման միջոցներ, երկրաշարժի պարագային դիմելիք միջոցներ եւ այլն):

Ճամբարի բազմաբնոյթ ծախսերը, ներառեալ ճամբարի մասնակից երեխաներու ամենօրեայ սնունդը կը հոգայ Շամլեան ընտանիքը, իսկ ճամբարը՝ Շուշիի «Նարեկացի Արուեստի Միութեան» կեդրոնը կը տրամադրուի ամերիկահայ Յարութիւնեան եղբայրներուն կողմէ։

Նկարները կը ներկայացնեն ճամբարի նախապատրաստական աշխատանքները։ Ճամբարը կը սկսի յառաջիկայ շաբաթ։

Շուշիի «Արամ Մանուկեան Ճամբար»ին աջակեցելու համար կապուիլ այս հասցէին contact@shoushisummercamp.org

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.